Միջազգային

Թրքական Գաղտնի Սպասարկութիւնը Իսրայէլին Կ՛օգնէ Թուրքիոյ Մէջ Իրանեան Վրէժխնդրական Յարձակումը Կանխարգիլելու Համար

Թրքական Գաղտնի Սպասարկութիւնը Իսրայէլին Կ՛օգնէ Թուրքիոյ Մէջ Իրանեան Վրէժխնդրական Յարձակումը Կանխարգիլելու Համար

Իսրայէլեան ապահովական մարմինները աշխատանք կը տանին Թուրքիոյ մէջ իրանեան վրէժխնդրական յարձակում մը կանխարգիլելու համար, այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը` աւելցնելով. «Դէպի Թուրքիա ճամբորդութենէն զգուշացումը տակաւին ի զօրու է»: «Մտավախութիւնները կը բխին այն իրողութենէն, որ իրանցիները վճռած են վրէժ լուծել` հակադարձելով Իսրայէլի վերագրուած ահաբեկումներուն, որոնցմէ ոմանք վերագրուած են իսրայէլեան Մոսատին», յայտնեց օրաթերթը` նշելով. «Իրանցիները աշխատանք կը տանին արտասահմանի մէջ...

Էրտողան Չի Հաւատար, Որ Յունաստանի Մէջ Տեղակայուած Ամերիկեան Ռազմակայանները Ուղղուած Են Ռուսիոյ Դէմ

Էրտողան Չի Հաւատար, Որ Յունաստանի Մէջ Տեղակայուած Ամերիկեան Ռազմակայանները Ուղղուած Են Ռուսիոյ Դէմ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չի հաւատար, որ Յունաստանի մէջ տեղակայուած ամերիկեան ռազմակայանները ուղղուած են Ռուսիոյ դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Մինչեւ հիմա Յունաստանի մէջ ստեղծուած են ամերիկեան 9 ռազմակայաններ: Անոնք որո՞ւ դէմ տեղակայուած են: Կ՛ըսեն` Ռուսիոյ դէմ», ընդգծած է ան` Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի հետ բանակցութիւններէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին: Էրտողան նաեւ յիշեցուցած է,...

«Մեր Նպատակը Մեր Երկրին ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Նկատմամբ Թուրքիոյ Վերապահութիւնները Դարմանելն Է»   Կ՛ըսէ Շուէտի Արտաքին Գործոց Նախարարը

«Մեր Նպատակը Մեր Երկրին ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Նկատմամբ Թուրքիոյ Վերապահութիւնները Դարմանելն Է» Կ՛ըսէ Շուէտի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Ան Լինտէ  յայտնեց, որ իր երկրին նպատակը Սթոքհոլմի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան նկատմամբ Թուրքիոյ վերապահութիւններու դարմանման մէջ շինիչ դիրքորոշումով յառաջ ընթանալն է: Ան այս մասին յայտնեց Շուէտի խորհրդարանին մէջ: «Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութիւնը նաեւ պիտի նպաստէ Թուրքիոյ անվտանգութեան ամրապնդման», ըսաւ Լինտէ` նշելով. «Նոյնպիսի գաղափարներու տէր կողմերու հետ պիտի գործակցինք ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ, եւ այս առումով կ՛ուզեմ հաստատել, որ...

Դամասկոսի Հարաւը Գտնուող Կէտերու Դէմ Իսրայէլեան Յարձակում

Դամասկոսի Հարաւը Գտնուող Կէտերու Դէմ Իսրայէլեան Յարձակում

Զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ երէկ առտու ճիշդ ժամը 4:20-ին Իսրայէլ բռնագրաւեալ Կոլանի ուղղութենէն հրթիռներ արձակած է մայրաքաղաք Դամասկոսի հարաւը գտնուող կարգ մը կէտերու դէմ: Հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը վար առած են իսրայէլեան հրթիռներուն մեծամասնութիւնը: Յարձակումին պատճառով քաղաքային մը վիրաւորուած է, եւ կարգ մը նիւթական վնասներ արձանագրուած են:  

Թուրքիան ու Ազրպէյճանը Պիտի Նշեն Շուշիի Հռչակագիրին Միամեակը

Թուրքիան ու Ազրպէյճանը Պիտի Նշեն Շուշիի Հռչակագիրին Միամեակը

Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պաշտօնատարները Շուշիի հռչակագիրի ստորագրման միամեակին առիթով պիտի հաւաքուին Շուշիի մէջ: «Ռիփորթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Եաւուզ Սելիմ Քիրան: Ան աւելցուցած է, որ Թուրքիան կը նախատեսէ մեծ պատուիրակութեամբ մասնակցիլ յաջորդ շաբաթ Շուշիի մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկին: Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները Շուշիի հռչակագիրը ստորագրած էին 15 յունիս 2021-ին: Հռչակագիրը համագործակցութեան մասին պայմանագիր...

Նետերլանտներն ու Դանիան Դէմ Են Ուքրանիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Թեկնածուի Կարգավիճակի Շնորհման

Նետերլանտներն ու Դանիան Դէմ Են Ուքրանիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Թեկնածուի Կարգավիճակի Շնորհման

Նետերլանտներն ու Դանիան դէմ են Ուքրանիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան կարգավիճակի շնորհման: Այս մասին հաղորդեց «Պլումպըրկ»-ը: Լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ծանօթացած է դանիական դիւանագիտական նամակի մը, որուն մէջ նշուած է, թէ Ուքրանիան ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը երաշխաւորող հաստատութենական կայունութեան վերաբերեալ արժեչափերը պէտք եղած ձեւով չի բաւարարեր: Փաստաթուղթին մէջ նաեւ նշուած է, որ Ուքրանիան տարբեր մարզերու մէջ յառաջդիմութիւն...

Ասատ. «Սուրիան Պաշտօնական Եւ Ժողովրդային Մակարդակի Վրայ Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան»

Ասատ. «Սուրիան Պաշտօնական Եւ Ժողովրդային Մակարդակի Վրայ Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան»

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ «Ռաշա Թուտէյ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց. «Սուրիան պաշտօնական եւ ժողովրդային մակարդակներու վրայ պիտի դիմադրէ թրքական որեւէ գործողութեան»: «Սուրիական բանակը երկու տարի առաջ իրենց միջեւ բախումի ընթացքին թրքական բանակին կորուստներ պատճառեց», նշեց Ասատ: Սուրիոյ նախագահը նաեւ յայտնեց, որ Ռուսիան կ՛ենթարկուի պատերազմի, որ համայնավարութենէն ու Համաշխարհային Ա. պատերազմէն առաջ իսկ սկսած է, եւ այսօր Ռուսիոյ հզօրութիւնը կորսուած...

Թուրքիան Շուէտին Եւ Ֆինլանտային` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցելու Հարցով 10 Նախապայման Ներկայացուցած Է

Թուրքիան Շուէտին Եւ Ֆինլանտային` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցելու Հարցով 10 Նախապայման Ներկայացուցած Է

Անգարան Սթոքհոլմին եւ Հելսինքիին ներկայացուցած է 10 նախապայմաններ, որոնց կատարումը կրնայ Թուրքիոյ իշխանութիւնները դրդել վերատեսութեան ենթարկելու այդ երկիրներուն` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան նկատմամբ դիրքորոշումը: Այս մասին կը յայտնէ թրքական «Ենի Շաֆաք» օրաթերթը: Թրքական պահանջներու թղթածրարը Շուէտի եւ Ֆինլանտայի ներկայացուցիչներուն ներկայացուած է 25 մայիսին` Անգարայի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններու ընթացքին: Մասնաւորաբար, ինչպէս կը տեղեկացնէ թրքական օրաթերթը, երկու երկիրները պէտք է յայտարարեն, որ ահաբեկչական...

Ըստ «Հիւրրիեթ»-ի.  Թրքական Բանակը Այս Շաբաթ Պիտի Սկսի Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Իր Գործողութեան

Ըստ «Հիւրրիեթ»-ի. Թրքական Բանակը Այս Շաբաթ Պիտի Սկսի Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Իր Գործողութեան

Թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը, յղում կատարելով հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական զինեալ ուժերու կողմէ ծրագրուած գործողութիւններու շրջան այցելած լրագրողներու, հաղորդեց, որ թրքական բանակը այս շաբաթ պիտի սկսի իր գործողութիւններուն: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նախապէս յայտնած էր, որ թրքական զինեալ ուժերը երկրին սահմաններուն վրայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին համար գործողութիւններ պիտի կատարեն, եւ այդ առնչութեամբ որոշումը շուտով պիտի տրուի: Ըստ մամլոյ տեղեկութիւններուն այդ...

«Քրեմլին Պատրաստ Է Ուքրանիոյ Հետ Քննարկելու Խերսոնի Եւ Զափորոժիէի Մարզերու Կարգավիճակին Հարցը»  Կ՛ըսէ Փեսքով

«Քրեմլին Պատրաստ Է Ուքրանիոյ Հետ Քննարկելու Խերսոնի Եւ Զափորոժիէի Մարզերու Կարգավիճակին Հարցը» Կ՛ըսէ Փեսքով

«Մոսկուան մտադիր չէ հրաժարիլ Խերսոնի եւ Զափորոժիէի մարզերու կարգավիճակին շուրջ Ուքրանիոյ հետ քննարկումներէն», երէկ յայտարարած է Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով` մեկնաբանելով մամուլին մէջ յայտնուած այն տեղեկութիւնները, որոնց համաձայն, Ռուսիոյ իշխանութիւնները Քիեւիհետ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման պարագային այս երկու մարզերու պատկանելիութեան հարցին պիտի չանդրադառնան: «Ատիկա այդպէս չէ, ատիկա սխալ տեղեկատուութիւն է», լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին երէկ նշած է Փեսքով: Խերսոնի մարզը ամբողջութեամբ...

Թուրքիոյ Խորհրդարանի Նախագահը Կարեւոր Կը Նկատէ Լեռնային Ղարաբաղը Հասարակական Տարբեր Գիտութիւններու Նիւթ Դարձնելը

Թուրքիոյ Խորհրդարանի Նախագահը Կարեւոր Կը Նկատէ Լեռնային Ղարաբաղը Հասարակական Տարբեր Գիտութիւններու Նիւթ Դարձնելը

«Մենք կ՛ուզենք, որ միջազգային ընտանիքը իմանայ Ազրպէյճանի արդար պայքարին մասին, եւ կարեւոր է, որ ճիշդ տպաւորութիւն ստեղծուի ստոյգ տեղեկատուութեան հաշուոյն», Պաքուի մէջ յայտարարած է Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Շենթոփ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի խորհրդարաններու կազմակերպած Հասարակական գիտութիւններու 7-րդ ընդհանուր ժողովի ժամանակ իր արտասանած խօսքին մէջ կարեւոր նկատած է, որ Լեռնային Ղարաբաղը հասարակական գիտութիւններու տարբեր...

Ռուսիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Կը Հաստատէ Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Մէջ Դեսպանատուներու Փակման Հաւանականութեան Գոյութիւնը

Ռուսիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Կը Հաստատէ Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Մէջ Դեսպանատուներու Փակման Հաւանականութեան Գոյութիւնը

Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Սալիվըն խոստովանած է, որ գոյութիւն ունի Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի մէջ դեսպանատուներու փոխադարձ փակման հաւանականութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Կայ նման հաւանականութիւն: Բայց եւ այնպէս` ես կը կարծեմ, որ ատիկա մեծ սխալ պիտի ըլլար», ըսած է Սալիվըն` պատասխանելով ԹԱՍՍ-ի հարցումին: Անոր համաձայն, Սպիտակ տան մէջ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու ամբողջական խզման կողմնակիցներ չկան:...

Անգարայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Չաւուշօղլու-Պայրամով Հանդիպումը

Անգարայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Չաւուշօղլու-Պայրամով Հանդիպումը

Անգարայի մէջ երէկ հանդիպում ունեցած են Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Թուրքմենիստանի արտաքին գործոց նախարարները: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Ազրպէյճանական աղբիւրներու համաձայն, մինչ եռակողմ ձեւաչափով հանդիպումը նախ բանակցութիւններ ունեցած են Մեւլութ Չաւուշօղլուն եւ Ճէյհուն Պայրամովը: Թուրքիոյ դիւանագիտութեան ղեկավարը յայտարարած է, որ Անգարան կ՛աջակցի «շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած Ազրպէյճանի քայլերուն»: Ճէյհուն Պայրամով, իր կարգին, կրկնեց վերջին շրջանին թուրք եւ ազրպէյճանցի...

«Մեր Պայմաններուն Բաւարարումէն Առաջ Շուէտի Եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Նկատմամբ Մեր Դիրքորոշումը Պիտի Չփոխենք»   Կ՛ըսէ Էրտողան

«Մեր Պայմաններուն Բաւարարումէն Առաջ Շուէտի Եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Նկատմամբ Մեր Դիրքորոշումը Պիտի Չփոխենք» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ կարգ մը երկիրներ Անգարային` կոչ ուղղած են ՕԹԱՆ-ի ընդլայնման հարցին նկատմամբ ճկունութիւն ցուցաբերելու, «սակայն մենք մեր պահանջներու բաւարարումէն առաջ Շուէտի եւ Ֆինլանտայի,  ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան նկատմամբ մեր դիրքորոշումը պիտի չփոխենք»: Էրտողան Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդակցական ու արժեւորման ժողովի ընթացքին մատնանշեց Թուրքիոյ համաշխարհային տագնապներու հետ վարուելու յաջողութիւնը»: «Մինչ աշխարհի անվտանգութեան ու տնտեսութեան...

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց  Նախարարը Այսօր Կ՛այցելէ Թուրքիա

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Այսօր Կ՛այցելէ Թուրքիա

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հրաւէրով այսօր կ՛այցելէ Անգարա: Նախարարները պիտի քննարկեն երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ շրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: «Թէ.Ռէ.Թէ.Հապեր» պատկերասփիւռի կայանը նախապէս հաղորդած էր, որ Անգարայի մէջ կը նախատեսուի Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Թուրքմենիստանի արտաքին գործոց նախարարներուն եռակողմ հանդիպումը:

«Շուէտի Եւ Ֆինլանտայի ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութեան  Հարցով Թուրքիոյ Ակնկալիքները Պէտք Է Իրականացուին»  Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

«Շուէտի Եւ Ֆինլանտայի ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութեան Հարցով Թուրքիոյ Ակնկալիքները Պէտք Է Իրականացուին» Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

Շուէտը եւ Ֆինլանտան ՕԹԱՆ-ին միանալու համար պէտք է յստակ ցոյց տան, որ կը հրաժարին աջակցիլ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ): ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան համաձայն, այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին: «Կողմերը քննարկած են Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու հարցը: Նախագահ Էրտողան ըսած է, որ Թուրքիոյ անհանգստութիւնը Շուէտի եւ Ֆինլանտայի`...

«Եթէ Արեւմուտքը Ուքրանիոյ Հեռահար Հրթիռներ  Մատակարարէ, Մոսկուան Յարձակում Պիտի Գործէ  Վայրերու Վրայ, Զորս Նախապէս Չէ Թիրախաւորած»  Կ՛ըսէ Փութին

«Եթէ Արեւմուտքը Ուքրանիոյ Հեռահար Հրթիռներ Մատակարարէ, Մոսկուան Յարձակում Պիտի Գործէ Վայրերու Վրայ, Զորս Նախապէս Չէ Թիրախաւորած» Կ՛ըսէ Փութին

«Եթէ Արեւմուտքը Ուքրանիոյ հեռահար հրթիռներ մատակարարէ, Մոսկուան յարձակում պիտի գործէ վայրերու վրայ, զորս նախապէս չէ թիրախաւորած», յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին: «Ուքրանիոյ բազմափող հրթիռներու ամերիկեան մատակարարումները իրողական գետնի վրայ ոչինչ կը փոխեն, եւ անոնց նպատակը տագնապին տեւողութիւնը կարելի եղածին չափ երկարաձգելն է», շեշտեց Փութին: Ռուսիոյ նախագահը նաեւ նշեց. «Ուքրանիոյ տրամադրուած տասնեակներով ամերիկեան զինատեսակներ քանդեցինք, եւ մեր պաշտպանական համակարգերը բեկորները ոչնչացնելու...

Ֆրանսա Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ Ազատ Արձակելու  Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայ Գերիները

Փարիզ. «Հիւլէական Համաձայնագիրի Ծրագիրը Յաւիտեանս Սեղանի Վրայ Պիտի Չմնայ»

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ եթէ ոմանք կը կարծեն, թէ Իրանի հետ հիւլէական համաձայնագիրը «յաւիտեանս սեղանի վրայ» պիտի մնայ, ատիկա «մեծ ու վտանգաւոր սխալ է»: Նախարարութիւնը նշեց, որ Ֆրանսան իր գործընկերներուն նման պիտի չընդունի, որ Իրանը հիւլէական զինուորական կարողութիւն ձեռք բերէ, եւ համաձայնութեան առնչակից կողմերուն կոչ ուղղեց` պատասխանատու մօտեցում ցուցաբերելու եւ համաձայնութիւնը արագօրէն կնքելու համար պէտք եղած որոշումները որդեգրելու:...

Պլինքըն. «Վստահ Եմ, Որ Հակառակ Թուրքիոյ  Կարծիքին, Ֆինլանտան  Եւ Շուէտը Պիտի Անդամակցին ՕԹԱՆ-ին»

Պլինքըն. «Վստահ Եմ, Որ Հակառակ Թուրքիոյ Կարծիքին, Ֆինլանտան Եւ Շուէտը Պիտի Անդամակցին ՕԹԱՆ-ին»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն կը շարունակէ վստահ ըլլալ, որ Ֆինլանտան եւ Շուէտը պիտի կարենան յաղթահարել Թուրքիոյ հետ իրենց ունեցած տարակարծութիւնները եւ դառնալ ՕԹԱՆ-ի անդամ: «ՕԹԱՆ-ը ունի լայն եւ ամուր համախոհութիւն` Շուէտն ու Ֆինլանտան արագօրէն դաշինք ընդունելու վերաբերեալ: Ես կը շարունակեմ շատ վստահ ըլլալ, որ ատիկա տեղի պիտի ունենայ, եւ մենք յառաջ պիտի երթանք», ըսած է ամերիկեան դիւանագիտութեան...

Անգարան Կը Զգուշացնէ Ուաշինկթընը Սուրիոյ  Հիւսիսը Ահաբեկչութեան Վերջ Տալու  Իր Վճռականութենէն

Անգարան Կը Զգուշացնէ Ուաշինկթընը Սուրիոյ Հիւսիսը Ահաբեկչութեան Վերջ Տալու Իր Վճռականութենէն

Թուրքիան պիտի շարունակէ անհրաժեշտ քայլերուն ձեռնարկել ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ, որոնք կը սպառնան երկրի ազգային անվտանգութեան: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սետաթ Էօնալ` ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լինտա Թամըս-Կրինֆիլտի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին: Հաղորդագրութեան համաձայն, ամերիկացի դիւանագէտը զրոյցի ընթացքին մտահոգութիւն յայտնած է Սուրիոյ հիւսիսը զինուորական գործողութիւն կատարելու` Թուրքիոյ...

Page 263 of 882 1 … 262 263 264 … 882

Արխիւներ