Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը թեր քուէարկեց Ուքրանիոյ 13,6 միլիառ տոլարի ելեւմտական օգնութեան տրամադրման: Այդ գումարին շուրջ 6,5 միլիառը կը նախատեսուի յատկացնել Փենթակոնին` Ուքրանիոյ զինուորական օգնութիւն առաքելու համար, իսկ մնացեալը մարդասիրական ու տնտեսական օգնութեան նպատակով պիտի յատկացուի այլ նախարարութիւններու:
Այժմ թղթածրարը պէտք է հաստատուի Ծերակոյտին կողմէ, որմէ ետք պիտի ուղարկուի նախագահ Ճօ Պայտընին: Սպիտակ տունը չորեքշաբթի օր յայտարարած էր, որ Պայտըն պիտի ստորագրէ նախաձեռնութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քուլեպայի հետ: Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս յայտնած է, որ զրուցակիցները քննարկած են Ուքրանիոյ լրացուցիչ օգնութիւն եւ մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու հարցը, նաեւ պատերազմը դադրեցնելու շարունակական դիւանագիտական ջանքերը: Պլինքըն վերահաստատած է աջակցութիւնը Ուքրանիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ:
Ներկայացուցիչներու տունը նաեւ թեր քուէարկեց Ռուսիայէն քարիւղի եւ ուժանիւթի ներածումը արգիլող օրինագիծին: Օրինագիծը որդեգրուեցաւ 414 թեր եւ 17 դէմ քուէներով:
Բացի ուժանիւթի ներածման արգելքէն, օրինագիծը կը նախատեսէ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու առեւտրական ներկայացուցիչին կոչ ուղղել Ռուսիոյ առեւտրական զիջումներու վերանայման եւ այդ կազմակերպութեան մէջ Ռուսիոյ անդամակցութեան կասեցման նախաձեռնելու:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն 8 մարտին յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛արգիլեն Ռուսիայէն ուժանիւթի ներածումը:


