Միջազգային

Մաքրոն 2-րդ Նստաշրջանի Համար Ֆրանսայի Նախագահ Ընտրուեցաւ

Մաքրոն 2-րդ Նստաշրջանի Համար Ֆրանսայի Նախագահ Ընտրուեցաւ

Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեան 2-րդ փուլը տեղի ունեցաւ 24 ապրիլին: Ֆրանսայի գործող նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն պարտութեան մատնեց իր մրցակից Ազգային ճակատի թեկնածու Մարին լը Փենը: Մաքրոն 2017¬ի ընտրութեան 2¬րդ փուլին դարձեալ պարտութեան մատնած էր լը Փենը: Վերջինս 3¬րդ անգամ կը պայքարէր Էլիզէի պալատ մուտք գործելու համար: 44-ամեայ Մաքրոն Ժաք Շիրաքէն ետք Ֆրանսայի երկրորդ ղեկավարն է, որ անցեալ քսան տարիներու ընթացքին կրցած...

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Քննադատէ Թրամփին Ուղերձը

«Նախագահ Պայտըն Պէտք Է Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումէն Անցնի Շօշափելի Քայլերու» Կ՛ըսէ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը նախագահ Պայտընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ամէնամեայ ուղերձին առիթով յայտարարութիւն հրապարակած է: «Ամերիկահայերը նախագահ Պայտընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք Միացեալ Նահանգներէն կ՛ակնկալեն շօշափելի քայլեր` Հայոց ցեղասպանութեան համար արդարութեան ապահովման եւ երկրորդ ցեղասպանութիւնը կանխարգիլելու համար, որ կը բխի Հայաստանի դէմ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի շարունակական սպառնալիքներէն եւ յարձակումներէն: «Նախագահ Պայտըն Քոնկրեսին առաջին անգամ միանալէ եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը...

Պայտըն. «107 Տարի Ետք Ամերիկացի Ժողովուրդը Կը Շարունակէ Յարգել Ցեղասպանութեան Ժամանակ Զոհուած Հայերու Յիշատակը»

Պայտըն. «107 Տարի Ետք Ամերիկացի Ժողովուրդը Կը Շարունակէ Յարգել Ցեղասպանութեան Ժամանակ Զոհուած Հայերու Յիշատակը»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ապրիլ 24-ին յղեց Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին նուիրուած ուղերձ մը` վերահաստատելով ամերիկեան կողմէ յանձնառութիւնը` զգօն ըլլալու ընդդէմ ատելութեան կործանարար ազդեցութիւններու եւ կառուցելու աւելի խաղաղ աշխարհ: «1915 թուականի ապրիլ 24-ին օսմանեան իշխանութիւնները Կոստանդնուպոլիսի մէջ ձերբակալեցին հայ մտաւորականներն ու համայնքի ղեկավարները: Այդպիսով, սկսաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը` 20-րդ դարու վատագոյն զանգուածային կոտորածներէն մէկը: Այսօր մենք կը յիշենք մէկ ու կէս...

«Ատելութիւնն Ու Բռնութիւնը Այլեւս Երբեք Պէտք Չէ Անտարբերութեան Մատնուին»  Կ՛ըսէ Քանատայի Վարչապետը

«Ատելութիւնն Ու Բռնութիւնը Այլեւս Երբեք Պէտք Չէ Անտարբերութեան Մատնուին» Կ՛ըսէ Քանատայի Վարչապետը

Այսօր կը միանանք Քանատայի եւ ամբողջ աշխարհի հայ համայնքին` յարգելու մարդկութեան պատմութեան ամէնէն մութ էջերէն մէկուն` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Մենք յարգանքի տուրք կը մատուցենք նաեւ անոնց ժառանգներուն, ներառեալ` քանատահայերուն, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են եւ կը շարունակեն օգնել կառուցելու ուժեղ, բազմազան երկիր, որ մենք այսօր կը վայելենք: Այս մասին կ՛ըսուի Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյի Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին նուիրուած յայտարարութեան...

