Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կը քննարկէ ձեռնարկումը այնպիսի քայլերու, որոնք Ռուսիոյ պիտի ստիպեն քարիւղ վաճառել շուկայէն ցած գիներով: Անոր համաձայն, Ուաշինկթըն Եւրոպայի մէջ դաշնակիցներու հետ միասին տարբերակներ կը փնտռէ զսպելու համար վառելանիւթի գիները, որոնք կը բարձրանան ուքրանական տագնապի եւ հակառուսական պատժամիջոցներու լոյսին տակ:
«Եւրոպան այժմ որոշում կու տայ առաւել եւս կրճատելու ռուսական քարիւղի գնումները», Սպիտակ տան մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ ըսած է Պայտըն:
«Եւ տարբեր տեսակի հարցեր կը քննարկուին, թէ ի՛նչ կարելի է ընել: Թերեւս նոյնիսկ քարիւղ գնել սահմանափակ գինով», աւելցուցած է Սպիտակ տան ղեկավարը:
Անոր համաձայն, կարելիութիւններէն մէկը կ՛ենթադրէ, որ Ռուսիան քարիւղ վաճառելու «անելանելի կարիք» պիտի ունենայ, սակայն ստիպուած պիտի ըլլայ զայն «վաճառել զգալիօրէն ցած գինով, քան ներկայիս շուկային մէջ կայ»:
Մեկնաբանելով Պայտընի խօսքը` Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց. «Արեւմուտքը կը քննարկէ ռուսական քարիւղը փոխանակ մերժելու, զայն շուկայի գիներէն աւելի աժան գնելու կարելիութիւնը»:
«Յամենայն դէպս, ամէն ինչ իրողական շուկան կը կարգաւորէ, եւ հակառակ պատժամիջոցներու ստեղծած արհեստական դժուարութիւններուն, Ռուսիան անշուշտ որ որեւէ բան վնասով պիտի չծախէ: Յամենայն դէպս, եթէ տեղ մը պահանջարկը նուազի, այլուր կը բարձրանայ, ուստի մղումներուն ուղղութեան փոփոխութիւն կայ եւ (ծախելու) լաւագոյն պայմաններու որոնում», ընդգծեց Փեսքով:
Միւս կողմէ, բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը յայտնեց, որ արեւմտեան երկիրները ուշ կամ կանուխ ստիպուած պիտի ըլլան բանակցելու Ռուսիոյ հետ, որովհետեւ հակառուսական պատժամիջոցներու կողմնակի ազդեցութիւնները կրնան աշխարհը տանիլ շարք մը ճգնաժամերու:
«Այժմ դժուար է հաշտուիլ Քրեմլինի հետ փոխզիջման գաղափարին հետ, սակայն տնտեսական իրողութիւնները մէկ բան կ՛ըսեն` ուշ կամ կանուխ ստիպուած պիտի ըլլան Ռուսիոյ հետ բանակցելու», կը նշէ օրաթերթը:
Իբրեւ պատճառ` օրաթերթը կը նշէ այն փաստը, որ Ռուսիոյ դէմ Արեւմուտքի տնտեսական պատերազմը կ՛ընթանայ ոչ այնպէս, ինչպէս նախատեսուած էր, եւ կապուած է շարք մը կողմնակի ազդեցութիւններու: Մասնաւորաբար, հակառուսական սահմանափակումներու պատճառով զարգացած երկիրները արդէն կը բախին տնտեսական անկումի, ինչպէս նաեւ «աճող գնաճի եւ գործազրկութեան» սպառնալիքին: Զարգացող երկիրները շուտով պիտի զգան վառելանիւթի, պարենային եւ ելեւմտական ցնցումներու համակցութիւն, ինչ որ, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի յանգեցնէ արեւմտեան վարկատուներու նկատմամբ պարտաւորութիւններու շարք մը թերացումներու եւ լիածաւալ համաշխարհային պարտքային ճգնաժամի:
Յատկանշական է, ըստ օրաթերթին, որ Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական համախմբումի քուլիսներուն մէջ արեւմտեան երկիրներու ղեկավարները արդէն սկսած են մտահոգութիւն յայտնել Ուքրանիոյ տագնապին երկարաձգման տնտեսական հետեւանքներուն վերաբերեալ: Միեւնոյն ժամանակ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները յառաջացուցած են վառելանիւթերու գինի լուրջ աճ, ինչ որ զգալիօրէն մեծցուցած է անոր առեւտրական հաշուեկշիռի դրական հաշուեկշիռը:
Կը նշուի, որ ատիկա, ֆոնտային շուկայի մէջ գործունէութիւնը սահմանափակելու Ռուսիոյ կառավարութեան որոշումին հետ միատեղ, լրջօրէն ամրապնդած է ռուբլիի փոխարժէքը: Ռուսիայէն Եւրոպա քարիւղի մատակարարումներու արգելքը, որուն շուրջ համաձայնած են Եւրոպական Միութեան երկիրները, ամբողջութեամբ ուժի մէջ պիտի մտնէ պատժամիջոցներու համապատասխան թղթածրարի որդեգրումէն առնուազն վեց ամիս ետք: Ինչպէս «Տը Կարտիըն» կը նշէ, այս ժամանակահատուածը բաւական է, որպէսզի ռուսական ընկերութիւնները յաջողութեամբ վերակողմնորոշուին դէպի այլընտրանքային սպառողներ: Այդ պատճառով ալ Քրեմլինը ճիշդ կը նկատէ, որ Ռուսիոյ «տնտեսական ցաւի շեմը» աւելի բարձր է, քան Արեւմուտքինը: