Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրան Հրթիռակոծեց Էրպիլի Մէջ «Սիոնական Սադրանքներու Ռազմավարական Կեդրոն Մը»

March 14, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքի Քրտական ինքնավար շրջանին մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մարմինը յայտարարեց, որ կիրակի արշալոյսին «12 թեւաւոր հրթիռներ» թիրախ դարձուցած են շրջանի մայրաքաղաքն ու այնտեղ գտնուող ամերիկեան հիւպատոսարանը` աւելցնելով, որ հրթիռները արձակուած են «Քրտական շրջանի եւ Իրաքի սահմաններուն դուրսէն, աւելի ճիշդ` արեւելեան կողմէն:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը յայտնեցին, որ ամերիկացի զինուորներ զոհուած են` նշելով. «Էրպիլը հարուածած հրթիռներ արձակուեցան Իրանէն»: Լրատու գործակալութիւնը նաեւ, յղում կատարելով իրանեան պետական պատկերասփիւռի կայանին, յայտնեց. «Հիւսիսային Իրաքի Քրտական Ինքնավար շրջանի մայրաքաղաք Էրպիլի վրայ գործուած հրթիռային յարձակումին թիրախը իսրայէլեան գաղտնի ռազմակայաններ էին»:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը աւելի ուշ ստանձնեց հրթիռակոծման պատասխանատուութիւնը` յայտնելով, որ արձակուած «ուժեղ ու ճշգրիտ» հրթիռները թիրախ դարձուցած են հիւսիսային Իրաքի մէջ «սիոնական սադրանքներու ռազմավարական կեդրոն մը»:

Պահակագունդը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Հրթիռակոծումը կատարուեցաւ իբրեւ պատասխան սիոնական կեղծ գոյացութեան գործած վերջին ոճիրներուն»: Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ Իրանի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը «կարմիր գիծեր» են:

«Սիոնական ոճրագործ վարչակարգին անգամ մը եւս կը զգուշացնենք, որ որեւէ չարիքի կրկնութիւնը կարծր, վճռական ու քանդիչ հակազդեցութեան պիտի արժանանայ», շեշտեց Յեղափոխական պահակագունդը:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը քանի մը օր առաջ յայտարարած էր, որ Դամասկոսի մօտ իսրայէլեան յարձակումի մը պատճառով իրանցի երկու զինուորներ մահացած են` աւելցնելով, որ Իսրայէլ «այս ոճիրին գինը» պիտի վճարէ:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի աղբիւրները յայտնեցին, որ աւելի քան 10 հրթիռներով կատարուած յարձակումը յաջողած է հարուածել Էրպիլի մօտ իսրայէլեան հետախուզական կեդրոն մը: Աղբիւրները աւելցուցին, որ յարձակումին հետեւանքով քանդուած է Մատիֆ Սալահէտտին ճամբուն վրայ գտնուող Մոսատի կեդրոնը` աւելցնելով, որ յարձակումը «իրաքեան կամ ամերիկեան որեւէ կեդրոն չթիրախաւորեց»: Հրթիռակոծման պատճառով իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան գործակալներ մահացած ու վիրաւորուած են:

Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց «Էրպիլի նահանգին մէջ քաղաքայիններու բնակարանները հարուածած հրթիռակոծումը»` աւելցնելով. «Այս յարձակումը Իրաքի գերիշխանութեան ոտնահարում է, խաղաղ բնակիչներու ահաբեկում եւ շատ կարեւոր փուլի մը մէջ շրջանի ու ամբողջ Իրաքի անվտանգութեան եւ կայունութեան քայքայում կը պատճառէ»:

«Այս յարձակումը Իրաքի անվտանգութեան ու ժողովուրդի կայունութեան թիրախաւորում մը կը նկատուի եւ ատոր դիմակայման համար միացեալ կեցուածք կը պահանջէ` վճռակամ կերպով կանգնելով որեւէ արարքի դէմ, որուն նպատակը քաոսի ստեղծումն է»:

Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախարարաց խորհուրդը յայտարարեց. «Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին Էրպիլի մէջ հարուածած դիրքը քաղաքային է եւ ոչ թէ իսրայէլեան ռազմակայան մը»: Խորհուրդը աւելցուց. «Հարուածը արդարացնելու քայլին նպատակը տգեղ ոճիրը ծածկելն է միայն»:

Իրաքի մէջ Սատերական հոսանքի ղեկավար Մուքթատա Սատըր պահանջեց ՄԱԿ-ին եւ Իրաքի մէջ Իրանի դեսպանին անմիջապէս բողոքագիր ներկայացնել` երաշխաւորելով, որ յարձակումները չկրկնուին: «Պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ հետաքննութիւն կատարել իսրայէլեան դիրքերու գոյութեան պնդումներուն շուրջ», աւելցուց ան:

Պէտք չէ իրաքեան հողերը իբրեւ քաղաքական ու զինուորական տագնապներու բեմ օգտագործել», ըսաւ ան` նշելով. «Մենք կը դատապարտենք Իրաքի հողերէն դրացի երկիրներու թիրախաւորման բոլոր արարքները»:

 

Նախորդը

Ակնարկ. Անթալիան Եւ Խնդիրներու Փոխկապակցումը

Յաջորդը

«Ռուսիան Եւ Ուքրանիան Փոխզիջումի Կը Դիմեն, Նախագահները Վերջնական Փաստաթուղթ Պիտի Ստորագրեն» Կ՛ըսէ Փոտոլիաք

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.