Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին մէջ հրապարակուած իր յօդուածին մէջ յայտարարած է, որ ուքրանական տագնապին մէջ Ուաշինկթընի նպատակը Ուքրանիան ժողովրդավարական, ատակ եւ ինքզինք նոր յարձակումներէն պաշտպանելու ունակ երկիր դարձնելն է: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
Անոր համաձայն, «ազատ աշխարհ»-ը եւ այլ պետութիւնները Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ «կանգնած են Ուքրանիոյ կողքին` ցուցաբերելով աննախադէպ զինուորական, մարդասիրական եւ ելեւմտական աջակցութիւն»: Միացեալ Նահանգներու նախագահը ընդգծած է, որ կ՛ուզէ նշել այն նպատակները, զորս Միացեալ Նահանգները կը հետապնդեն «այդ ջանքերու ծիրին մէջ»:
«Ամերիկայի նպատակը յստակ է. մենք կ՛ուզենք տեսնել ժողովրդավարական, անկախ, գերիշխան եւ բարգաւաճող Ուքրանիա մը, որ ունի ապագայ յարձակումէն պաշտպանուելու եւ զայն ետ մղելու համար միջոցներ», շեշտած է ան:
Պայտըն յայտարարած է, որ Ուաշինկթըն Քիեւին պիտի տրամադրէ աւելի կատարելագործուած հրթիռային համակարգեր եւ զինամթերք, որպէսզի ուքրանական զօրքերը «առաւել ճշգրիտ խոցեն մարտադաշտի հիմնական թիախները»:
Միւս կողմէ, «ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լինտա Թամըս Կրինֆիլտ լրագրողներուն յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ զէնք պիտի մատակարարեն իր տարածքին մէջ պաշտպանուելու, սակայն ոչ Ռուսիան հարուածելու համար:
«Առաջին օրէն մենք յստակօրէն յայտարարած ենք, որ Ուքրանիոյ զէնք պիտի տրամադրենք` պաշտպանուելու համար ռուսական յարձակումէն, պաշտպանուելու իրենց սահմաններուն մէջ: Մենք չենք տրամադրեր զէնք, որ ուքրանացիներուն պիտի արտօնէ իրենց տարածքէն յարձակիլ Ռուսիոյ վրայ: Նախագահ Պայտըն հասկցուցած է, որ մենք չենք պատրաստուիր պատերազմի կողմ ըլլալու, սակայն մենք պիտի աջակցինք Ուքրանիոյ` իր գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու ջանքերուն», ըսած է ան:


