Տոնպասի համար պայքարը արդէն քանի մը օրէ ի վեր կը շարունակուի: Ռուսական զօրքերը աշխուժացուցած են Լուկանսքի եւ Տոնեցքի շրջաններուն մէջ յարձակողական գործողութիւնները: «ՌՊՔ Ուքրանիա»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Մոթուզիանիք:
Անոր համաձայն, վերջին քանի մը օրուան ընթացքին ռուսական զօրքերը զգալիօրէն արագացուցած են շփման գիծի գրեթէ ամբողջ երկայնքին կատարուող յարձակողական գործողութիւնները արեւելեան մարտական գօտիին մէջ եւ աւելցուցած հրթիռային ու հրետանային յարձակումներու թիւը: «Այժմ կարելի է ըսել, որ այս վճռական ճակատամարտը արդէն սկսած է», ըսած է Մոթուզիանիք:
Անոր կարծիքով` արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ ռուս զինուորներու լայնածաւալ յարձակումը ուշ կամ կանուխ տեղի պիտի ունենար. այս տարածքին մէջ ռուս զինուորներու ուքրանական քաղաքներն ու գիւղերը մեծ ու փոքր ամրոցներ են: «Անոնք համարձակօրէն կը պահեն պաշտպանութիւնը եւ կը խոչընդոտեն թշնամիին շարժումները: Անոնք չեն արտօներ մեր բոլոր տարածքները գրաւելու անոր ծրագիրները իրագործել: Ուստի Տոնպասի ճակատամարտը, առանց չափազանցութեան, Ուքրանիոյ համար վճռորոշ ճակատամարտ է», ընդգծած է Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը:
Ըստ անոր, Ռուսիան կը փորձէ մինչեւ 9 մայիս ամբողջութեամբ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի շրջաններու տարածքները գրաւել: «Այժմ անոնց նպատակը շատ յստակ է` Տոնեցքի եւ Լուկանսքի վարչական շրջաններէն դուրս մղել ուքրանական ուժերը եւ պահպանել «ցամաքային միջանցքը» դէպի ժամանակաւորապէս բռնագրաւուած Խրիմ: Ճիշդ այս «յաղթանակն» է, որ անոնց կառավարութիւնը պիտի փորձէ «վաճառել» իր հասարակութեան», ըսած է Մոթուզիանիք:


