Անթալիոյ դիւանագիտական համախմբումին պիտի քննարկուի նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող կացութիւնը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին համախմբումի բացման ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու:
Սակայն թրքական դիւանագիտութեան պետը չէ նշած, թէ քննարկումները ի՛նչ ձեւաչափով տեղի պիտի ունենան:
Համախմբումին կը մասնակցին նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները:


