Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ ընդունած է Իրանի քաղաքաշինութեան եւ ճամբաներու նախարար Ռուսթամ Քասեմին: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, հանդիպման ժամանակ քննարկուած են շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային ծրագիրներու իրականացման հարցեր:
«Մասնաւորաբար, նշուած է Իրանի տարածքով Արեւելեան Զանգեզուրի տնտեսական շրջանի եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ նոր հաղորդակցութիւններու կարեւորութիւնը», կը յայտնէ Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի մամլոյ ծառայութիւնը:
Աղբիւրին համաձայն` «կողմերը արձանագրած են, որ նոր միջանցքը պիտի դառնայ կարեւոր միջազգային փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւն, ներառեալ ելեկտրահաղորդման գիծ: Այս միջանցքը պիտի դառնայ Հիւսիս-հարաւ մեծ փոխադրամիջոցային միջանցքի օղակներէն մէկը»:


