Կիպրոսի Հանրապետութեան Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Անիթա Տիմիթրիու Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի վերաբերեալ յղած է ուղերձ մը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան հաղորդագրութեան համաձայն, ուղերձին մէջ ըսուած է.
«Ապրիլ 24-ը ամբողջ աշխարհի վրայ հաստատուած է իբրեւ Երիտասարդ թուրքերու կողմէ իրականացուած հայերու դէմ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր: Հայերու ցեղասպանութիւնը մարդկութեան նորագոյն պատմութեան մէջ մեծագոյն յանցագործութիւններէն մէկն է, որ սկիզբ դրած է 1915 թուականին: Մէկուկէս միլիոն անմեղ մարդիկ սպանդի ենթարկուեցան, հարիւր հազարներով դաժանօրէն բռնութեան ենթարկուեցան, բռնի տեղահանուեցան կամ ստրկացուեցան: Ցեղասպանութիւնը հայ ազգի բնաջնջման կազմակերպուած եւ կանխամտածուած ծրագիրին մէկ մասը կը կազմէր:
«Հայոց ցեղասպանութիւնը համաշխարհային պատմութեան ամէնէն մութ էջերէն մէկն է, որ ցաւալի հետք ձգած է հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան վրայ, ինչպէս նաեւ` բոլոր այն ժողովուրդներուն, որոնք բախած են Թուրքիոյ վայրագութիւններուն: Թուրքիոյ, որ միջազգային հանրութեան հանդուրժողականութեան պատճառով ցեղասպանութիւններ գործած է նաեւ այլ ժողովուրդներու դէմ` չճանչնալով մինչեւ օրս Հայոց ցեղասպանութիւնը կամ ներողութիւն չհայցել ցեղային զտումներու եւ նուաճողական քաղաքականութեան համար` շարունակելով այն ամէնը անզղջօրէն:
«Կիպրոսը Եւրոպայի առաջին երկիրն է, որ ճանչցաւ Ցեղասպանութիւնը` 1990 թուականին Ներկայացուցիչներու տան կողմէ միաձայնութեան որդեգրուած բանաձեւով, ապրիլ 24-ը սահմանելով Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման ազգային օր:
«Այսօր, իբրեւ Ներկայացուցիչներու տուն, մենք արդէն քանիերորդ անգամ կը դատապարտենք այդ զարհուրելի փաստը եւ նոյն ատեն մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք բարեկամ հայ ժողովուրդին` դիմելով միջազգային ընտանիքին Հայոց ցեղասպանութեան համընդհանուր ճանաչման համար: Կոչ կ՛ուղղեմ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Անոնց յիշատակը յաւերժ է»:
Կիպրոսի Նախագահի` Հայոց Ցեղասպանութեան
107-ամեակին Առիթով Գրառումը
Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատես «Թուիթըր»-ի վրայ Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի վերաբերեալ կատարեց գրառում մը, որուն մէջ շեշտեց եղբայր հայ ժողովուրդին հետ միասնական պայքարի շարունակութեան անհրաժեշտութիւնը:
Ան իր գրառման մէջ յիշեց հայ ժողովուրդին դէմ գործուած վայրագութիւնները եւ ակնկալութիւն յայտնեց, որ անոնք երբեք չեն կրկնուիր:
Կիպրոսի նախագահը նաեւ կարեւոր նկատեց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար քարոզարշաւը:


