Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քալըն Հաւանական Կը Նկատէ Փութինի Եւ Զելենսքիի Հանդիպումը

March 12, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարած է, որ հաւանաբար Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինն ու Վոլոտիմիր Զելենսքին մօտիկ ապագային հանդիպին: Այս մասին հաղորդեց «Սփութնիք Արմենիա»-ն:

Ան նշած է, որ զինուորական գործողութիւններու մեկնարկէն ի վեր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան քանի մը անգամ հեռաձայնով խօսած է իր ռուս եւ ուքրանացի պաշտօնակիցներուն հետ, եւ Անգարան կը ձգտի աշխուժ դեր խաղալ բանակցութիւններու կազմակերպման մէջ:

«Ուքրանական կողմը կ’ուզէ ռուս պաշտօնակիցին հետ ռազմավարական մակարդակի հանդիպումներ ունենալ: Եթէ անկեղծ ըլլանք, չեմ գիտեր` ատիկա ե՛րբ պիտի ըլլայ, չեմ գիտեր, թէ Ռուսիան ե՛րբ ինքզինք բաւարար հանգիստ պիտի զգայ, որպէսզի այդպիսի բանակցութիւններու սկսի: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ըսաւ, որ նախագահ Փութին չի խուսափիր Զելենսքիի հետ հանդիպումէն: Ես ասիկա լաւ նշան կը նկատեմ: Հիմք կայ մտածելու, որ մօտիկ ապագային այդ հանդիպումը պիտի ըլլայ», «Սոլ Թի.Վի.»-ն կը մէջբերէ Քալընի ըսածը:

Ան նշած է, որ հանդիպումը ուշ կամ կանուխ պիտի ըլլայ, սակայն Թուրքիան պիտի շարունակէ բանակցութիւնները դիւրացնող դեր կատարել: «Այս պատերազմին վերջ տալու վերջնական որոշումը Փութինինն է: Ի վերջոյ, Վլատիմիր Փութինն է այն մարդը, որ այս հարցին մէջ վերջնական խօսք պիտի ըսէ», աւելցուցած է Քալըն:

Ան նաեւ ըսած է. «Այս պահուն մենք չենք ծրագրեր Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատել: Անգարան կ’ուզէ բաց պահել վստահութեան խողովակը: Եւ, ի հարկէ, մենք չենք ուզեր, որ մեր տնտեսութիւնը վնասուի»:

«Սփութնիք Արմենիա» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով իր կարգին յայտնած է. «Ոչ ոք կը բացառէ Փութինի եւ Զելենսքիի հանդիպումին կարելիութիւնը: Այո՛, ատիկա իսկապէս հաւանական է: Սակայն նախ թէ՛ պատուիրակութիւնները, թէ՛ նախարարները պէտք է աշխատանքի իրենց մասը կատարեն, որպէսզի նախագահները չհանդիպին յանուն գործընթացի եւ յանուն խօսակցութեան, այլ հանդիպին յանուն արդիւնքի»:

Անոր համաձայն` ռուսական կողմի դիրքորոշումները յայտնի են, անոնք յստակ ձեւակերպուած են եւ փոխանցուած են ուքրանացի բանակցողներուն: «Մենք կը սպասենք պատասխան ձեւակերպումներուն», ընդգծած է Փեսքով:

Ֆինլանտայի նախագահական պալատը յայտարարեց, որ Ֆինլանտայի նախագահ Սաոլի Նինիսթօ Փութինին յայտնած է անոր հետ ուղղակի բանակցելու Զելենսքիի պատրաստակամութիւնը:

 

 

Նախորդը

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Ցուցադրեց Տոնպասի Վրայ Յարձակելու Քիեւի Ծրագիրը Հաւաստող Փաստաթուղթեր

Յաջորդը

Անթալիոյ Մէջ Դիւանագիտական Համախմբումի Ընթացքին Պիտի Քննարկուի Նաեւ Հարաւային Կովկասի Մէջ Տիրող Կացութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.