Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն. «107 Տարի Ետք Ամերիկացի Ժողովուրդը Կը Շարունակէ Յարգել Ցեղասպանութեան Ժամանակ Զոհուած Հայերու Յիշատակը»

April 26, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ապրիլ 24-ին յղեց Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին նուիրուած ուղերձ մը` վերահաստատելով ամերիկեան կողմէ յանձնառութիւնը` զգօն ըլլալու ընդդէմ ատելութեան կործանարար ազդեցութիւններու եւ կառուցելու աւելի խաղաղ աշխարհ:

«1915 թուականի ապրիլ 24-ին օսմանեան իշխանութիւնները Կոստանդնուպոլիսի մէջ ձերբակալեցին հայ մտաւորականներն ու համայնքի ղեկավարները: Այդպիսով, սկսաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը` 20-րդ դարու վատագոյն զանգուածային կոտորածներէն մէկը: Այսօր մենք կը յիշենք մէկ ու կէս միլիոն հայերը, որոնք ոչնչացման արշաւի ընթացքին տեղահանուեցան, սպաննուեցան կամ մահուան երթի դուրս եկան, եւ կը սգանք այդքան շատ կեանքերու ողբերգական կորուստը:

«Խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան մասին` մենք կը վերահաստատենք մեր խոստումը` զգօն ըլլալու կործանարար ատելութեան ազդեցութեանը նկատմամբ` անոր բոլոր դրսեւորումներով: Մենք վերստին կը պարտաւորուինք խօսիլ եւ դադրեցնել կոտորածները, որոնք աշխարհի վրայ մնայուն սպիներ կը ձգեն: Նոյն ատեն, սգալով այն բոլորին համար, ինչ կորսնցուցինք Մեծ եղեռնի ընթացքին, մենք պէտք է կրկնապատկենք մեր ջանքերը` ապաքինելու եւ կառուցելու աւելի լաւ, աւելի խաղաղ աշխարհ, որ կը փափաքինք մեր երեխաներուն: Աշխարհ, ուր կը յարգուին մարդու իրաւունքները, ու մոլեռանդութեան եւ անհանդուրժողականութեան չարիքներով չի նշանաւորուիր մեր ամէնօրեայ կեանքը, եւ ուր մարդիկ ամէնուր ազատ են իրենց կեանքը արժանապատիւ ու անվտանգ ապրելու:

«Ասիկա նաեւ պահն է` խօսելու հայ ժողովուրդի ուժի եւ տոկունութեան մասին: Ցեղասպանութեան դիմանալէ ետք հայ ժողովուրդը վճռական էր` կառուցելու իր համայնքն ու մշակոյթը, շատ յաճախ արդէն նոր տան ու երկիրի մէջ, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ամերիկայի հայերը Միացեալ Նահանգներու կենսական մասն են: Անոնք մեր երկիրը աւելի ուժեղ ու աւելի եռանդուն կը դարձնեն` նոյն ատեն շարունակելով իրենց հետ կրել ողբերգական յիշողութիւնը, թէ ինչէ ստիպուած էին վերապրիլ իրենց նախնիները: Կը ճանչնանք անոնց ցաւը եւ կը յարգենք անոնց պատմութիւնը:

«Այսօր` 107 տարի ետք, ամերիկացի ժողովուրդը կը շարունակէ յարգել բոլոր հայերը, որոնք կորսուեցան Ցեղասպանութեան ժամանակ»:

Միւս կողմէ` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու նախագահին ուղերձը` յայտարարելով, որ զայն կը նկատէ «քաղաքական նպատակներով պատմական իրողութիւնները խեղաթիւրող»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ընդգծուի. «Թուրքիան յարգանքով կը յիշէ օսմանցի բոլոր քաղաքացիներու, ներառեալ հայերու ապրած ցաւերը եւ կը մերժէ այդ վիշտը քաղաքականութեան նիւթ դարձնելու փորձերը»:

«Անգարան կողմնակից է 1915 թուականի դէպքերու անկողմնակալ գիտական եւ իրաւական սկզբունքներու ծիրին մէջ ուսումնասիրութեան եւ այս առումով առաջարկած է պատմաբաններու յանձնախումբ հիմնել` բանալով իր արխիւները»:

«Թուրքիան ջանքեր կը գործադրէ տարածաշրջանին մէջ ու աշխարհի վրայ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար: Հայաստանի հետ սկսած կարգաւորման հոլովոյթը այս մտայնութեան մէկ այլ ցուցանիշն է», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարելով` Միացեալ Նահանգներու նախագահին ու Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը մեղադրեց երկերես մօտեցման համար:

«Արեւմտեան որոշ ղեկավարներ վերջերս կը պաշտպանեն այն տեսակէտը, որ «ցեղասպանութիւն»-ը միայն դատարանի որոշումով կրնայ հաստատուիլ: Ճիշդ է: Սակայն նոյն մարդիկը 1915 թուականի դէպքերու համար քաղաքական դրդապատճառներով օգտագործած են «ցեղասպանութիւն» բառը` առանց իրաւասու դատարանի որոշման, եւ ասիկա անոնց երկերեսանիութեան ամէնէն ցայտուն օրինակն է», գրեց Չաւուշօղլու:

 

Նախորդը

«Ատելութիւնն Ու Բռնութիւնը Այլեւս Երբեք Պէտք Չէ Անտարբերութեան Մատնուին» Կ՛ըսէ Քանատայի Վարչապետը

Յաջորդը

«Նախագահ Պայտըն Պէտք Է Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումէն Անցնի Շօշափելի Քայլերու» Կ՛ըսէ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.