«Ցեղասպանութիւնը Հայ Ազգի Բնաջնջման Կազմակերպուած Եւ Կանխամտածուած Ծրագիրին Մէկ Մասն Էր»  Կ՛ըսէ Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու Տան Նախագահը

«Ցեղասպանութիւնը Հայ Ազգի Բնաջնջման Կազմակերպուած Եւ Կանխամտածուած Ծրագիրին Մէկ Մասն Էր» Կ՛ըսէ Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու Տան Նախագահը

Կիպրոսի Հանրապետութեան Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Անիթա Տիմիթրիու Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի վերաբերեալ յղած է ուղերձ մը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան հաղորդագրութեան համաձայն, ուղերձին մէջ ըսուած է. «Ապրիլ 24-ը ամբողջ աշխարհի վրայ հաստատուած է իբրեւ Երիտասարդ թուրքերու կողմէ իրականացուած հայերու դէմ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր: Հայերու ցեղասպանութիւնը մարդկութեան նորագոյն պատմութեան մէջ մեծագոյն յանցագործութիւններէն մէկն է, որ սկիզբ դրած...

Էրտողան Ապրիլ 24-ի Վերաբերեալ Ուղերձ Յղած Է

Էրտողան Ապրիլ 24-ի Վերաբերեալ Ուղերձ Յղած Է

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեանին յղած է ապրիլ 24-ի վերաբերեալ ուղերձ մը, որ հրապարակուած է Թուրքիոյ նախագահական պալատի պաշտօնական կայքին վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր»-ը: «Թուրքիոյ հայերու պատրիարք, յարգելի Սահակ Մաշալեան, իմ յարգելի քաղաքացիներ, սրտանց եւ սիրով կ՛ողջունեմ ձեզ: Այսօր հաւաքուած էք Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի յարկին տակ` ոգեկոչելու Համաշխարհային Ա. պատերազմի պարտադրած դժուար...

Չաւուշօղլուի` Հայ Համայնքին Ցոյց Տուած «Գորշ Գայլեր»-ու Բարեւի Համար Ուրուկուէյի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը Կանչուած Է Երկիրի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Չաւուշօղլուի` Հայ Համայնքին Ցոյց Տուած «Գորշ Գայլեր»-ու Բարեւի Համար Ուրուկուէյի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը Կանչուած Է Երկիրի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի` Ուրուկուէյի հայ համայնքին ուղղուած «Գորշ գայլեր»-ու բարեւէն ետք Թուրքիոյ դեսպան Հուսէյն Մուֆթուօղլուն 25 ապրիլին կանչած են Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարութիւն: Այս մասին հաղորդեց Ուրուկուէյի Հայ դատի յանձնախումբը: Թրքական դիւանագիտութեան պետը Ուրուկուէյի մէջ թրքական դեսպանատունէն ինքնաշարժով դուրս եկած ատեն տեսնելով հայ ցուցարարներուն սպաներէնով «մարդասպան» վանկարկումին ի պատասխան` լայն ժպտացած եւ մատներով ցոյց տուած էր ծայրայեղ...

Պոլսոյ Մէջ Արգիլուած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկը

Պոլսոյ Մէջ Արգիլուած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկը

Պոլսոյ մէջ ջնջուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկը` տեղական իշխանութիւններու արգելքին պատճառով: «Ազատութիւն»-ը կը գրէ, որ ասիկա բացառիկ դէպք է. 2010 թուականէն ի վեր մինչեւ 2020 թուական Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած են Ցեղասպանութեան օրուան առիթով յիշատակի ձեռնարկներ: Նախորդ երկու տարիներուն ատոնք չէին կայացած համաճարակին պատճառով: Տեղական իշխանութիւնները արգելքին իբրեւ բացատրութիւն` յայտնած են, որ յարմար չեն համարեր նման ձեռնարկի...

Զախարովա. «Ռուսիան Ֆինլանտային  Եւ Շուէտին Նախազգուշացուցած Է ՕԹԱՆ-ին  Անդամակցելու Հետեւանքներէն»

Զախարովա. «Ռուսիան Ֆինլանտային Եւ Շուէտին Նախազգուշացուցած Է ՕԹԱՆ-ին Անդամակցելու Հետեւանքներէն»

Ռուսիան Շուէտին եւ Ֆինլանտային յայտնած է անոնց` ՕԹԱՆ-ին հաւանական անդամակցութեան հետեւանքներուն մասին բոլոր նախազգուշացումները: «Թերթ»-ը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ «Ռոսիա-24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: «Պրիւքսելը, Միացեալ Նահանգներու հովանիին տակ, երկար ժամանակ Շուէտը եւ Ֆինլանտան ներքաշած է իրենց կառոյցներուն մէջ, տարատեսակ միջոցներ ձեռնարկուած են ռազմափորձերու կամ վարժանքներու անուան տակ` զանոնք...

«Տոնպասի Համար Ճակատամարտը Վճռորոշ Է,  Եւ Անիկա Արդէն Ընթացքի Մէջ Է»  Կ՛ըսէ Ուքրանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը

«Տոնպասի Համար Ճակատամարտը Վճռորոշ Է, Եւ Անիկա Արդէն Ընթացքի Մէջ Է» Կ՛ըսէ Ուքրանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը

Տոնպասի համար պայքարը արդէն քանի մը օրէ ի վեր կը շարունակուի: Ռուսական զօրքերը աշխուժացուցած են Լուկանսքի եւ Տոնեցքի շրջաններուն մէջ յարձակողական գործողութիւնները: «ՌՊՔ Ուքրանիա»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Մոթուզիանիք: Անոր համաձայն, վերջին քանի մը օրուան ընթացքին ռուսական զօրքերը զգալիօրէն արագացուցած են շփման գիծի գրեթէ ամբողջ երկայնքին կատարուող յարձակողական գործողութիւնները արեւելեան մարտական գօտիին մէջ եւ...

Փութին. «Մեր Զինուորական Գործողութիւնը  Պիտի Շարունակուի Մինչեւ Լուկանսքի Եւ Տոնեցքի Բնակիչներու Ամբողջական  Անվտանգութեան Ապահովումը»

Փութին. «Մեր Զինուորական Գործողութիւնը Պիտի Շարունակուի Մինչեւ Լուկանսքի Եւ Տոնեցքի Բնակիչներու Ամբողջական Անվտանգութեան Ապահովումը»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին «Ռուսիան` կարելիութիւններու երկիր» հարթակի խորհուրդի նիստի ընթացքին յայտարարեց. «Մեր զինուորական գործողութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ Լուկանսքի եւ Տոնեցքի բնակիչներու ամբողջական անվտանգութեան ապահովումը»: «Տոնեցքի եւ Լուկանսքի մէջ վերջին տարիներուն կացութիւնը հասաւ յոռեգոյնին, եւ քաղաքացիները այդտեղ դժուար պայմաններու մէջ կ՛ապրին», ըսաւ ան: «Տոնպասի մէջ ողբերգութիւնը Ռուսիան ստիպեց Ուքրանիոյ մէջ իր գործողութիւնը սկսելու», յայտնեց Փութին` աւելցնելով. «Մոսկուա այս շրջանին բնականոն...

Միացեալ Նահանգներ Կ՛ողջունեն  Պրիւքսելի Մէջ Փաշինեան-Ալիեւ  Վերջին Հանդիպումները

«Թուրքիան Պէտք Է Առանցքային Դեր Խաղայ Ռուսիան Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Հարցին Մէջ» Կ՛ըսէ Փրայս

Թուրքիան պէտք է առանցքային դեր խաղայ ուքրանական պատերազմին համար Ռուսիան պատասխանատուութեան ենթարկելու հարցին մէջ: «Ահվալ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս: Անոր համաձայն, Թուրքիան եւ Միացեալ Նահանգները կարեւոր երկկողմանի գործընկերներ են` շարք մը հասարակաց շահերով: Փրայս նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն 18 մայիսին Ուաշինկթընի մէջ պիտի...

Յորդանան «Իսրայէլեան Վտանգաւոր Մագլցում»-ի  Դիմակայման Համար Արաբական Նախարարական  Արտակարգ Ժողով Մը Պիտի Հիւրընկալէ

Յորդանան «Իսրայէլեան Վտանգաւոր Մագլցում»-ի Դիմակայման Համար Արաբական Նախարարական Արտակարգ Ժողով Մը Պիտի Հիւրընկալէ

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Յառաջիկայ հինգշաբթի օր պիտի հիւրընկալենք բռնագրաւեալ Երուսաղէմի մէջ իսրայէլեան քաղաքականութեան եւ ապօրինի քայլերու դիմակայման արաբական նախարարական յանձնախումբի արտակարգ ժողով մը` Աքսայի մզկիթին մէջ իսրայէլեան վտանգաւոր մագլցումը քննարկելու համար»: Նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց. «Յորդանանի նախագահած յանձնախումբին մաս կը կազմէ Թունուզը` իբրեւ ներկայ արաբական վեհաժողովին նախագահը, Ալճերիան, Պաղեստինը, Քաթարը, Եգիպտոսը եւ Մարոքը: «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները`...

Ժան-Լիւք Մելանշոն Կը Յաւակնի  Ֆրանսայի Վարչապետի Պաշտօնին

Ժան-Լիւք Մելանշոն Կը Յաւակնի Ֆրանսայի Վարչապետի Պաշտօնին

Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններու առաջին փուլին 3-րդ դիրքը գրաւած ձախակողմեան քաղաքական գործիչ Ժան-Լիւք Մելանշոն կ՛ակնկալէ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք ստանձնել վարչապետի պաշտօնը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ան այս մասին ըսած է ֆրանսական «Պէ.Էֆ.Էմ.» պատկերասփիւռի կայանի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին: «Ֆրանսացիներէն կը խնդրեմ ինծի զօրակցիլ եւ ընտրել վարչապետ», յայտարարած է Մելանշոն` նշելով. «Խորհրդարանական ընտրութիւնները պէտք է դառնան նախագահական ընտրութիւններու իւրօրինակ ամփոփում...

Արժանթինի Մէջ Սկսած Է Բնիկ Ժողովուրդներու  Ջարդերու Գործով Առաջին Դատավարութիւնը

Արժանթինի Մէջ Սկսած Է Բնիկ Ժողովուրդներու Ջարդերու Գործով Առաջին Դատավարութիւնը

Արժանթինի դատարանը երեքշաբթի օր սկսած են 1924 թուականին ներկայ Չաքօ նահանգի բնիկ ժողովուրդներու կոտորածի մասին գործով լսումները: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է շրջանի կառավարութիւնը: «Երեքշաբթի Ռեսիսթենսիայի մէջ սկսած է Նափալփիի մէջ տեղի ունեցած ջարդերուն մասին ճշմարտութիւնը բացայայտելու դատավարութիւնը: Աննախադէպ հոլովոյթի ծիրին մէջ 1924 թուականին Չաքոյի բնիկ ժողովուրդներու ջարդը իբրեւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն պիտի նկատուի», նշուած...

Միացեալ Նահանգներ Ռուսիան «Ահաբեկչութեան  Հովանաւորներու» Ցուցակին Վրայ Առնելու  Կարելիութիւնը Կը Սերտեն

Միացեալ Նահանգներ Ռուսիան «Ահաբեկչութեան Հովանաւորներու» Ցուցակին Վրայ Առնելու Կարելիութիւնը Կը Սերտեն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ուսումնասիրեն Ռուսիան «ահաբեկչութեան հովանաւորներու» ցուցակին վրայ ներառելու կարելիութիւնը: «Մենք ուշադիր կ՛ուսումնասիրենք փաստերը: Մենք ուշադիր կ՛ուսումնասիրենք օրէնքը», ըսած է Փրայս: Ըստ վարչակազմէն անանուն աղբիւրի մը, Ռուսիան այդ ցուցակին վրայ ընդգրկելու կարելիութիւնը կը նկատուի իբրեւ Ուքրանիոյ պատերազմին համար «Ռուսիան պատասխանատուութեան ենթարկելու միջոց»: Ներկայիս ցուցակին վրայ են Հիւսիսային Քորէան,...

Ակնարկ.  Ճանաչումի Նախաբանային Ուղերձը

«Ուքրանիոյ Բոլոր Կարելի Միջոցներով Կ՛աջակցինք, Սակայն Ռուսիոյ Հետ Պատերազմելու Չենք Պատրաստուիր» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն չի ծրագրեր Ուքրանիա այցելել: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Սպիտակ տան բանբեր Ճեն Փսաքի: «Ատիկա չէ փոխուած… նախագահը չի պատրաստուիր երթալ», ըսած է ան: Փսաքի նաեւ նշած է, որ եթէ ամերիկացի ոեւէ պաշտօնատարի Ուքրանիա այցելութիւնը կազմակերպել ծրագրուի, ապա Ուաշինկթըն, անվտանգութեան նկատառումներէ մեկնած, պիտի չըսէ, թէ ճիշդ ո՛վ...

«Ուքրանիոյ Իրադարձութիւնները ՕԹԱՆ-ի Մէջ  Թուրքիոյ Կարեւորութիւնը Ցոյց Տուին»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Ուքրանիոյ Իրադարձութիւնները ՕԹԱՆ-ի Մէջ Թուրքիոյ Կարեւորութիւնը Ցոյց Տուին» Կ՛ըսէ Էրտողան

Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած կացութիւնը ցոյց տուած է Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ-ի համար Թուրքիոյ կարեւորութիւնը: «Քոմերսանթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: Անոր համաձայն, Թուրքիան Եւրոպական Միութենէն լիիրաւ անդամակցութեան վերաբերեալ շօշափելի քայլեր կ՛ակնկալէ: «Ուքրանիոյ մէջ վերջին իրադարձութիւնները յստակ կերպով ցոյց տուին ՕԹԱՆ-ի մէջ Թուրքիոյ կարեւորութիւնը: Թուրքիոյ համար Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը կը մնայ ռազմավարական նպատակ: Պատերազմի...

«Ֆրանսան Ռուսական Կազի Կարիք Չունի»  Ըսաւ Մաքրոն

«Ֆրանսան Ռուսական Կազի Կարիք Չունի» Ըսաւ Մաքրոն

Ֆրանսան ռուսական կազի կարիք չունի, սակայն Եւրոպան ատկէ կախեալ է: Այս մասին «Ֆրանս 5» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն: «Եւրոպան ռուսական կազէն կախեալ է… սակայն ատիկա Ֆրանսային պէտք չէ», ըսաւ ան: Անոր համաձայն, Փարիզ կ՛աշխատի այլ երկիրներէն կազ գնելու ուղղութեամբ: Ֆրանսայի նախագահը նախապէս զօրակցած էր Ռուսիայէն Եւրոպական Միութիւն քարիւղի եւ ածուխի մատակարարման սահմանափակումներուն:  

«Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Պատերազմը  Նոր Պաղ Պատերազմի Դարաշրջանը Կը Բանայ»  Կ՛ըսէ Քալըն

«Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Պատերազմը Նոր Պաղ Պատերազմի Դարաշրջանը Կը Բանայ» Կ՛ըսէ Քալըն

Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ սկսած պատերազմը աշխարհի վրայ լուրջ փոփոխութիւններու պիտի յանգեցնէ. աշխարհը կը թեւակոխէ Պաղ պատերազմի նոր դարաշրջան, եւ մենք պէտք է պատրաստուինք ատոր հետեւանքներուն: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին Պոլսոյ նախագահական Տոլմապահչէ նստավայրին մէջ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն: Անոր համաձայն, նոր իրողութիւնները պիտի ազդեն բազմաթիւ ոլորտներու վրայ, ներառեալ...

Page 269 of 882 1 … 268 269 270 … 882

Արխիւներ