Անթալիոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քուլեպայի հանդիպումը: Ասիկա ռուս-ուքրանական տագնապին սկիզբէն ի վեր երկու կողմերուն միջեւ այս մակարդակով առաջին հանդիպումն էր:
Հանդիպումի աւարտին երկու նախարարները անջատ մամլոյ ասուլիսներ տուին:
Քուլեպա յայտնեց. «Լաւրովի հետ ժողովը դիւրին էր եւ միեւնոյն ժամանակ դժուար: Բանակցութիւնները դժուար էին, սակայն ամբողջ ջանքս թափեցի Ուքրանիոյ մէջ աղէտին դիւանագիտական լուծում մը գտնելու համար»: Սակայն ան աւելցուց, որ կարելի չէ եղած զինադադարի մասին համաձայնութիւն գոյացնել:
«Լաւրովի հետ քննարկեցի մարդասիրական անվտանգ միջանցքներու ապահովման հարցը: Այստեղ եկայ Մարիուփոլէն եւ դէպի Մարիուփոլ մարդասիրական միջանցք բանալու աշխատանք տանելու համար, սակայն ռուս պաշտօնակիցս ատիկա չխոստացաւ», ըսաւ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
«Կը կարծէի, թէ Լաւրով որոշումներ տալու լիազօրութիւն ունի», ըսաւ ան:
«Լաւրովի խօսքերը ցոյց կու տան, որ Ռուսիան իր յարձակումը պիտի շարունակէ, մինչեւ որ Ուքրանիան իր պահանջներուն ընդառաջէ», յայտնեց Քուլեպա:
Լաւրով իր հրաւիրած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց. «Պիելոռուսիոյ մէջ Ռուսիա-Ուքրանիա բանակցութիւնները այլընտրանք չունին: Պիելոռուսիոյ մէջ կ՛ուզենք լուրջ բանակցութիւններ ունենալ, այն պայմանով, որ արդիւնքը Ուքրանիոյ հարցին համապարփակ լուծման ծիրին մէջ ըլլայ»:
«Ուքրանական կողմին ըսինք, որ լուծումի վերաբերեալ Ռուսիոյ առաջարկներուն պատասխանին կը սպասենք», ըսաւ Լաւրով` աւելցնելով. «Ուքրանիոյ մէջ զինուորական գործողութիւնը ըստ ծրագիրի կ՛ընթանայ»:
«Ուքրանական ուժերուն կողքին կռուող վարձկաններ գոյութիւն ունին», նշեց Լաւրով:
Ան յայտնեց, որ իր ուքրանացի պաշտօնակիցին հետ համաձայնած են մարդասիրական քայլերու կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ «ուքրանացիներուն մօտ գտնուող քաղաքային պատանդներու ճակատագիրը դիւրացնելու» շուրջ: «Այսօր հիմնականին մէջ խօսած ենք մարդասիրական հարցերու մասին: Մենք բացատրեցինք, թէ մեր զինուորները ի՛նչ քայլերու կը ձեռնարկեն թեթեւցնելու համար ճակատագիրը քաղաքայիններուն, որոնք պատանդի կարգավիճակի մէջ յայտնուած են: Այսպէս կոչուած «կամաւորական գումարտակները», «տարածքային պաշտպանութեան ուժերը» զանոնք իբրեւ կենդանի վահան կ՛օգտագործեն», նշեց Լաւրով:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ իր երկիրը կազն ու քարիւղը իբրեւ զէնք չ՛օգտագործեր, եւ չ՛ուզեր հաւատալ, որ հիւլէական պատերազմ մը կրնայ տեղի ունենալ, եւ արեւմուտքն է, որ հարցը կը մեծցնէ: «Ռուսիան երբեք ՕԹԱՆ-ի երկիրներու դէմ զինուորական ծրագիրներու մասին չէ խօսած», նշեց ան:
Նախքան այդ, Լաւրով հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ: Մինչ այդ, Չաւուշօղլուն նաեւ հանդիպում ունեցած էր Քուլեպայի հետ:
Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարը նախապէս յայտարարած էր, որ պատրաստ է Լաւրովի հետ բովանդակային բանակցութիւններու սկսելու:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով նախքան Լաւրով-Քուլեպա հանդիպումը յայտնած էր, որ Քիեւ միշտ կը դիմէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի միջեւ ուղիղ բանակցութիւններու առաջարկներով` աւելցնելով, որ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները այդպիսի բանակցութիւններ կազմակերպելու հոլովոյթը կը քննարկեն:
«Եկէք սպասենք արդիւնքներուն եւ հասկնանք, թէ անոնք ինչի՛ շուրջ պիտի համաձայնին», ըսած էր Փեսքով:


