Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եթէ Դիւանագիտութիւնը Ձախողի, Մենք Պատրաստ Ենք Հակադարձելու Եւ Ուքրանացիներուն Ինքնապաշտպանութեան Օգնելու» Կ՛ըսէ Պլինքըն

March 9, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնեց, որ Ուքրանիոյ մէջ զինուորական գործողութեան պատճառով Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն նպատակը վնասներ պատճառելն էր: «Այդ բոլորը Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին վերջ տալու փորձեր են», ըսաւ ան:

Պլինքըն Էսթոնիոյ վարչապետ Քայա Քալասի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Ուքրանացիները իրենք զիրենք պաշտպանելու միջոցներ ունին, եւ եթէ դիւանագիտութիւնը ձախողի, ապա մենք պատրաստ ենք հակադարձելու եւ ուքրանացիներուն ինքնապաշտպանութեան օգնելու»:

Պլինքըն յայտնեց, որ շարք մը երկիրներ ողջունած են ռուսական կազը չօգտագործելու առաջարկը` նշելով. «Մենք աշխատանք կը տանինք դէպի Եւրոպա ուժանիւթի միջազգային հաստատ մատակարարում ապահովելու, եւ Մոսկուան ուժանիւթը իբրեւ զէնք կ՛օգտագործէ»:

«Շել» Կը Հրաժարի Ռուսական Քարիւղի Եւ Կազի Մատակարարումէն

Ուժանիւթի «Շել» ընկերութիւնը յայտարարած է ռուսական քարիւղի եւ կազի մատակարարումէն հրաժարիլը: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Բրիտանական ուժանիւթային մեծագոյն ընկերութիւնը իր յայտարարութեան մէջ կը նշէ, որ անյապաղ կը դադրեցնէ ռուսական հում քարիւղի բոլոր գնումները, կը փակէ լցակայանները, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ մէջ օդանաւերու համար վառելանիւթի եւ քսանիւթերու արտադրութիւնը:

Ընկերութիւնը նախապէս յայտարարած էր ուքրանական պատերազմին պատճառով Ռուսիոյ հետ բոլոր միացեալ գործարքներու խզումը: Խօսքը «Հիւսիսային հոսք 2» խողովակաշարի նախագիծի, «Սախալին 2» քարիւղակազային հանքավայրերու զարգացման եւ «Սալիմ» նախագիծի մասին է:

Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի մեկնարկէն ի  վեր շուրջ 250 արտասահմանեան յառաջատար ընկերութիւններ յայտարարած են Ռուսիոյ մէջ իրենց աշխատանքի սահմանափակումը կամ դադրեցումը: Ռուսիոյ մէջ իրենց գործունէութիւնը տակաւին կը շարունակեն «Քոքա Քոլա»-ի, «Փեփսի»-ի, «ՄքՏանըլտզ»-ի, «Նեսթլէ»-ի, «Մարս»-ի, «Ֆիլիփ Մորիս»-ի, «Սթարպաքս»-ի, «Հիլթըն»-ի եւ «Մարիոթ»-ի նման ընկերութիւններ:

Երէկ հաղորդուեցաւ, որ նորաձեւութեան «Քալվըն Քլայն» եւ «Թոմի Հելֆիկըր» ընկերութիւնները կը փակեն Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ մէջ գտնուող իրենց վաճառատուները:

 

Նախորդը

«Ռուսիան Համաձայն Է Անթալիոյ Մէջ Հանդիպելու, Հարցը Ուքրանական Կողմի Դիրքորոշումին Մէջ Է» Կ՛ըսէ Զախարովա

Յաջորդը

Խրիմի Եւ Տոնպասի Ճանաչման Հարցի Քննարկումն ու Փոխզիջումային Տարբերակ Գտնելը Կարելի Նկատելով` «Այլեւս Հետաքրքրուած Չենք Անդամակցելով ՕԹԱՆ-ին, Որ Ռուսիոյ Հետ Ճակատումէն Կը Վախնայ» Կը Յայտարարէ Զելենսքի

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.