Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արժանթինի Մէջ Սկսած Է Բնիկ Ժողովուրդներու Ջարդերու Գործով Առաջին Դատավարութիւնը

April 21, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արժանթինի դատարանը երեքշաբթի օր սկսած են 1924 թուականին ներկայ Չաքօ նահանգի բնիկ ժողովուրդներու կոտորածի մասին գործով լսումները: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է շրջանի կառավարութիւնը:

«Երեքշաբթի Ռեսիսթենսիայի մէջ սկսած է Նափալփիի մէջ տեղի ունեցած ջարդերուն մասին ճշմարտութիւնը բացայայտելու դատավարութիւնը: Աննախադէպ հոլովոյթի ծիրին մէջ 1924 թուականին Չաքոյի բնիկ ժողովուրդներու ջարդը իբրեւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն պիտի նկատուի», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Շրջանի իշխանութիւնները կը նշեն, որ ասիկա «Արժանթինի պատմութեան մէջ առաջին դէպքն է, ուր դատարանը կը քննէ բնիկ ժողովուրդներուն դէմ ցեղասպանութեան արարքը»: Գործով հայցւորը նահանգային իշխանութիւնն է: «Դատավարութեան ծիրին մէջ մեղադրեալ պիտի չըլլայ, անիկա բաղկացած պիտի ըլլայ վերապրածներու ու զոհերու ժառանգորդներու ցուցմունքներու ուսումնասիրութենէն եւ յատուկ հետաքննութեան հիմամբ ձեռք բերուած ու Արժանթինի Մարդու իրաւունքներու գրասենեակին կողմէ տրամադրուած ապացոյցներուն ուսումնասիրութենէն», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Ըստ իշխանութիւններուն, դատավարութեան նպատակը «բացայայտելն է ճշմարտութիւնը 1924 թուականի յուլիսի իրադարձութիւններուն մասին, երբ ոստիկաններու, կիսազինուորական ոստիկաններու եւ գաղութարարներու կողմէ Թոպա եւ Մոքովի հնդիկ ժողովուրդներու 200 ներկայացուցիչներ սպաննուեցան»:

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Անիպալ Զահլէ-ՀՄԸՄ Պէյրութ

Յաջորդը

Ժան-Լիւք Մելանշոն Կը Յաւակնի Ֆրանսայի Վարչապետի Պաշտօնին

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.