Անգարան Ուաշինկթընէն կը պահանջէ կա՛մ փոխել «ԷՖ-35» հալածիչներու մատակարարման ծրագիրին վերաբերեալ իր որոշումը, կա՛մ վերադարձնել գումարը: Այս մասին «Անատոլու» լրատու գործակալութեան խմբագիրներուն տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու:
«Քոնկրեսին մէջ որոշակի գործողութիւններ կան Թուրքիոյ տրամադրելու հարցին մէջ: Ինչ կը վերաբերի «ԷՖ-35»-ներուն, Քոնկրեսը պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ: Մենք կ՛ըսենք` կա՛մ ջնջեցէք այս որոշումը, կա՛մ վերադարձուցէք մեր ներդրած գումարը», ըսած է Չաւուշօղլու:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներ Թուրքիան հեռացուց «ԷՖ-35» հալածիչներու ծրագիրէն, երբ Անգարան ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնեց: