Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող «Ֆայլաք Շամ» զինեալ խմբաւորման տասնեակներով զինեալներ սպաննուեցան ու վիրաւորուեցան, երբ հիւսիսային Իտլիպի մէջ Սուրիա-Թուրքիա սահմանին մօտ խմբաւորման պատկանող զինապահեստանոցի մը մէջ մեծ պայթում մը տեղի ունեցաւ: Այս մասին հաղորդեց «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:
Տեղական աղբիւրներ յայտնած են, որ չորեքշաբթի գիշերուան պայթումը պատահած է հրթիռներ ու զէնքեր պարունակող եւ Պապսաքա գիւղին մօտ գտնուող մեծ պահեստանոցի մը մէջ:
Պայթումին պատճառը կը շարունակէ մնալ անծանօթ, սակայն ըստ կարգ մը տեղեկութիւններու, ատիկա հետեւանք է անծանօթ անօդաչու թռչող սարքով յարձակումի մը:
Հրթիռներու եւ զինամթերքի իրերայաջորդ պայթումներուն պատճառով մօտակայ գիւղերուն մէջ քաղաքայիններ վիրաւորուած են:
Աղբիւրներ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ պայթումը տեղի ունեցած է, երբ զինապահեստանոցին մէջ եւ շուրջը տասնեակներով Ֆայլաք Շամի անդամներու ղեկավարներ կային, որոնք պահեստանոցը կը քննէին` առ ի պատրաստութիւն Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջան զէնք-զինամթերքի փոխադրութեան: Աղբիւրները կ՛աւելցնեն, որ ատիկա տեղի կ՛ունենար ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն թրքական գաղտնի սպասարկութեան վերահսկողութեամբ Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջանին մէջ Սուրիոյ բանակի դիրքերուն մօտ սկսած ուժերու կուտակման ծիրին մէջ:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չորեքշաբթի օր Անգարայի մէջ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան անդամներուն հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած էր. «Թուրքիան մուտք կը գործէ Սուրիոյ հետ սահմանի երկայնքին 30 քիլոմեթրնոց անվտանգութեան գօտի ստեղծելուն ուղղուած գործողութեան հերթական փուլ»:
«Յառաջիկային թրքական բանակը Թել Ռիֆաաթի եւ Մընպեժի շրջանները պիտի զտէ այստեղ գործող ահաբեկչական կառոյցներէն: Աստիճանաբար այդ գործողութիւնները պիտի տարածուին նաեւ (Սուրիոյ հիւսիսի) միւս շրջաններուն վրայ», ըսած էր Թուրքիոյ նախագահը:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի լրագրողը չորեքշաբթի օր հաղորդած էր, որ թրքական ուժերը առաջին անգամ ըլլալով Արաբունարի գիւղական շրջանին մէջ թիրախաւորած են ամերիկեան ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքի դիրքերը:
Միւս կողմէ, քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու ընդհանուր հրամանատար Մազլում Ապտի երէկ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարելով զգուշացուց. «Հիւսիսային Թուրքիոյ վրայ որեւէ թրքական յարձակում ժխտական անդրադարձ պիտի ունենայ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ զինուորական գործողութիւններուն վրայ»: