Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ Եւ Ֆրանսա Կ՛արձագանգեն Պրիւքսելի Մէջ Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումին

Մայիս 27, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրները` Ռուսիան, Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան արձագանգեցին 22 մայիսին Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումին ու այդ ընթացքին գոյացած համաձայնութեան հիմամբ սահմանազատման հարցերով յանձնախումբերու առաջին հանդիպումին:

Զախարովա. «Մոսկուան Կը Յուսայ, Որ Պրիւքսելը Պիտի Օգնէ Իրականացնելու Հայաստանի, Ազրպէյճանի Եւ Ռուսիոյ Միջեւ Համաձայնութիւնները, Եւ Ոչ Թէ Պիտի Փորձէ Աշխարհաքաղաքական Խաղեր Խաղալ»

Մոսկուան կը տեսնէ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ համաձայնութիւններու հոլովոյթին միջամտելու Եւրոպական Միութեան յամառ փորձերը: Այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

Ան նշեց, որ Մոսկուան կը յուսայ, որ Պրիւքսելը պիտի օգնէ իրականացնելու Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ համաձայնութիւնները, եւ ոչ թէ պիտի փորձէ աշխարհաքաղաքական խաղեր խաղալ:

«Մենք կը տեսնենք բարձր մակարդակով եռակողմ համաձայնութիւններու իրականացման հոլովոյթին մէջ մխրճուելու` Եւրոպական Միութեան յամառ փորձերը», ըսաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Ան նշեց, որ Ռուսիոյ նպատակը Կովկասի մէջ կայունութեան եւ բարգաւաճման գօտիի հաստատումն է, որուն ճամբուն վրայ խնդիրներէն մէկը Երեւանի եւ Պաքուի յարաբերութիւններու կարգաւորումն է:

Ան նշած է, որ Մոսկուան Հայաստանին ու Ազրպէյճանին համակողմանի աջակցութիւն կը ցուցաբերէ, ներառեալ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակումը, սահմանազատումը, հասարակական երկխօսութեան հաստատումը եւ խաղաղութեան պայմանագիրի մշակումը:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօ յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման հարցերով յանձնախումբերու յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ յաջորդ շաբաթ Մոսկուայի մէջ:

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետները երեքշաբթի, 24 մայիսին հանդիպում ունեցած էին երկու երկիրներու սահմանին վրայ` սահմանազատման յանձնախումբի աշխատանքի ձեւաչափով:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը օրին յայտարարեց, որ միջպետական սահմանին վրայ հանդիպումներու կողքին` կողմերը համաձայնած են յանձնախումբերու հետագայ հանդիպումներու կատարման համար տարբեր հարթակներ օգտագործելու նպատակայարմարութեան շուրջ: Մասնաւորաբար` համաձայնութիւն գոյացած է երկրորդ հանդիպումը կատարելու Մոսկուայի մէջ, երրորդը` Պրիւքսելի մէջ:

Պլինքըն. «Միացեալ Նահանգները Կ՛ողջունեն Սահմանազատման Հարցերով Յանձնախումբերու Առաջին Միացեալ Նիստի Կայացումը»

Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման հարցերով յանձնախումբերու առաջին միացեալ նիստի կայացումը: Այս մասին թուիթըրեան իր էջին վրայ գրեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն:

«Միացեալ Նահանգները կ՛աջակցին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ ընթացող բանակցութիւններուն եւ կը խրախուսեն շարունակական դրական թափը», գրեց Պլինքըն:

Ան նաեւ կոչ ուղղեց` շարունակելու Հայաստան-Ազրպէյճան երկխօսութիւնը` յանուն շրջանային խաղաղութեան:

Փարիզ Կ՛ողջունէ Պրիւքսելի Մէջ Փաշինեան–Ալիեւ Հանդիպման Արդիւնքները

Ֆրանսան կ՛ողջունէ 22 մայիսին Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի նախաձեռնութեամբ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումի արդիւնքը: Այս մասին կը նշուի Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

«Այս հանդիպումը կողմերուն կարելիութիւն ընձեռեց համաձայնելու սահմանային հարցերով երկկողմանի յանձնախումբի հանդիպման շուրջ: Ֆրանսան իր աջակցութիւնը կը հաստատէ Եւրոպական Միութեան հովանիին տակ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան եւ պիտի շարունակէ խթանել այդ երկխօսութիւնը ազգային մակարդակի վրայ` իբրեւ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի անդամ եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր», կը նշուի Քէ Տորսէի` Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Քլաար. «Մենք Պիտի Աջակցինք Որեւէ Համաձայնագիրի, Որ Երկարատեւ Լուծում Պիտի Երաշխաւորէ»

Իրաւունքներն ու անվտանգութեան հարցը եղած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի սկզբնաւորման հիմնական խնդիրներէն մէկը, եւ առանց այս նիւթին անդրադառնալու չենք կրնար հասնիլ համապարփակ կայուն լուծման: Այս մասին «Նիուզ»-ի հետ բացառիկ հարցազրոյցի մէջ ըսած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը` պատասխանելով այն հարցումին, թէ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելը ի՛նչ նկատի ունէր, երբ Պրիւքսելի մէջ 22 մայիսի եռակողմ հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ զրոյցի մէջ ընդգծած է Ղարաբաղի մէջ ծագումով հայ բնակչութեան իրաւունքներուն ու անվտանգութեան անդրադառնալու անհրաժեշտութիւնը:

«Նախագահ Միշել ընդգծած է այն փաստը, որ, իր կարծիքով, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ միջպետական յարաբերութիւններուն շուրջ բանակցութիւններէն բացի, կարեւոր է անդրադառնալ Ղարաբաղի մէջ ծագումով հայ բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան խնդիրին: Միջպետական յարաբերութիւնները, բնականաբար, շատ կարեւոր են եւ պէտք է կարգաւորուին: Մենք շատ լաւ գիտենք, որ իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը ազգամիջեան. ծիրին մէջ եղած են տագնապի սկզբնաւորման հիմնական խնդիրներէն մէկը: Առանց այս նիւթին անդրադառնալու մենք չենք կրնար համապարփակ կայուն լուծման հասնիլ:

«Ինչ կը վերաբերի կարգավիճակին եւ ինքնորոշման, Եւրոպական Միութիւնը միշտ ունեցած է յստակ դիրքորոշում` մենք պիտի աջակցինք որեւէ համաձայնագիրի, որ պիտի երաշխաւորէ երկարաժամկէտ կայուն լուծումը: Խաղաղութեան հոլովոյթները սովորաբար կ՛ուղեկցուին վախերով, յոյզերով, շահարկումներով եւ սխալ մեկնաբանութիւններով. ատիկա բնական է», ըսած է ան:

Քլաար նշած է, որ այս ծիրին մէջ «կարեւոր է, որ հոլովոյթը ըլլայ կարելի եղածին չափ թափանցիկ, որպէսզի հասարակութիւնները յստակ պատկերացում ունենան այն մասին, թէ ի՛նչ կը քննարկուի»:

«Նաեւ լարուածութիւնը թուլացնելու եւ հռետորաբանութիւնը մեղմացնելու անհրաժեշտութիւն կայ: Եւրոպական Միութիւնը ողջունեց 13 ապրիլին խորհրդարանին մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կատարած արտայայտութիւնները, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին դիրքորոշումը թշնամութեան էջը փակելու եւ տագնապէն վնասուած բոլոր անձերուն համար, ըլլայ այդ ծագումով հայ բնակչութիւնը, թէ վերջին զինուորական գործողութիւններէն տեղահանուած անձեր, ապահով եւ դրական ապագայ ապահովելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ», ըսած է ան:

 

 

Նախորդը

Հազարաւոր Բժիշկներ Ու Հիւանդապահներ` Մեկնած Լիբանանէն, Դեղորայքը` Հարուստներուն, Իսկ Քաղաքացին` Օրուան Հացը Վաստկելու Մարտահրաւէրին Դիմաց

Յաջորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Ազգային Ժողովի Արտակարգ Նիստը Վերջնական Ջրբաժան Է»

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?