Միջազգային

Պաքու Կը Հերքէ Ազրպէյճանի Մէջ Ամերիկեան  Տարրալուծարաններու Գոյութեան Մասին  Փաթրուշեւի Յայտարարութիւնը

Պաքու Կը Հերքէ Ազրպէյճանի Մէջ Ամերիկեան Տարրալուծարաններու Գոյութեան Մասին Փաթրուշեւի Յայտարարութիւնը

Ազրպէյճանի Պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը հակադարձեց ռուսական կողմէն հնչող յայտարարութիւններուն` պնդելով, որ երկրի տարածքին մէջ երրորդ պետութիւններու կողմէ ֆինանսաւորուող կենսաբանական տարրալուծարաններ գոյութիւն չունին: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: «Վերջին շրջանին Ռուսիոյ ներկայացուցիչները բազմիցս, նաեւ միջազգային ձեռնարկներու ընթացքին, յայտարարած են, թէ իբրեւ թէ Ազրպէյճանի տարածքին մէջ երրորդ երկիրներու կողմէ ֆինանսաւորուող եւ կենսաբանական զէնքի մշակումով զբաղող գիտական կեդրոններ կը գործեն: Այդ առիթով...

Միացեալ Նահանգներ Պիտի Ապահովեն ՕԹԱՆ-ի  Անդամակցութեան Հոլովոյթին Մէջ  Շուէտի Անվտանգութիւնը

Միացեալ Նահանգներ Պիտի Ապահովեն ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Հոլովոյթին Մէջ Շուէտի Անվտանգութիւնը

Միացեալ Նահանգներ պատրաստակամութիւն յայտնած են ապահովելու Շուէտի անվտանգութիւնը` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան անոր դիմումը քննարկելու ժամանակաշրջանի ընթացքին, եթէ այդ դիմումը ստացուի: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէն: «Բնականաբար, ես չեմ պատրաստուիր մանրամասնութիւններ տալու, սակայն շատ վստահ եմ, որ այժմ մենք ամերիկեան երաշխիքներ ունինք», շուէտական պատկերասփիւռի կայանին ըսած է Լինտէն Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին...

Ազրպէյճանի Բանակի Սպայակոյտի  Պետը Այցելած Է Քարվաճառ

Ազրպէյճանի Բանակի Սպայակոյտի Պետը Այցելած Է Քարվաճառ

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, բանակի սպայակոյտի պետ Քերիմ Վելիեւ ստուգած է Արցախի` ներկայիս բռնագրաւուած Քարվաճառի շրջանին մէջ տեղակայուած զօրամասերու մարտական պատրաստութիւնը: Այս մասին հաղորդեց «Մինվալ» կայքը: Ազրպէյճանական բանակի սպայակոյտի պետը հանդիպում ունեցած է զօրամասին հրամանատարական կազմին հետ:

Ուրուկուէյի Ծերակոյտը Չաւուշօղլուի  Ձեռքի Շարժումին Պատճառով Որոշած Է Յետաձգել  Թուրքիոյ Մէջ Դեսպանի Նշանակումը

Ուրուկուէյի Ծերակոյտը Չաւուշօղլուի Ձեռքի Շարժումին Պատճառով Որոշած Է Յետաձգել Թուրքիոյ Մէջ Դեսպանի Նշանակումը

Ուրուկուէյի Ծերակոյտը միաձայնութեամբ պաշտպանած է Անգարայի մէջ դեսպանի նշանակումը յետաձգելու առաջարկը` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի` «Գորշ գայլերու» խորհրդանշանով ձեռքի շարժումին պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «Մերքոփրես»-ը: Առաջարկը կատարուած է հայ ծերակուտական Լիլիամ Քչիչեանի կողմէ: Անոր խնդրանքով խորհրդարանի վերին պալատը համաձայնած է գործը ետ ուղարկել արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբ: Յիշեցնենք, որ հայ ցուցարարներու վանկարկումներուն ի պատասխան, Չաւուշօղլուն «Գորշ գայլեր» ազգայնամոլներու...

Ռուսիան Համասի Հետ Մոսկուայի Մէջ  Խորհրդակցութիւններ Պիտի Կատարէ

Ռուսիան Համասի Հետ Մոսկուայի Մէջ Խորհրդակցութիւններ Պիտի Կատարէ

Համաս շարժումի պատուիրակութիւնը բանակցութիւններ պիտի վարէ Ռուսիոյ պաշտօնատար անձերու հետ, պիտի արծարծուին պաղեստինեան-իսրայէլեան յարաբերութիւնները եւ Աքսայի մզկիթին շուրջ ստեղծուած կացութիւնը: «Արմէնփրես»-ը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի երկիրներու խնդիրով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով: «Ատիկա շատոնց ծրագրուած հանդիպում է: Մենք կը կատարենք կանոնաւոր խորհրդակցութիւններ, որոնք կը կատարուին մշտական հիման վրայ»,...

Ռուսիան Քալինինկրատի Մէջ «Իսքանտեր»-ի  Օգտագործումով Պայմանական Հրթիռային  Հարուածներ Հասցնելու Վարժանք Կատարած Է

Ռուսիան Քալինինկրատի Մէջ «Իսքանտեր»-ի Օգտագործումով Պայմանական Հրթիռային Հարուածներ Հասցնելու Վարժանք Կատարած Է

Ռուսիոյ Քալինինկրատի մարզի մէջ Պալթեան նաւատորմիղի մարտական պատրաստութեան ծրագրուած քայլերուն ծիրին մէջ կատարուած է «Իսքանտեր» մարտավարական հրթիռային համակարգերու անձնակազմերու հետ պայմանական հրթիռային հարուածներ հասցնելու վարժանք: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Ռազմափորձերու ընթացքին հրթիռայինները թաքնուած յառաջխաղացում կատարած են դէպի նշանակուած դիրքային տարածք, ուր, սարքաւորելով ելման դիրքերը, կատարած են հրթիռներու, օդանաւերու, պաշտպանուած սարքերու, սպառազինութեան եւ հրամանատարական կէտերու պայմանական թիրախներու ուղղութեամբ...

«Իսրայէլ Իրանի Հետ Պատերազմի Պարագային  Պիտի Օգտագործէ Թուրքիոյ Օդային Տարածքը»  Կ՛ըսէ Էրտողանի Խորհրդականը

«Իսրայէլ Իրանի Հետ Պատերազմի Պարագային Պիտի Օգտագործէ Թուրքիոյ Օդային Տարածքը» Կ՛ըսէ Էրտողանի Խորհրդականը

Թուրքիան կը մտածէ ապագային Իրանի հետ պատերազմի պարագային իր օդային տարածքը տրամադրել Իսրայէլին: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Քաֆքազ» կայքը` յղում կատարելով Թուրքիոյ նախագահի մէկ խորհրդականին: «Իսրայէլն ու Իրանը ապագային պատերազմի մէջ պիտի ըլլան, իսկ Իսրայէլը պիտի օգտագործէ Թուրքիոյ օդային տարածքը: Մենք Իսրայէլի հետ լաւ յարաբերութիւններ ունինք», պատկերասփիւռային հաղորդումներէն մէկուն ընթացքին ըսած է Էրտողանի խորհրդականը: Թուրքիան եւ Իսրայէլը սկսած են...

«Մենք Մեծ Յոյսեր Կը Կապենք Եւրոպական Միութեան  Ջանքերուն, Յատկապէս` Նախագահ Շարլ Միշելի Հետ»  Կ՛ըսէ Ալիեւ

Ալիեւ. «Զանգեզուրի Միջանցքը Արդէն Իրականութիւն Է»

Ներկայիս Զանգիլանի (Կովսական) շրջանին մէջ մեծ ենթակառուցային ծրագիրներ կ՛իրականացուին: Անոնց շարքին կ՛ուզեմ նշել փոխադրամիջոցային ենթակառոյցը, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին անբաժանելի մասն է: «Թերթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ: Ան նշած է, որ Կովսականի միջազգային օդակայանը այս տարի շահագործման պիտի յանձնուի: «Վստահ եմ, որ այս օդակայանը շատ մեծ գործառոյթներ պիտի ունենայ: Որովհետեւ մենք Զանգիլանը կը տեսնենք...

«Աշխարհի Վրայ Մենատիրութեան  Եւ Ժողովրդավարութեան Միջեւ  Պայքար Տեղի Կ՛ունենայ»  Կ՛ըսէ Պայտըն

«Աշխարհի Վրայ Մենատիրութեան Եւ Ժողովրդավարութեան Միջեւ Պայքար Տեղի Կ՛ունենայ» Կ՛ըսէ Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն այցելած է Ալապամա նահանգի Թրոյ քաղաքին մէջ գտնուող «Լոքհիտ Մարթին» ընկերութեան պաշտպանական գործարան, որ սպառազինութեան համակարգեր կ՛արտադրէ, ինչպիսիք են «Ճաւլին» հակահրասայլային հրթիռները, որոնք Ուքրանիան արդիւնաւէտօրէն կ՛օգտագործէ ռուսական ներխուժումէն պաշտպանուելու համար: Միացեալ Նահանգներու նախագահը զրուցած է աշխատողներու հետ, խօսած անվտանգութեան ապահովման մասին, որ իր վարչակազմը կը տրամադրէ Ուքրանիոյ, եւ այդ օգնութեան տրամադրման անմիջական մասնակցութեան համար աշխատակիցներուն...

Էրտողան Դռնփակ Հանդիպում Ունեցաւ  Մոհամետ Պըն Սալման Իշխանին Հետ

Էրտողան Դռնփակ Հանդիպում Ունեցաւ Մոհամետ Պըն Սալման Իշխանին Հետ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը Ժետտայի թագաւորական «Սալամ» պալատին մէջ դռնփակ հանդիպում մը ունեցան: Հանդիպումին ներկայ էին Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պաքըր Պոզտաղ, ելեւմուտքի նախարար Նուրետտին Նապաթի, ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մոհամետ Նուրի Արսոյ, պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար, առողջապահութեան նախարար Ֆահրեթթին Քոճա եւ առեւտուրի նախարար Մուհամետ Մուշ: Դռնփակ...

Տեղահանուած Շուշեցիների Ընդվզումն Ու Բողոքը Նիկոլ Փաշինեանի Դէմ

«Շուշին Կը Վերածուի Շրջանի Դիւանագիտական Մայրաքաղաքի» Կ՛ըսէ Հաճիեւ

Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւեալ Շուշի քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ միջազգային գիտաժողով: «Թերթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ: «Աղտմ» օդանաւով կը թռչինք Ֆիզուլիի նորակառոյց օդակայան եւ կը մեկնինք Շուշի` «Շուշի Մաժլիս Տիսքաշըն» ձեւաչափով միջազգային վերլուծական կեդրոններու հետ «Հարաւային Կովկասի զարգացում եւ համագործակցութիւն» միջազգային խորհրդաժողով կատարելու համար: Շուշին կը վերածուի շրջանի դիւանագիտական մայրաքաղաքի»,...

Էրտողան Երէկ Երկօրեայ  Այցելութեամբ Հասաւ Սէուտական Արաբիա

Էրտողան Երէկ Երկօրեայ Այցելութեամբ Հասաւ Սէուտական Արաբիա

Թուրքիոյ նախագահական պալատը յայտարարեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 28-29 ապրիլին Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ թագաւորին հրաւէրով կ՛այցելէ Սէուտական Արաբիա` աւելցնելով, որ այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկուին երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն բոլոր երեսներն ու համագործակցութեան զարգացման կարելիութիւնները: «Այցելութեան ընթացքին տեսակէտներ պիտի փոխանակուին շրջանային ու միջազգային հարցերու, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու վերաբերեալ», աւելցուց Թուրքիոյ նախագահական պալատը: Թուրքիոյ նախագահը...

«Յունիսի Վերջին-Յուլիսին Մեր Կողմէ  Թէժ Յարձակում Պիտի Ըլլայ»  Կ՛ըսէ Զելենսքիի Գրասենեակը

«Յունիսի Վերջին-Յուլիսին Մեր Կողմէ Թէժ Յարձակում Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Զելենսքիի Գրասենեակը

Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավարի խորհրդական Ալեքսէյ Արեսթովիչ ըսած է, որ Ուքրանիան շուտով հզօր զէնք պիտի ստանայ Արեւմուտքէն, ապա ալ իր տարածքը ազատագրելու համար աշխուժ յարձակողական գործողութիւններու պիտի սկսի: Այս մասին հաղորդեց «Քորրեսփոնտենթ»-ը: Արեսթովիչ ըսած է, որ մայիսի վերջին-յունիսի սկիզբին արեւմտեան զէնքերը պիտի հասնին «առեւտրական քանակութեամբ, ինչ որ կրնայ փոխել որոշ տարածքներու մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը»: «Յունիսի վերջ-յուլիս ամիսներուն մեր կողմէ թէժ...

Միացեալ Նահանգներու  Ներկայացուցիչներու Տունը  Որդեգրեց Վրաստանին Օժանդակութիւնը  Աւելցնելու Օրինագիծ Մը

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը Որդեգրեց Վրաստանին Օժանդակութիւնը Աւելցնելու Օրինագիծ Մը

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը չորեքշաբթի օր հաւանութիւն տուած է այն օրինագիծին, որով կը նախատեսուի աւելցնել Վրաստանին տրամադրուող օգնութիւնը, ներառեալ` ռազմականը, ինչպէս նաեւ պատժամիջոցներ հաստատել այն անձերուն դէմ, որոնք, Ուաշինկթընի կարծիքով, Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ մէջ «մարդու իրաւունքներու լուրջ խախտումներ» գործած են: Նախագիծը որդեգրուած է 406 թեր եւ 20 դէմ քուէներով: Այժմ փաստաթուղթը պէտք է քննարկման համար ուղարկուի Ծերակոյտին: «Քոնկրեսին...

«Վստահ Եմ` Նախկին Խորհրդային Միութեան  Միւս Երկիրները Նոյնպէս  Պիտի Միանան Միութենական Պետութեան»  Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

«Վստահ Եմ` Նախկին Խորհրդային Միութեան Միւս Երկիրները Նոյնպէս Պիտի Միանան Միութենական Պետութեան» Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ յայտարարած է, որ նախկին Խորհրդային Միութեան միւս հանրապետութիւնները ապագային պիտի ուզեն միանալ Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ միասնական Միութենական պետութեան: Այս մասին հաղորդեց «ՊելԹԱ» լրատու գործակալութիւնը: Ան խօսած է նոր սկզբունքներով միասնական Միութենական պետութիւն կառուցելու ցանկութեան մասին, որպէսզի «ոչ ոք նեղանայ», եւ անկախ ու գերիշխան պետութիւնները զարգանան: «Վստահ եմ, որ նախկին Խորհրդային Միութեան միւս հանրապետութիւնները նոյնպէս պիտի միանան...

Դամասկոսի Մերձակայքին Վրայ  Իսրայէլեան Հրթիռային Յարձակում

Դամասկոսի Մերձակայքին Վրայ Իսրայէլեան Հրթիռային Յարձակում

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակի օդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրած են Դամասկոսի մերձակայքին վրայ իսրայէլեան հրթիռային յարձակումի մը եւ վնասազերծած են հրթիռներուն մեծամասնութիւնը: Զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ին յայտնեց, որ գիշերուան ժամը 12:41-ին Թիպերիատի ուղղութենէն կատարուած յարձակումին պատճառով 4 զինուորներ զոհուած են, 3 ուրիշներ վիրաւորուած են եւ նիւթական որոշ վնասներ արձանագրուած են:  

Ակնարկ.  Ճանաչումի Նախաբանային Ուղերձը

Սպիտակ Տունը Մտավախութիւն Ունի, Որ Իրան Քանի Մը Շաբաթէն Հիւլէական Զէնք Ձեռք Կը Բերէ

Սպիտակ տան բանբեր Ճեն Փսաքի յայտնեց, որ Սպիտակ տունը մտահոգ է, որ Իրան քանի մը շաբաթէն հիւլէական զէնք ձեռք բերէ: «Այո՛, ատիկա մեզ կը մտահոգէ», ըսաւ Փսաքի` նշելով, որ Իրանի հիւլէական զէնքի ձեռք բերման համար պէտք եղած ժամանակը շուրջ մէկ տարիէ ի վեր կը նուազի: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն երէկ Փսաքիէն առաջ յայտնած էր, որ Թեհրան արագացուցած...

Էրտողան-Փութին Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն

Էրտողան-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: Նախագահները քննարկած են Ուքրանիոյ մէջ տիրող կացութիւնը: «Ես իսկապէս կրնամ հաստատել, որ ատիկա տեղի ունեցած է, եւ կրնամ հաստատել, որ իսկապէս քննարկուած է Ուքրանիան, մենք աւելի մանրամասն հաղորդագրութիւն պիտի հրապարակենք», ըսած է...

«Հիւլէական Պատերազմի  Սպառնալիքը Իրական Է»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Հիւլէական Պատերազմի Սպառնալիքը Իրական Է» Կ՛ըսէ Լաւրով

Հիւլէական պատերազմի վտանգները այժմ շատ իրական են, այդ վտանգները կարելի չէ թերագնահատել, կան շատեր, որոնք պատրաստ են արհեստականօրէն ուռճացնելու այդ սպառնալիքը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: Ան յիշեցուցած է, որ յունուարին «հիւլէական հնգեակ»-ի երկիրները վերահաստատած են այդ զէնքերու կիրարկման անթոյլատրելիութեան թեզը: «Ասիկա մեր սկզբունքային դիրքորոշումն է, մենք կը մեկնինք անկէ,...

«Միացեալ Նահանգներ Յանձնառու Են  Ամրապնդելու  Ուքրանիոյ` Ռուսիոյ Յարձակումը  Զսպելու Ունակութիւնը»  Կ՛ըսէ Փենթակոնի Ղեկավարը

«Ուքրանիոյ Մէջ Պատերազմը Մեր Բոլորին Ճակատամարտն Է» Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան Նախարարը

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին յայտնեց. «Ուքրանիան դէմ կը դնէ ռուսական անարդարանալի յարձակումին եւ ինքզինք պաշտպանելու մէջ քաջութիւն կը ցուցաբերէ»: «Կ՛ուզենք շարունակել Ուքրանիոյ ինքնապաշտպանութեան օժանդակել», նշեց ան: «Կացութեան փոփոխութենէն ու ռուսական յարձակումին Տոնպասի վրայ կեդրոնանալէն ետք Ուքրանիան փոխեց պաշտպանական իր պահանջները», յայտնեց Օսթին` աւելցնելով. «Քիեւի ճակատամարտին մէջ Ռուսիոյ պարտութենէն ետք, (Ուքրանիան) կռուեցաւ ինքզինք եւ իր գերիշխանութիւնը պաշտպանելու համար»: «Աւելի...

Page 268 of 882 1 … 267 268 269 … 882

Արխիւներ