 Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Յառաջիկայ հինգշաբթի օր պիտի հիւրընկալենք բռնագրաւեալ Երուսաղէմի մէջ իսրայէլեան քաղաքականութեան եւ ապօրինի քայլերու դիմակայման արաբական նախարարական յանձնախումբի արտակարգ ժողով մը` Աքսայի մզկիթին մէջ իսրայէլեան վտանգաւոր մագլցումը քննարկելու համար»:

Նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց. «Յորդանանի նախագահած յանձնախումբին մաս կը կազմէ Թունուզը` իբրեւ ներկայ արաբական վեհաժողովին նախագահը, Ալճերիան, Պաղեստինը, Քաթարը, Եգիպտոսը եւ Մարոքը:
«Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները` իբրեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ, կը մասնակցի ժողովին, որուն ներկայ պիտի գտնուի Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ»: