Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուքրանիոյ Բոլոր Կարելի Միջոցներով Կ՛աջակցինք, Սակայն Ռուսիոյ Հետ Պատերազմելու Չենք Պատրաստուիր» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

April 20, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն չի ծրագրեր Ուքրանիա այցելել: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Սպիտակ տան բանբեր Ճեն Փսաքի:

«Ատիկա չէ փոխուած… նախագահը չի պատրաստուիր երթալ», ըսած է ան: Փսաքի նաեւ նշած է, որ եթէ ամերիկացի ոեւէ պաշտօնատարի Ուքրանիա այցելութիւնը կազմակերպել ծրագրուի, ապա Ուաշինկթըն, անվտանգութեան նկատառումներէ մեկնած, պիտի չըսէ, թէ ճիշդ ո՛վ ու ե՛րբ պիտի այցելէ:

Ան աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգները շաբաթավերջին Պայտընի վերջերս յայտնած 800 միլիոն տոլար ծաւալով օգնութեան թղթածրարի ծիրին մէջ զէնքով բեռնաւորուած չորս օդանաւ ուղարկած են Ուքրանիա:

«Ես ասիկա կ՛ըսեմ պարզապէս ձեզի հասկցնելու համար, թէ ի՛նչ ջանքեր կը գործադրուին աւելի շատ օգնութիւն հասցնելու համար», նշած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի բանբերը:

Փսաքիի համաձայն, Պայտըն մերժած է Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ իր համախոհներէն Քրիս Քունսի` Ուքրանիա զօրքեր ուղարկելու առաջարկը:

«Նախագահը առաջուան պէս Ռուսիոյ դէմ պատերազմ մղելու համար Ուքրանիա զօրքեր ուղարկելու ծրագիրներ չունի: Ան չի կարծեր, որ ատիկա կը բխի ազգային անվտանգութեան, ամերիկացի ժողովուրդի շահերէն», ըսած է Փսաքի:

Ըստ բանբերին, Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը կեդրոնացած է Քիեւին զինուորական օգնութեան «պատմական ծաւալ» տրամադրելու վրայ` միեւնոյն ժամանակ անոր տնտեսական օգնութիւն տրամադրելով:

«Ատիկա նաեւ կ՛ամրապնդէ բանակցային սեղանի վրայ ուքրանացիներուն դիրքերը: Եւ ատոր զուգահեռ մենք կը ձեւաւորենք տնտեսական պատժամիջոցներու պատմական թղթածրար, որ Ռուսիոյ տնտեսութեան վրայ կործանարար ազդեցութիւն ունի: Ի հարկէ, մենք ուքրանացիներուն կ՛աջակցինք բոլոր կարելի ձեւերով, սակայն նախագահը Ռուսիոյ հետ պատերազմելու չի պատրաստուիր», յայտարարած է Սպիտակ տան բանբերը:

Նախորդը

«Ուքրանիոյ Իրադարձութիւնները ՕԹԱՆ-ի Մէջ Թուրքիոյ Կարեւորութիւնը Ցոյց Տուին» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Ռուսիան «Ահաբեկչութեան Հովանաւորներու» Ցուցակին Վրայ Առնելու Կարելիութիւնը Կը Սերտեն

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.