Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեանին յղած է ապրիլ 24-ի վերաբերեալ ուղերձ մը, որ հրապարակուած է Թուրքիոյ նախագահական պալատի պաշտօնական կայքին վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր»-ը:
«Թուրքիոյ հայերու պատրիարք, յարգելի Սահակ Մաշալեան, իմ յարգելի քաղաքացիներ, սրտանց եւ սիրով կ՛ողջունեմ ձեզ: Այսօր հաւաքուած էք Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի յարկին տակ` ոգեկոչելու Համաշխարհային Ա. պատերազմի պարտադրած դժուար պայմաններուն մէջ մահացած օսմանցի հայերու յիշատակը:
«Մահացած օսմանցի հայերուն անգամ մը եւս յարգանքով կ՛ոգեկոչեմ, իսկ անոնց ողջ մնացած հարազատներուն անկեղծ ցաւակցութիւններս կը յղեմ:
«Համաշխարհային Ա. պատերազմի դժուար պայմաններուն մէջ դէպի յաւերժութիւն գացած օսմանցի քաղաքացիներու համար ամենակարող Աստուծմէ հանգստութիւն կը խնդրեմ: Համաշխարհային Ա. պատերազմին հետ համընկնած Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիները միլիոնաւոր օսմանցի զաւակներու համար տառապանքներով լեցուն ժամանակաշրջան եղած է: Առանց կրօնական, ազգային, մշակութային տարանջատում կատարելու այս միացեալ ցաւը հասկնալը եւ կիսելը մարդկութեան պարտքն է:
«Հարիւրաւոր տարիներ մենք միասին եղած ենք ուրախութեան եւ տխրութեան մէջ: Եւ կարեւոր է, որ անցեալի վէրքերը միասին բուժենք ու մարդկային կապերն ա՛լ աւելի ամրապնդենք: Կը հաւատամ, որ այս գիտակցութեամբ տառապանքը խորացնելու փոխարէն` անհրաժեշտ է հազարամեայ խոր միասնութենէն ոգեշնչուելով ապագան միասին կառուցել:
«Այսպէս, օրինակ, մեր դրացի Հայաստանի հետ այս նպատակով դրական հոլովոյթ սկսած ենք: Գիտեմ եւ շատ կարեւոր կը նկատեմ այն հանգամանքը, որ կարգաւորման հոլովոյթին անկեղծօրէն կ՛աջակցին նաեւ մեր հայկական ծագումով քաղաքացիները, որոնք կողմնակից են երկու դրացի երկիրներուն միջեւ սերտ համագործակցութեան:
«Կ՛ակնկալեմ, որ դուք ալ զօրեղ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէք երկար տարիներ ետք մեր տարածաշրջանին մէջ յանուն մնայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան ի յայտ եկած այս պատմական հնարաւորութեան գնահատման: Կ՛ուզեմ վստահ ըլլաք` մենք ամէն ջանք պիտի գործադրենք, որ այս հողերուն վրայ դարաւոր միասնութեան ընթացքին մեր մշակութային ու հանրային կեանքի մէջ անջնջելի հետքեր ձգած մեր հայ քաղաքացիները շարունակեն իրենց կեանքը հանգստութեան, ապահովութեան ու անվտանգութեան պայմաններու մէջ:
«Այս զգացումով եւ մտքերով կրկին յարգանքով կը յիշեմ օսմանցի հայերը, զորս կորսնցուցինք Համաշխարհային Ա. պատերազմին մէջ, կ՛ողջունեմ եւ յարգանքներս կը յղեմ յիշատակի արարողութեան ներկայ իմ բոլոր քաղաքացիներուս»:


