«Ամերիկեան Միջոցներով Ռուսիոյ Վրայ Կրակելու Պարագային Պիտի Թիրախւորուին Որոշումներու Կայացման Կեդրոնները» Կ՛ըսէ Մետվետեւ
Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է, որ եթէ Ուքրանիան ամերիկեան ժամանակակից հրետանային միջոցներով կրակէ ռուսական տարածքի վրայ, Մոսկուան հարուածով պիտի պատասխանէ որոշումներու կայացման կեդրոններուն: «Ի հարկէ, մենք պէտք է արձագանգենք այդ սպառնալիքին, եւ շատ ակնյայտ է, որ եթէ, Աստուած մի արասցէ, այդ զինատեսակները կիրարկուին ռուսական տարածքներու դէմ, այս պարագային մեր երկրի զինեալ...




















