Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդէն Հեռացնելու Մասին Յայտարարութիւնը Անհեթեթ Է» Կ՛ըսէ Զախարովա

March 4, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն հեռացնելու մասին յայտարարութիւնները անհեթեթ են: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին «Սոլովիով Լայվ» «Եութիուպ»-ի եթերէն յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լիզ Թրաս նախապէս Ուքրանիոյ մէջ զինուորական գործողութեան պատճառով Ռուսիոյ իշխանութիւնները մեղադրած էր միջազգային օրէնքի խախտման յանցանքով եւ կոչ ուղղած էր միջազգային ասպարէզին մէջ մեկուսացնելու Ռուսիան:

«Եթէ մենք սկսինք իւրաքանչիւր խենթ յայտարարութիւն մեկնաբանել, ապա ստիպուած պիտի ըլլանք միայն ատով զբաղելու: Արեւմուտքը պիտի շարունակէ անհեթեթ յայտարարութիւններ ընել եւ պիտի փորձէ վախցնել», նշած է Զախարովա:

Անոր համաձայն, Արեւմուտքի մէջ շատոնց հրաժարած են հետեւիլ իրաւական ուղիին, եւ իրենց քայլերը հիմնուած չեն իրաւունքի վրայ:

«Մոսկուան կը փորձէր կանխարգիլել Ուքրանիոյ շուրջ իրադարձութիւններու զարգացումը, սակայն Արեւմուտքը կը նախընտրէ ատիկա չնկատել եւ հիմա կը մոռնայ իր պատասխանատուութեան մասին: Ռուսիան չի հրաժարիր Արեւմուտքի հետ տնտեսական համագործակցութենէն, սակայն շեշտը պիտի դրուի եւրասիական ուղղութեան վրայ», աւելցուցած է ան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը վստահ է, որ պատժամիջոցներու պայմաններուն մէջ պիտի բացուին ներքին նոր կարելիութիւններ, որոնցմէ պէտք է օգտուիլ:

Ան աւելցուցած է, որ ներկայ փուլին պատժամիջոցներու տեւողութեան վերաբերեալ կանխատեսումներ ընելը դժուար է, սակայն «տակաւին բնական հուն վերադառնալու առիթ կայ»:

Զախարովա ընդգծած է, որ ռուսական առեւտրական մարզը պէտք չէ վհատի, որովհետեւ ճգնաժամային բեմագրութիւնը արդէն մշակուած է համաճարակի ժամանակ:

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ Ռուսական Քարիւղէն Կախեալութիւնը Կրճատելու Միջոցներ Կը Փնտռեն

Յաջորդը

«Կը Գնահատենք Թուրքիոյ` Նեղուցներուն Վերաբերեալ Մոնթրէոյի Հռչակագիրին Նկատմամբ Յանձնառութիւնը» Կ՛ըսէ Անգարայի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.