Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը նախագահ Պայտընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ամէնամեայ ուղերձին առիթով յայտարարութիւն հրապարակած է:
«Ամերիկահայերը նախագահ Պայտընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք Միացեալ Նահանգներէն կ՛ակնկալեն շօշափելի քայլեր` Հայոց ցեղասպանութեան համար արդարութեան ապահովման եւ երկրորդ ցեղասպանութիւնը կանխարգիլելու համար, որ կը բխի Հայաստանի դէմ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի շարունակական սպառնալիքներէն եւ յարձակումներէն:
«Նախագահ Պայտըն Քոնկրեսին առաջին անգամ միանալէ եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ոգեկոչելէ ետք, հաստատած է Միացեալ Նահանգներու` Ազրպէյճանին շարունակական ռազմական օգնութիւնը: Միացեալ Նահանգներու հարկատուներու կողմէ ֆինանսաւորուող օգնութիւնը նիւթապէս կ՛ուժեղացնէ եւ բարոյապէս կը քաջալերէ քարիւղով հարուստ բռնապետական դժոխքը, որ հակուած է աւարտին հասցնելու հայկական պետութեան նկատմամբ ցեղասպանութիւնը: Նախագահ Պայտընի գրառումը, ցաւօք, կ՛արտացոլացնէ Ցեղասպանութեան ճանաչման տառը, սակայն ոչ` իրական ոգին: Ոչ մէկ առարկայական ճնշում Թուրքիոյ վրայ` հաշուի առնելու իր այսօրուան պարտաւորութիւնները, ոչ մէկ հակազդեցութիւն` Արցախի դէմ Ազրպէյճանի ցեղասպանական բռնութեան, ոչ մէկ ուժային հակազդեցութիւն` Անգարայի կողմէ այս յանցագործութեան շարունակական ժխտման նկատմամբ, ոչ մէկ աշխուժ աջակցութիւն` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու կրթական ծրագիրներուն: Ան կրնայ եւ պարտաւոր է աւելին ընել»:
2021 թուականին, Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալէ ընդամէնը մէկ օր առաջ, նախագահ Պայտընը հրաժարեցաւ «907-րդ բանաձեւի» կատարումէն, ինչը կ՛արտօնէ շարունակել Միացեալ Նահանգներու օգնութիւնը Ազրպէյճանի մենատիրական վարչակարգին, որ Թուրքիոյ հետ միասին 44-օրեայ աւերիչ պատերազմ սկսաւ Հայաստանի դէմ: Ազրպէյճանը կը շարունակէ Արցախի դէմ իր յարձակումները եւ ապօրինաբար զօրքեր կը տեղակայէ Հայաստանի գերիշխան տարածքին մէջ: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի եւ Միացեալ Նահանգներու կրօնական, բարոյագիտական եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններէն բաղկացած դաշինքը նախագահ Պայտընին քանիցս կոչ ուղղած է Ազրպէյճանը զինելը դադրեցնելու:
«Ինչպէս վերջին շաբաթներու ընթացքին բազմիցս յայտարարած ենք, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը շարունակէ աշխատիլ Ազրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան զինուորական օժանդակութեան կասեցման, ըստ այնմ «907-րդ բանաձեւ»-ի պահանջներու վերականգնման, դաշնակցային մակարդակի վրայ Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդումի ապահովման համար Քոնկրեսի գրադարանին համապատասխան ելեւմտական միջոցներու յատկացման, ինչպէս նաեւ Հայաստանին ու Արցախին տրամադրուող ամերիկեան ելեւմտական օժանդակութեան չափի մեծացման ուղղութիւններով»:


