Միջազգային

Պելճիքան Դարձաւ Աշխարհի Վրայ Առաջին  Երկիրը, Որ Կապիկի Ծաղիկով Վարակուածներուն Համար  Պարտադիր Մեկուսացում Կը Հաստատէ

Պելճիքան Դարձաւ Աշխարհի Վրայ Առաջին Երկիրը, Որ Կապիկի Ծաղիկով Վարակուածներուն Համար Պարտադիր Մեկուսացում Կը Հաստատէ

Պելճիքայի իշխանութիւնները աշխարհի վրայ առաջին պարտադիր մեկուսացումը հաստատեցին Կապիկի ծաղիկով վարակուածներու համար: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Նիուզ» կայքը` մանրամասնելով, որ մեկուսացումը պիտի տեւէ երեք շաբաթ: Յիշեցնենք, որ հիւանդութիւնը արդէն յայտնաբերուած է Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Աւստրիոյ, Սպանիոյ, Պելճիքայի, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Շուէտի, Իտալիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի եւ ափրիկեան երկիրներու մէջ: Կապիկի ծաղիկը հազուագիւտ ժահրային վարակ է, որ կրնայ նաեւ մարդոց միջեւ փոխանցուիլ:...

Սպառնալով Թայուանը Պաշտպանելու Համար  Զինուորական Ուժ Կիրարկել`  Պայտըն Ասիոյ Եւ Խաղաղական Ովկիանոսի Շրջանին Մէջ 13 Երկիրներու Մասնակցութեամբ Տնտեսական Նոր Գործընկերութիւն Մը Յայտարարեց

Սպառնալով Թայուանը Պաշտպանելու Համար Զինուորական Ուժ Կիրարկել` Պայտըն Ասիոյ Եւ Խաղաղական Ովկիանոսի Շրջանին Մէջ 13 Երկիրներու Մասնակցութեամբ Տնտեսական Նոր Գործընկերութիւն Մը Յայտարարեց

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ պիտի օգնեն Թայուանին չինական ներխուժումէն պաշտպանելու»` շեշտելով. «Չինաստանը Թայուանի հարցով կրակի հետ կը խաղայ»: Պատասխանելով ամերիկեան լրատուամիջոցներու այն հարցումին, թէ արդեօք Թայուանի դէմ չինական լայնածաւալ յարձակումի պարագային Ուաշինկթըն, ի տարբերութիւն ուքրանական դէպքերուն, այլ մօտեցում պիտի որդեգրէ՞, Սպիտակ տան ղեկավարը յայտնեց. «Այո: Մենք ստանձնած պարտաւորութիւն ունինք: Կացութիւնը հետեւեալն է` մենք համաձայնած ենք «Մէկ...

Էրտողան Ֆինլանտայի Եւ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի  Անդամակցութեան Թուրքիոյ Համամտութեան  Համար Գին Մը Կը Պահանջէ

Էրտողան Ֆինլանտայի Եւ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Թուրքիոյ Համամտութեան Համար Գին Մը Կը Պահանջէ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտնեց. «ՕԹԱՆ-ի ընդլայնման քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ եւ դաշինքին օգուտ պիտի չբերէ, եթէ անվտանգութեան նրբութիւնները նկատի չառնուին»: «Թուրքիան` իբրեւ ՕԹԱՆ-ի համար գին վճարած երկիր, իր ազգային անվտանգութեան վերաբերեալ դիւանագիտական փարթամ յայտարարութիւններուն տեղ շօշափելի քայլեր կ՛ուզէ տեսնել», յայտարարեց Էրտողան: Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարար Փեքա Հաւիսթօ մէկ օր առաջ նախատեսած էր, որ Հելսինքիի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը քանի մը շաբաթ...

«Մոսկուան Պատրաստ Է, Ուքրանիոյ Կառուցողական  Դիրքորոշման Պարագային, Վերադառնալու  Քիեւի Հետ Բանակցութիւններուն»  Կ՛ըսէ Ռուտենքօ

«Մոսկուան Պատրաստ Է, Ուքրանիոյ Կառուցողական Դիրքորոշման Պարագային, Վերադառնալու Քիեւի Հետ Բանակցութիւններուն» Կ՛ըսէ Ռուտենքօ

Ռուսական կողմը պատրաստ է վերադառնալու Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւններու սեղան, անմիջապէս որ Քիեւ կառուցողական դիրքորոշում ցուցաբերէ եւ Մոսկուայի առաջարկներուն պատասխան ներկայացնէ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ լրագրողներուն ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօ: «Բանակցութիւնները սառեցնելը, զանոնք դադարի վիճակի բերելը մեր նախաձեռնութիւնը չէր: Մենք պատրաստ ենք վերադառնալու բանակցութիւններուն, անմիջապէս որ Ուքրանիան կառուցողական դիրքորոշում ցուցաբերէ, գոնէ մեր...

Սաստիկ Աւազամրրիկ Մը Հարուածած Է  Իրաքը. Վնասուած Են 2000 Անձեր

Սաստիկ Աւազամրրիկ Մը Հարուածած Է Իրաքը. Վնասուած Են 2000 Անձեր

Իրաքի մէջ աւելի քան 2000 մարդիկ վնասուած են երկիրը պատուհասած ուժեղագոյն աւազամրրիկին պատճառով: Այս մասին հաղորդեց «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: «Արապիա»-ի համաձայն, վնասուածներուն մօտ շնչառական խնդիրներ, շնչահեղձութեան նշաններ կան: Երկուշաբթի հաղորդուած էր, որ միայն  Քերպալայի եւ Նաժաֆի մէջ աւելի քան 300 իրաքցի բժշկական օգնութեան դիմած է: Իշխանութիւնները կիրակի օր երկուշաբթին պետական հիմնարկներուն մէջ ոչ աշխատանքային օր յայտարարած էին, բացառութեան առողջապահութեան,...

Շուշիի Մէջ Փողոց Մը Կոչած Են  Աթաթուրքի Անունով

Շուշիի Մէջ Փողոց Մը Կոչած Են Աթաթուրքի Անունով

Շուշիի փողոցներէն մէկը կոչուած է Քեմալ Աթաթուրքի անունով: «Թուիթըր»-ի իր պաշտօնական էջին վրայ այս մասին կը յայտնէ Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ճահիթ Պաղճը` նշելով, որ Շուշիի կարեւոր փողոցներէն մէկը կը կրէ այդ անունը: Թուրք դեսպանը նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Շուշիէն լուսանկար մը հրապարակելով նշած է, որ թէյ կը խմէ, եւ թէյը այդ պահուն համ կու տայ:

Ճոնսըն Էրտողանին Կոչ Ուղղած Է` Մինչեւ  ՕԹԱՆ-ի Յունիսեան Վեհաժողովը Լուծելու  Ֆինլանտայի Եւ Շուէտի Հետ Տարակարծութիւնները

Ճոնսըն Էրտողանին Կոչ Ուղղած Է` Մինչեւ ՕԹԱՆ-ի Յունիսեան Վեհաժողովը Լուծելու Ֆինլանտայի Եւ Շուէտի Հետ Տարակարծութիւնները

Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն դիմած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին` խնդրելով մինչեւ յունիսին տեղի ունենալիք ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի մեկնարկը կարգաւորել Ֆինլանտայի եւ Շուէտի հետ իր տարակարծութիւնները: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Ան նախագահ Էրտողանին կոչ ուղղած է աշխատելու շուէտացի, ֆինլանտացի եւ ՕԹԱՆ-ի գործընկերներու հետ` յաջորդ ամիս Մատրիտի մէջ տեղի ունենալիք վեհաժողովէն առաջ լուծելու որեւէ մտահոգութիւն, եւ ըսած է, որ...

«Կապիկի Ծաղիկ Հիւանդութիւնը Մտահոգութեան  Աղբիւր Է, Եւ Պատուաստներու Ու Գոյութիւն  Ունեցող Դարմաններու Հարցը Կը Քննարկենք»  Կ՛ըսէ Պայտըն

«Կապիկի Ծաղիկ Հիւանդութիւնը Մտահոգութեան Աղբիւր Է, Եւ Պատուաստներու Ու Գոյութիւն Ունեցող Դարմաններու Հարցը Կը Քննարկենք» Կ՛ըսէ Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց. «Կապիկի ծաղիկ հիւանդութիւնը մտահոգութեան աղբիւր է, եւ պատուաստներու ու գոյութիւն ունեցող դարմաններու հարցը կը քննարկենք»: Սննդեղէնի եւ դեղորայքի ամերիկեան վարչութիւնը համամիտ գտնուեցաւ Կապիկ ծաղիկի դարմանման համար նոր դեղի կիրարկման: Նիւեորքեան «ՍԻԿԱ Թեքնոլոճիզ» ընկերութիւնը յայտարարեց, որ կանաչ լոյս ստացած է արտադրելու «Թի.Փի.Օ.Էքս.Էքս»-ի 4-րդ տարբերակը: Արտօնութիւն տրուեցաւ բերանի ճամբով օգտագործուող «Թի.Փի.Օ.Էքս.Էքս» դեղի Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ եւ...

Թեհրանի Մէջ Ահաբեկուած Է Յեղափոխական  Պահակագունդի Սպաներէն Մէկը

Թեհրանի Մէջ Ահաբեկուած Է Յեղափոխական Պահակագունդի Սպաներէն Մէկը

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց, որ երէկ մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ ահաբեկուած է Հասան Սայատ Խատիարին` աւելցնելով. «Ահաբեկչական գործողութիւնը գործադրուեցաւ յեղափոխութեան թշնամիներուն եւ համաշխարհային ամբարտաւանութեան հետեւորդներուն կողմէ»: Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ահաբեկումը կատարուած է Թեհրանի Մուաժհինի Իսլամ թաղին մէջ մոթորսիքլեթ նստած երկու անձերու կողմէ: Դէպքը պատահած է շուրջ ժամը 4:00-ին, սպային տան մօտ եղող փոքր թաղի մը մէջ, երբ ան...

«Փութին Պէտք Է Ուքրանիոյ Մէջ  Պարտուի»  Կ՛ըսէ Թրաս

«Փութին Պէտք Է Ուքրանիոյ Մէջ Պարտուի» Կ՛ըսէ Թրաս

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լիզ Թրաս յայտնեց, որ ինք դէմ է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` Ռուսիոյ ուքրանական ճգնաժամէն «դուրս գալու կարելիութիւն» տրամադրելու գաղափարին: «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պէտք է Ուքրանիոյ մէջ պարտութիւն կրէ, եւ պէտք է Ուքրանիոյ գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան վերականգնումը տեսնենք, եւ մենք մեր այդ փափաքը շատ յստակ յայտնեցինք», ըսաւ բրիտանական դիւանագիտութեան պետը: Պատասխանելով Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու`...

«Սէուտական Արաբիոյ Եւ Արաբական  Միացեալ Էմիրութիւններու Հետ  Տարակարծութիւնները Շրջանցեցինք»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Սէուտական Արաբիոյ Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Հետ Տարակարծութիւնները Շրջանցեցինք» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ իր երկիրը Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ բազմաթիւ հասարակաց կէտեր ունի, եւ անոնց հետ «տարակարծութիւնները շրջանցեցինք»: Ըստ անոր, Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ տարակարծութիւնները «մէկ ընտանիքի մէջ տարակարծութիւններ են, եւ անոնք շրջանցուեցան»: «Ռիատի եւ Ապու Տապիի հետ տարակարծութիւնները շրջանցեցինք եւ առեւտուրի, ճարտարարուեստի, պաշտպանական ճարտարարուեստի, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ...

«Նոր Անդամներու ՕԹԱՆ Մուտքը Ոչ Մէկ  Երկրի Համար Վտանգ Կը Ներկայացնէ»  Կ՛ըսէ Պայտըն

«Նոր Անդամներու ՕԹԱՆ Մուտքը Ոչ Մէկ Երկրի Համար Վտանգ Կը Ներկայացնէ» Կ՛ըսէ Պայտըն

Միացեալ Նահանգներ ամբողջովին կ՛աջակցին Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ին միանալու պատմական որոշումին: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն: Սպիտակ տան ղեկավարը ըսած է, որ Շուէտի եւ Ֆինլանտայի դիմումները եւրոպական անվտանգութեան մէջ շրջադարձային են, եւ ցամաքամասի հիւսիսը գտնուող երկիրներու ՕԹԱՆ-ին միացումը պիտի ամրապնդէ ամբողջ դաշինքին դիրքերը: «Ես ուղղակի կ՛ըսեմ` նոր անդամներու ՕԹԱՆ մուտքը...

«Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերուն Հետ  Մեր Յարաբերութիւնները Սերտ Են,  Եւ Ռուս Պաշտօնատարներու Հետ  Անոնց Հանդիպումներուն Իրազեկ Ենք»  Կ՛ըսէ Փենթակոն

Փենթակոն. «Կը Կարծենք, Որ Ուքրանիոյ Տագնապին Տեւողութիւնը Երկար Պիտի Ըլլայ»

Ռուսական ուժերը տակաւին բարոյական ու գումակային խնդիրներ կը դիմագրաւեն: ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութենէն` Փենթակոնէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը: «Մեր նախատեսութիւններուն մէջ շատ զգուշ ենք: Ամբողջական վճռականութիւնը ունինք իրենք զիրենք պաշտպանելու համար ուքրանացիներուն օգնելու ամէն ջանք թափելու», ըսած է պաշտօնատարը` աւելցնելով, որ ուքրանացիք պատերազմի դաշտին մէջ շատ յաջող են, ղեկավարման մակարդակի վրայ խնդիրներ...

Իրանն Ու Ազրպէյճանը Անվտանգութեան  Հարցեր Կը Քննարկեն

Իրանն Ու Ազրպէյճանը Անվտանգութեան Հարցեր Կը Քննարկեն

Ազրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւ այցելած է Թեհրան, ուր հանդիպում ունեցած է Իրանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Մոհամետ Պաղերիի հետ: ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, «հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են շրջանային վերջին զարգացումները, Ազրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ յարաբերութիւններու ընդլայնումը»: Բացի ատկէ, ազրպէյճանցի պաշտօնատարը Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցած է նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ...

«ՕԹԱՆ-ը Երկրին Մէջ Ռազմակայաններ  Կամ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չտեղակայէ»  Կ՛ըսէ Ֆինլանտայի Վարչապետը

«ՕԹԱՆ-ը Երկրին Մէջ Ռազմակայաններ Կամ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չտեղակայէ» Կ՛ըսէ Ֆինլանտայի Վարչապետը

Ֆինլանտայի վարչապետ Սաննա Մարին ըսած է, որ ՕԹԱՆ-ին անդամակցելէ ետք օրակարգի վրայ երկրին մէջ ռազմակայաններու կամ հիւլէական զէնքի տեղակայման հարց չկայ: «Այս նիւթը չի քննարկուիր, եւ ամէն ինչ կախեալ է մեր ազգային որոշումներէն, ոչ ոք մեզի ռազմակայաններ կամ հիւլէական զէնք պիտի չպարտադրէ, եթէ մենք ատիկա չուզենք: Եւ ես չեմ կարծեր, որ ՕԹԱՆ-ը շահագրգռուած է Ֆինլանտայի մէջ հիւլէական զէնք տեղակայելով կամ...

Ըստ «Թիւրքիէ» Օրաթերթին.  Թուրքիա 5 Պայմաններով Կրնայ Շուէտի  Եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութիւնը Ընդունիլ

Ըստ «Թիւրքիէ» Օրաթերթին. Թուրքիա 5 Պայմաններով Կրնայ Շուէտի Եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութիւնը Ընդունիլ

Թրքական «Թիւրքիէ» օրաթերթը նշեց. «Անգարան Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան վերաբերեալ իր դիրքորոշումը կրնայ վերատեսութեան ենթարկել, եթէ անոնք ընդառաջեն Թուրքիոյ կողմէ 5 պայմաններու»: Օրաթերթը նշեց, որ Թուրքիան յառաջիկայ երկուշաբթի օր Անգարա այցելել ծրագրող շուէտացի եւ ֆինլանտացի դիւանագէտներուն համար պատրաստած է այսպէս կոչուած «Սկանտինաւեան թղթածրար»-ը, որ կը ներառէ 5 կէտեր, որոնք կը վերաբերին Շուէտի եւ Ֆինլանտայի կողմէ «ահաբեկչութեան աջակցութեան», Քրտական աշխատաւորական...

Վրաստանն Ու Ռուսիան Քննարկած Են  Հարաւային Օսեթիոյ Հանրաքուէի Հարցը

Վրաստանն Ու Ռուսիան Քննարկած Են Հարաւային Օսեթիոյ Հանրաքուէի Հարցը

Մոսկուան եւ Թիֆլիսը քննարկած են Հարաւային Օսեթիոյ հանրապետութեան` Ռուսիոյ միանալու հանրաքուէի հարցը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին ռուսական լրատուամիջոցներուն յայտնած է Ռուսիոյ խորհրդարանի վերին պալատի` Դաշնակցային խորհուրդի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Կրիկորի Քարասին: Ռուս պաշտօնատարը, սակայն, չէ յստակացուցած, թէ այս նիւթը որո՛ւ հետ եւ ի՛նչ ձեւաչափով քննարկած է: Հարաւային Օսեթիոյ գործող ղեկավար Անաթոլի Պիպիլով Ռուսիոյ միանալու հարցով...

Չաւուշօղլուն Յայտնած Է Թուրքիոյ,  Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ Եւ ՄԱԿ-ի  Պատուիրակութիւններու Հանդիպման Մասին

Չաւուշօղլուն Յայտնած Է Թուրքիոյ, Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ Եւ ՄԱԿ-ի Պատուիրակութիւններու Հանդիպման Մասին

Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ, Թուրքիոյ եւ ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերով հաղորդակցութեան խումբի նիստը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օրերուն: «Նիուզ» կը հաղորդէ, որ այս մասին Ուաշինկթընի մէջ յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու: «Գոյութիւն ունի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի առաջարկած` մարդասիրական հարցերու հաղորդակցութեան խումբ, որուն մաս կը կազմեն ՄԱԿ-ը, Թուրքիան, Ռուսիան եւ Ուքրանիան: Մենք յառաջիկայ օրերուն կը նախատեսենք թեքնիք մակարդակով նիստ գումարել», յայտնած...

Ֆինլանտան Եւ Շուէտը Պաշտօնապէս ՕԹԱՆ-ին  Անդամակցելու Համար Դիմում Ներկայացուցած Են.  Սթոլթենպերկ Զայն Որակած Է «Պատմական Քայլ»

Ֆինլանտան Եւ Շուէտը Պաշտօնապէս ՕԹԱՆ-ին Անդամակցելու Համար Դիմում Ներկայացուցած Են. Սթոլթենպերկ Զայն Որակած Է «Պատմական Քայլ»

ՕԹԱՆ-ի մէջ Ֆինլանտայի եւ Շուէտի դեսպանները դաշինքի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկին պաշտօնապէս ներկայացուցած են իրենց երկիրներու ՕԹԱՆ-ին միանալու դիմումները: Յանձնման առցանց արարողութիւնը հեռարձակած է դաշինքի մամլոյ ծառայութիւնը: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: Սթոլթենպերկ ըսած է, որ ՕԹԱՆ-ը կ՛ողջունէ դաշինքին միանալու Շուէտի եւ Ֆինլանտայի դիմումները, մտադիր է ապահովել, որ ատոր համար անհրաժեշտ բոլոր հարցերը կարելի եղածին չափ շուտ լուծուին: Ան...

Էրտողան ՕԹԱՆ-էն Կը Պահանջէ  Յարգել Թուրքիոյ Ազգային Շահերը

Էրտողան ՕԹԱՆ-էն Կը Պահանջէ Յարգել Թուրքիոյ Ազգային Շահերը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ իշխող խորհրդարանական խմբակցութեան հետ երէկ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին դարձեալ անդրադառնալով Ֆինլանտայի եւ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու հարցին, ըսած է, որ Անգարան ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցներէն կ՛ակնկալէ յարգել Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան պահանջները: Նշելով, որ ռուս-ուքրանական պատերազմի լոյսին տակ ՕԹԱՆ-ը կը ձգտի ուժեղացնել իր արեւելեան թեւը, Էրտողան ըսած է. «Մեր երկիրը միշտ կատարած է Հիւսիսատլանտեան դաշինքի ծիրին մէջ...

Page 265 of 882 1 … 264 265 266 … 882

Արխիւներ