Միջազգային

«Մոսկուան Եւ Ուաշինկթընը  Այլեւս Գործընկերներ Չեն»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

«Մոսկուան Եւ Ուաշինկթընը Այլեւս Գործընկերներ Չեն» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնով յայտարարած է, որ Մոսկուան եւ Ուաշինկթընը այլեւս գործընկերներ չեն: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ դեսպանը «Փոլիթիքօ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է որոշեն, թէ իրենց համար Ռուսիան ի՛նչ է` գործընկե՞ր, մրցակի՞ց, ընդդիմադի՞ր, թէ՞ թշնամի: «Ես տակաւին վստահ չեմ, որ մենք պէտք է գործընկերներ ըլլանք: Նախապէս ես ըսի, որ մենք...

«Փութինի Դէմ Ամերիկեան Պատժամիջոցներու  Հաստատումը Յարաբերութիւններու  Խզումի Համազօր Պիտի Նկատուի»  Կ՛ըսէ Փեսքով

«Ռուս-Ուքրանական Բանակցութիւններուն Ընթացքը Լաւ Չէ» Կ՛ըսէ Փեսքով

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, թէ «ուքրանական կողմը բանակցութիւններուն մէջ հաստատ դիրքորոշում չունի, եւ համաձայնեցուած կէտերու շուրջ անոր դիրքորոշումները փոփոխական են»: «Ռուս-ուքրանական բանակցութիւններուն ընթացքը լաւ չէ», ըսաւ Փեսքով: Պատասխանելով Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի` Մոսկուայի հետ Քիեւի բանակցութիւններուն վերաբերող յայտարարութիւններուն առնչութեամբ Քրեմլինի հակազդեցութեան, ան ըսաւ. «Չենք ուզեր հրապարակել այդ մանրամասնութիւնները, որոնք բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուեցան»: «Ուքրանիոյ մէջ ռուսական զինուորական գործողութիւնը ճշդուած...

Թուրքիան Կ՛ուզէ Բարեփոխել Միջազգային  Անվտանգութեան Համակարգը

Թուրքիան Կ՛ուզէ Բարեփոխել Միջազգային Անվտանգութեան Համակարգը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու կոչ ուղղած է բարեփոխելու միջազգային անվտանգութեան համակարգը: «Հապերլեր» կը հաղորդէ, որ ան նշած է, որ նման անհրաժեշտութեան մասին կը վկայէ Ուքրանիոյ պատերազմի օրինակը: «Միջազգային անվտանգութեան համակարգը, ՄԱԿ-ի համակարգը ի վիճակի չեն տագնապներ, բարդ հարցեր լուծելու», ընդգծած է թրքական դիւանագիտութեան պետը, որուն պնդումով` համակարգը բարեփոխման կարիք ունի: Ան միեւնոյն ժամանակ շեշտած է, որ Անգարան պատրաստ...

«Եւրոպան Պէտք Է Վերատեսութեան Ենթարկէ Թուրքիոյ Եւ Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւնները»  Կ՛ըսէ Մաքրոն

«Եւրոպան Պէտք Է Վերատեսութեան Ենթարկէ Թուրքիոյ Եւ Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւնները» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Եւրոպայի համար կարեւոր է Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները վերատեսութեան ենթարկել, այլապէս Եւրոպան չի կրնար խաղաղութեան մէջ ապրիլ: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն: Անոր կարծիքով` Թուրքիան, որ հակասութեան մէջ է «աւանդականութեան եւ թափանցիկութեան» միջեւ, Արեւմուտքէն պէտք չէ երես դարձնէ:  

«Յանձնառու Ենք Պոլսոյ Մէջ Գոյացած Փոխադարձ Հասկացողութիւններուն, Եւ Մեր Դիրքորոշումը Չփոխեցինք» Կ՛ըսէ Արախամիա

«Յանձնառու Ենք Պոլսոյ Մէջ Գոյացած Փոխադարձ Հասկացողութիւններուն, Եւ Մեր Դիրքորոշումը Չփոխեցինք» Կ՛ըսէ Արախամիա

Ռուսիոյ հետ բանակցող ուքրանական պատուիրակութեան նախագահ Տաւիտ Արախամիա յայտնեց. «Հակառակ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութեան, ուքրանական կողմը յանձնառու է Պոլսոյ մէջ գոյացած փոխադարձ հասկացողութիւններուն, եւ իր դիրքորոշումը չփոխեց»: Արախամիա ընկերային ցանցերու վրայ յայտնեց. «Միակ տարբերութիւնը այն է, որ ուքրանական կողմը անտարբեր մնաց բոլոր յաւելեալ հարցերուն նկատմամբ, որոնք Պոլսոյ մէջ գոյացած հասկացողութիւններուն մէջ չեն նշուած, եւ թերեւս ատիկա բանակցութեան...

Պայտըն Փութինը «Ցեղասպանութիւն Գործող Բռնապետ» Կը Կոչէ

Պայտըն Փութինը «Ցեղասպանութիւն Գործող Բռնապետ» Կը Կոչէ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Այոա նահանգին մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին Ռուսիոյ ղեկավար Վլատիմիր Փութինը կոչած է «բռնապետ», իսկ Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ զինուորական յատուկ գործողութիւնը` «ցեղասպանութիւն»: Այս մասին կը հաղորդէ ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանը: Միացեալ Նահանգներու նախագահը այս մասին յայտարարած է, երբ ան ափսոսանք յայտնած է կազի գինի սղելուն առնչութեամբ: «Ձեր ընտանեկան պիւտճէն, ինքնաշարժը պենզին լեցնելու ձեր կարողութիւնը պէտք...

Մաքրոն. «Աշխարհը Այլեւս Երկբեւեռ Չէ, Այլ` Բազմաբեւեռ»

Մաքրոն. «Աշխարհը Այլեւս Երկբեւեռ Չէ, Այլ` Բազմաբեւեռ»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտնեց. «Կը կարծեմ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը կը յարգէ Ֆրանսան եւ զայն կը զատորոշէ արեւմտեան միւս երկիրներէն, ինչպէս նաեւ նկատի կ՛ունենայ, որ մենք երկար ատենէ ի վեր իրեն հետ երկխօսութիւն կը կատարենք, եւ երկխօսութիւնը միշտ անկեղծ ու պահանջուած է»: «Աշխարհը համաշխարհային փոփոխութեան ժամանակաշրջանի մէջ է, եւ այլեւս երկբեւեռ աշխարհ մը չէ, այլ բազմաբեւեռ աշխարհ մը»,...

Ըստ «Ճումհուրիեթ»-ի.  Թուրքիան Կը Պատրաստուի Սուրիոյ Հետ Եւս Յարաբերութիւնները Կարգաւորելու

Ըստ «Ճումհուրիեթ»-ի. Թուրքիան Կը Պատրաստուի Սուրիոյ Հետ Եւս Յարաբերութիւնները Կարգաւորելու

Թրքական «Ճումհուրիեթ» օրաթերթի լրագրող Մուսթաֆա Պալպայ իր յօդուածին մէջ գրած է մօտ օրէն Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին: Այս մասին հաղորդեց «Նիուզ»-ը: Թուրք լրագրողը շեշտած է, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ վերջին շրջանին լարուած յարաբերութիւններ ունեցող երկիրներու հետ նոր փուլ սկսելու հոլովոյթը: Ըստ Մուսթաֆա Պալպայի, Թուրքիոյ նախագահական պալատին մէջ ուղիներ կ՛որոնեն Սուրիոյ հետ եւս յարաբերութիւնները կարգաւորելու: Ան նաեւ կը նշէ, որ...

«Կասկած Չկայ, Որ Յատուկ Գործողութեան Նպատակները Պիտի Իրագործուին» Կ՛ըսէ Փութին

«Կասկած Չկայ, Որ Յատուկ Գործողութեան Նպատակները Պիտի Իրագործուին» Կ՛ըսէ Փութին

Ուքրանիոյ մէջ հակառուսական ուժերու հետ սնուցուող բախումը անխուսափելի էր, պարզապէս ժամանակի հարց էր: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ երէկ այս մասին «Վոսթոչնի» տիեզերակայանին մէջ ներքին տիեզերական արդիւնաբերութեան աշխատակիցներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին: «Սկսան Ուքրանիան վերածել հակառուսական յենակէտի, այնտեղ սկսան աճեցնել ազգայնականութեան եւ նոր նացիականութեան բողբոջները, որոնք շատոնց կային: Նոր նացիականութիւնը յատուկ աճեցուեցաւ, եւ այդ...

«Միացեալ Նահանգներ Բոլոր Երկիրներուն Կոչ Կ՛ուղղեն Ռուսիայէն Զէնք Չգնելու» Կ՛ըսէ Պլինքըն

«Միացեալ Նահանգներ Բոլոր Երկիրներուն Կոչ Կ՛ուղղեն Ռուսիայէն Զէնք Չգնելու» Կ՛ըսէ Պլինքըն

Միացեալ Նահանգներ բոլոր երկիրներուն կոչ կ՛ուղղեն` զէնք չգնելու Ռուսիայէն, մինչդեռ ռուսական «Էս-400» համակարգերու գնման համար Հնդկաստանի դէմ հաւանական պատժամիջոցներու մասին որոշում տակաւին չէ տրուած: ԹԱՍՍ լրատու գոծակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Հնդկաստանի պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ «2+2» ձեւաչափով երկկողմանի բանակցութիւններէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար...

Ըստ Ռուսական Գաղտնի Սպասարկութեան.  ՕԹԱՆ-ի Գաղտնի Խումբը Եւ Ռումանացի Վարձկանները Հասած Են Օտեսա

Ըստ Ռուսական Գաղտնի Սպասարկութեան. ՕԹԱՆ-ի Գաղտնի Խումբը Եւ Ռումանացի Վարձկանները Հասած Են Օտեսա

ՕԹԱՆ-ի գաղտնի հսկողութեան խումբը, որ կը ներառէ ռումանական «Նորտսթարսփորթ Կրուփ» սեփական զինուորական կազմակերպութիւններու աշխատակիցներ, սկսած է գործել Օտեսայի մէջ: Խումբին պարտականութիւնն է վերահսկել Սեւ ծովուն մէջ ռուսական նաւերուն: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է Ռուսիոյ իրաւապահ մարմիններու աղբիւրը` վկայակոչելով ուքրանական զօրքերուն մէջ իր լրտեսները: «Օտեսայի արուարձաններէն մէկուն մէջ կայ ՕԹԱՆ-ի հսկողութեան խումբի գաղտնի ռազմակայան` սարքաւորումներով, որոնք կարելիութիւն կու տան ճշգրիտ...

«Փութին Մտադիր Է Հակառակ Պատժամիջոցներուն Լուծել Տոնպասի Հարցը» Կ՛ըսէ Աւստրիոյ Վարչապետը

«Փութին Մտադիր Է Հակառակ Պատժամիջոցներուն Լուծել Տոնպասի Հարցը» Կ՛ըսէ Աւստրիոյ Վարչապետը

Աւստրիոյ վարչապետ Քարլ Նեհամեր յայտարարած է, որ լաւատես չէ Ուքրանիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններու մօտ օրէն դադրեցման առնչութեամբ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Նեհամեր այդ մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ երկուշաբթի օր տեղի ունեցած բանակցութիւններէ ետք: Աւստրիոյ վարչապետը դարձաւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկրի առաջին ղեկավարը, որ Ուքրանիոյ պատերազմին սկսելէն ետք հանդիպած է Ռուսիոյ նախագահի հետ: «Ընդհանուր առմամբ,...

Իրանի Խորհրդարանը Նախագահին Ներկայացուցած Է Հիւլէական Գործարքի Վերականգնման Վերաբերող Պայմաններ

Իրանի Խորհրդարանը Նախագահին Ներկայացուցած Է Հիւլէական Գործարքի Վերականգնման Վերաբերող Պայմաններ

Իրանցի օրէնսդիրները նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիին յղած են նամակ մը, որուն մէջ նշած են 2015 թուականի հիւլէական գործարքի վերականգնման պայմանները: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԲԿ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով իրանեան «Թասնիմ»-ին: Նամակը ստորագրած են աւելի քան 250 երեսփոխաններ: Օրէնսդիրներուն ներկայացուցած պայմանները կը ներառեն Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու նոր պատժամիջոցներ կիրարկելէ հրաժարումը, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ հաստատուած իրաւական երաշխիքներ, թէ...

«Ռուսիան Կը Սերտէ Մեր Հողերուն Վրայ Բռնագրաւումի Իշխանութիւններ Հաստատելու Եւ Խերսոնի Մէջ Կեղծ Հանրապետութիւն Ստեղծելու Հարցը»  Կ՛ըսէ Ուքրանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը

«Ռուսիան Կը Սերտէ Մեր Հողերուն Վրայ Բռնագրաւումի Իշխանութիւններ Հաստատելու Եւ Խերսոնի Մէջ Կեղծ Հանրապետութիւն Ստեղծելու Հարցը» Կ՛ըսէ Ուքրանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը

Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նշեց. «Ռուսիան կը սերտէ մեր հողերուն վրայ բռնագրաւումի իշխանութիւններ հաստատելու եւ Խերսոնի մէջ մէկ այլ կեղծ հանրապետութիւն ստեղծելու հարցը»: «Մենք ռուսական շարժումները դիմակայեցինք, եւ արեւելեան, հարաւային ու հիւսիսային շրջաններուն մէջ հակայարձակումներ կատարեցինք: Տոնեցքի եւ Լուկանսքի շրջաններուն մէջ 5 յարձակումներու դէմ դրինք, Ռուսիոյ 10 հրասայլեր, 18 զրահապատ մեքենաներ քանդեցինք», յայտնեց նախարարութիւնը: Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին յայտնեց. «Հակառակ...

«Ուքրանիոյ Մէջ Մեր Գործողութեան Նպատակը Միացեալ Նահանգներու` Աշխարհին Տիրութեան Վերջ Տալն Է»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Ուքրանիոյ Մէջ Մեր Գործողութեան Նպատակը Միացեալ Նահանգներու` Աշխարհին Տիրութեան Վերջ Տալն Է» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի համաձայն` Մոսկուան Քիեւի հետ բանակցութիւններու նոր փուլի շեմին չի պատրաստուիր «ընդհատել Ուքրանիոյ տարածքին մէջ իրականացուող յատուկ գործողութիւնը»: Ան այս մասին երէկ յայտարարեց «Ռոսիա 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցին ընթացքին: Միեւնոյն ժամանակ, ըստ Լաւրովի, Ռուսիան մտադիր է շարունակել Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւնները: «Ես բանակցութիւնները դադրեցնելու պատճառ չեմ տեսներ, հակառակ այն իրողութեան, որ ուքրանական կողմը ամէն անգամ...

Թուրքիան Կրնայ Ռուսական «Սու-57» Օդանաւեր Գնել, Եթէ Միացեալ Նահանգներ Մերժեն «Էֆ 16» Հալածիչներ Վաճառել

Թուրքիան Կրնայ Ռուսական «Սու-57» Օդանաւեր Գնել, Եթէ Միացեալ Նահանգներ Մերժեն «Էֆ 16» Հալածիչներ Վաճառել

Թուրքիան կրնայ սերտել ռուսական «Սու-57» օդանաւեր ձեռք բերելու հաւանականութիւնը, եթէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը մերժէ Անգարային «ԷՖ-16» հալածիչներ վաճառել: Այս մասին կը յայտնէ թրքական «Միլլիեթ» օրաթերթը: Օրաթերթին համաձայն, Անգարան Ուաշինկթընէն խնդրած է 40 «ԷՖ-16 Պլոք 70» կործանիչ եւ 80 «Պլոք 70» արդիականացման յաւելուած արդէն իսկ թրքական օդուժին պատկանող «ԷՖ-16» օդանաւերու համար: Եթէ այս դիմումը չընդառաջուի, ապա Թուրքիան պիտի սկսի փնտռել այլընտրանքային...

«Ռուսիան Կ՛ուզէ Ուքրանիոյ Տիրել, Ապա Մեզի Դրացի Երկիրներու Վրայ Յարձակում Գործել»  Կ՛ըսէ Զելենսքի

«Ռուսիան Կ՛ուզէ Ուքրանիոյ Տիրել, Ապա Մեզի Դրացի Երկիրներու Վրայ Յարձակում Գործել» Կ՛ըսէ Զելենսքի

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնեց. «Ուքրանիան կրեց Ռուսիոյ տարիներէ ի վեր նախապատրաստած պատերազմին բեռը: Ռուսական ուժերը քանդեցին Ուքրանիան եւ թալանի, գողութեան ու բռնաբարման արարքներ գործեցին»: «Ռուսիոյ համար այս պատերազմին նպատակը Ուքրանիոյ տիրելն է, ապա մեր դրացի երկիրներուն վրայ յարձակում գործելը», յայտնեց Զելենսքի` աւելցնելով. «Ռուսիոյ յառաջիկայ ծրագիրները պետութեան մէջ այլ շրջաններ քանդելն ու դրացի այլ երկիրներու վրայ յարձակում գործելն է»: «Ռուսական...

Ղարիպաշվիլի. «Վրաստանի Մէջ Երկրորդ Ճակատ Պիտի Չըլլայ»

Ղարիպաշվիլի. «Վրաստանի Մէջ Երկրորդ Ճակատ Պիտի Չըլլայ»

Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի 11 ապրիլին Թիֆլիսի մէջ կառավարութեան նիստի ընթացքին, մեկնաբանելով Քիեւէն հնչող շարք մը յայտարարութիւնները, նշած է, որ իր երկիրը Ռուսիոյ դէմ պայքարի երկրորդ ճակատ պիտի չդառնայ: «Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցողը դժբախտութիւն է, ողբերգութիւն, պատերազմ: Մենք, սակայն, պէտք է պահպանենք խաղաղութիւնը, նպաստենք կայունութեան պահպանման ու զարգացման: Վրաստանի մէջ որեւէ երկրորդ ճակատ պիտի չըլլայ: Մենք ատիկա պիտի չարտօնենք եւ...

Հարաւային Օսեթիոյ Մէջ Ռուսիոյ Միանալու Շուրջ Հանրաքուէի Պատրաստութիւնները Կրնան Աւարտիլ Մայիսին Կամ Յունիսին

Հարաւային Օսեթիոյ Մէջ Ռուսիոյ Միանալու Շուրջ Հանրաքուէի Պատրաստութիւնները Կրնան Աւարտիլ Մայիսին Կամ Յունիսին

Հարաւային Օսեթիոյ նախագահական պալատի տեղեկութիւններու եւ վերլուծումներու բաժանմունքի նախագահ Եուրի Վազակով յայտնեց. «Երկրին Ռուսիոյ միանալու շուրջ հանրաքուէի կայացման պատրաստութիւնները կրնան ամբողջանալ յառաջիկայ մայիսին կամ յունիսին»: Ան «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին վստահութիւն յայտնեց. «Բոլոր ստորագրութիւնները շատ արագ տեղի պիտի ունենան, սակայն ատկէ ետք հանրաքուէի յատուկ օրինագիծը պէտք է քննարկման համար ներկայացուի Սահմանադրական դատարանին, նախքան հանրաքուէի քարոզարշաւին սկսիլը»: «Նախապէս մայիսի եւ...

Պատասխանելով Սալման Թագաւորին`  «Ուաշինկթընի Աջակցութիւնը  Որեւէ Արդիւնք Պիտի Չտայ»  Կ՛ըսէ Թեհրան

«Պատրաստ Ենք Վաղը Վիեննա Վերադառնալու, Եթէ Մեր Պահանջները Բաւարարուին» Կ՛ըսէ Թեհրան

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Վիեննայի մէջ համաձայնութեան վերջնական նախագիծ գոյութիւն չունի, եւ մեր կարմիր գիծերէն պիտի չնահանջենք: Ուաշինկթըն մինչեւ հիմա ցոյց չտուաւ, որ հիւլէական համաձայնութեան վերադառնալու հարցին նկատմամբ լուրջ է»: «Մենք պատրաստ ենք վաղը Վիեննա վերադառնալու, եթէ մեր պահանջները բաւարարուին», նշեց նախարարութիւնը: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Համաձայնութեան ձեռք բերումը մէկ ամիս առաջ կարելի էր, որովհետեւ...

Page 270 of 882 1 … 269 270 271 … 882

Արխիւներ