Ուքրանիոյ մէջ ռուսական զինուորական յատուկ գործողութեան ընթացքին փոխուած է Ազովի ծովուն կարգավիճակը: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահին առընթեր Խրիմի մնայուն ներկայացուցիչ, Խրիմի կառավարութեան փոխվարչապետ Կէորկի Մուրատով:
«Յատուկ գործողութիւնը Տոնեցքի ժողովրդական հանրապետութեան արտօնեց հասնիլ Մարիուփոլ եւ ազատագրել ուքրանացի ազգայնականներուն կողմէ բռնագրաւուած հանրապետութեան հարաւային մասը` ատով իսկ ապահովելով ելքը դէպի Ազովի ծով: Այսպիսով, ասիկա արդէն ծով է, որ մենք կը բաժնեկցինք Տոնեցքի ժողովրդական հանրապետութեան հետ», ըսած է Մուրատով:
Անոր համաձայն, ուքրանացի ազգայնականներէն Խերսոնի եւ Չափորոժիէի շրջաններու հարաւային հատուածներու ազատագրումէն եւ անոնց կարգավիճակի որոշումէն ետք, Քիեւի իշխանութիւնները ակնյայտօրէն պիտի կորսնցնեն դէպի Ազովի ծով ելքը:


