Ուքրանիոյ ճգնաժամի լուծումը կարելի է, եթէ Քիեւ գործնական կերպով ձեռնարկէ Տոնպասի հանրապետութիւններու լայն ինքնավարութեան ճանաչման քայլերու` Մինսքի համաձայնութիւններուն համապատասխան: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին այս մասին յայտնած է Եւրոպական խորհրդարանի ֆրանսացի անդամ, Եւրոպական խորհրդարանի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան յանձնախումբի անդամ Հերվէ Ժիւենը:
«Ակնյայտ է, որ խաղաղ լուծումը կարելի է Քիեւի արեւելեան շրջաններու ինքնավարութիւնը ճանչնալու արագ համաձայնութեան միջոցով», ըսած է ան:
Ժիւեն ափսոսանք յայտնած է, որ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւնները ճանչնալու` Ռուսիոյ որոշումը «կասկածի տակ դրաւ Մինսքի համաձայնութիւններու ծիրին մէջ ատոր հոլովոյթը», սակայն նշած է, որ տագնապի գրեթէ 8 տարուան ընթացքին Ուքրանիոյ իշխանութիւնները չեն կատարած իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները:
«Անոնք հաստատած են ռուսերէնի գործածութեան սահմանափակումներ, ներառեալ կրթութեան համակարգի եւ զանգուածային լրատուամիջոցներուն մէջ», ըսած է Ժիւեն` նշելով, որ Մինսքի համաձայնութիւնները նաեւ կը նախատեսեն հանրապետութիւններուն լայն ինքնավարութեան տրամադրում: «Մինսքի համաձայնութիւններու արձանագրութեան վերադարձը Ուքրանիոյ իշխանութիւններուն կողմէ լուրջ փոփոխութիւններ պիտի պահանջէ»:


