Արեւմուտքը Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ շարք մը սխալներ գործած է, ներառեալ Ուքրանիան ՕԹԱՆ-ի մէջ ընդունելու խոստումը: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարը այս մասին յայտարարած է «Թէ.ԷՖ.1» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
«Պատրաստ եմ խոստովանելու, որ մենք շարք մը սխալներ գործած ենք եւ կորսնցուցած Ռուսիան Արեւմուտքին մօտեցնելու կարելիութիւնը… Կան պահեր, զորս մենք աւելի լաւ կրնայինք օգտագործել, կան բաներ, զորս մենք առաջարկած ենք ու չենք կրցած իրականացնել, ինչպէս, օրինակ, որ Ուքրանիան ու Վրաստան ՕԹԱՆ-ի անդամ պիտի դառնան…», ըսած է Պորել:
Անոր կարծիքով, սխալը անիրականանալի խոստումներ տալն էր:


