Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս նշեց. «Հիւսիսային Սուրիոյ վրայ թրքական որեւէ նոր յարձակում կ՛ականահարէ շրջանային կայունութիւնը եւ կացութիւնը աւելի կը վատթարացնէ»:
«Տակաւին խոր մտահոգութիւն կը զգանք հիւսիսային Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններու հաւանական աճին նկատմամբ քննարկումներուն, մանաւանդ քաղաքային բնակիչներուն վրայ անոնց ազդեցութեան նկատմամբ», ըսաւ ան:
«Կը շարունակենք ներկայ զինադադարի գիծերու պահպանման աջակցիլ եւ կը դատապարտենք որեւէ մագլցում, որ կրնայ վտանգել կացութիւնը: Շատ կարեւոր է, որ բոլոր կողմերը պահպանեն ու զօրավիգ կանգնին զինադադարի շրջաններուն», նշեց Փրայս` աւելցնելով. «Հակառակը ընելու որեւէ փորձ հակառակ արդիւնքներու եւ տագնապի ընդլայնման պիտի յանգի: Որեւէ նոր յարձակում շրջանային կայունութիւնը պիտի ականահարէ»:
Քալըն. «Թուրքիան Սուրիոյ Մէջ Գործողութիւններ Կատարելու Համար Պէտք Չէ Ոեւէ Մէկէ Արտօնութիւն Խնդրէ»
Սուրիոյ հիւսիսը նոր զինուորական գործողութեան Թուրքիոյ ծրագիրները թելադրուած են անոր ազգային անվտանգութեան շահերէն, եւ ան պարտաւոր չէ ոեւէ մէկէն արտօնութիւն խնդրել անդրսահմանային գործողութիւններու համար: Թրքական «Սթար» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն:
«Թուրքիոյ կողմէ իրականացուող գործողութիւնները ամբողջութեամբ թելադրուած են ազգային անվտանգութեան շահերէն: 2019 թուականին թէ՛ ամերիկացիներու, թէ՛ ռուսերու հետ երկու համաձայնագիր ստորագրուած է Եփրատի արեւելեան շրջաններուն առնչուած, սակայն այնտեղէն տակաւին Թուրքիոյ դէմ ուղղուող ահաբեկչութեան վտանգ կայ, այն ամբողջութեամբ չէ անհետացած:
«Ինչպէս նախապէս, մենք պիտի ձեռնարկենք շարք մը անհրաժեշտ միջոցներ, ներառեալ ապահովելու մեր սահմաններու անվտանգութիւնը` զինուորական գործողութիւններ կատարելու համար: Ատիկա Թուրքիոյ ամէնէն օրինական իրաւունքն է, եւ մենք ոեւէ մէկէ արտօնութիւն պիտի չխնդրենք», ըսած է Թուրքիոյ նախագահի բանբերը:
Էրտողան. «Թուրքիան Սուրիոյ Հիւսիսը Իրականացուող Գործողութեան Նոր Փուլին Կը Սկսի»
«Թուրքիան մուտք կը գործէ Սուրիոյ հետ սահմանի երկայնքով 30 քիլոմեթրնոց անվտանգութեան գօտի ստեղծելուն ուղղուած գործողութեան հերթական փուլ», երէկ Անգարայի մէջ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան անդամներուն հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:
«Յառաջիկային թրքական բանակը Թել Ռիֆաաթի եւ Մընպեժի շրջանները պիտի զտէ այստեղ գործող ահաբեկչական կառոյցներէն: Աստիճանաբար այդ գործողութիւնները պիտի տարածուին նաեւ (Սուրիոյ հիւսիսի) միւս շրջաններուն վրայ», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի լրագրողը երէկ հաղորդեց, որ թրքական ուժերը առաջին անգամ ըլլալով Արաբունարի գիւղական շրջանին մէջ թիրախաւորած են ամերիկեան ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքի դիրքերը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն երէկ յայտարարեց. «Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ որեւէ մագլցումի դէմ ենք եւ կը զօրակցինք ներկայ կացութեան պահպանման: