Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի` Ուրուկուէյի հայ համայնքին ուղղուած «Գորշ գայլեր»-ու բարեւէն ետք Թուրքիոյ դեսպան Հուսէյն Մուֆթուօղլուն 25 ապրիլին կանչած են Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարութիւն: Այս մասին հաղորդեց Ուրուկուէյի Հայ դատի յանձնախումբը:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը Ուրուկուէյի մէջ թրքական դեսպանատունէն ինքնաշարժով դուրս եկած ատեն տեսնելով հայ ցուցարարներուն սպաներէնով «մարդասպան» վանկարկումին ի պատասխան` լայն ժպտացած եւ մատներով ցոյց տուած էր ծայրայեղ աջակողմեան ազգայնական, ահաբեկչական «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան յայտնի նշանը, որ կը խորհրդանշէ թրքական ազգայնականութիւնը:


