Թուրքիան Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու հարցին վերաբերեալ իր դիրքորոշումը պիտի չփոխէ, եթէ անոնց կողմէ անհրաժեշտ քայլեր չձեռնարկուին: Այս մասին «Տի Էքոնոմիսթ»-ի համար հրապարակուած յօդուածին մէջ յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:
Ֆինլանտան եւ Շուէտը 18 մայիսին ուքրանական իրադարձութիւններու լոյսին տակ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարին դաշինքին միանալու դիմում ներկայացուցած են: Թուրքիան արգելակած է այս դիմումներու ուսումնասիրութեան հոլովոյթի մեկնարկը: Թուրքիոյ նախագահը յայտարարած է, որ Անգարան չի կրնար «այո» ըսել Ֆինլանտայի եւ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան, որովհետեւ չի կրնար հաւատալ անոնց` Թուրքիոյ մէջ արգիլուած Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան ներկայացուցիչներու հետ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հաւաստումներուն:
«Թուրքիոյ առարկութիւնը Շուէտի եւ Ֆինլանտայի (ՕԹԱՆ-ին) անդամակցութեան նոյնպէս վճռական քայլ է, որ այդ երկիրները աջակցին հակաահաբեկչական գործողութիւններուն, որոնք պէտք է իրականացնեն ՕԹԱՆ-ի անդամները: Ահաբեկչութիւնը սպառնալիք է բոլոր անդամ երկիրներուն համար, եւ թեկնածու երկիրները պէտք է ճանչնան այս փաստը, նախքան կազմակերպութեան անդամակցիլը: Եթէ անոնք չձեռնարկեն անհրաժեշտ քայլերուն, Թուրքիան պիտի չփոխէ իր դիրքորոշումը այս հարցին մէջ», ըսած է Էրտողան:


