Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Թուրքիոյ Յիշեցուցած Է Սուրիոյ Մէջ Լարուածութեան Մեղմացման Կարեւորութիւնը

Յունիս 1, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճէյք Սալիվըն Թուրքիոյ նախագահի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով խորհրդական Իպրահիմ Քալընի հետ զրոյցի ընթացքին Անգարային կոչ ուղղած է ձեռնպահ մնալու Սուրիոյ մէջ որեւէ մագլցումէ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Սպիտակ տունը:

«Ան յայտարարած է, թէ որքա՛ն կարեւոր է Սուրիոյ մէջ մագլցումէն ձեռնպահ մնալը զինադադարի գոյութիւն ունեցող գիծերը պահպանելու եւ հետագայ ապակայունացումէն խուսափելու համար», կը նշուի Սպիտակ տան հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

Սալիվըն զրոյցի ընթացքին նաեւ Թուրքիոյ կոչ ուղղած է` շարունակելու երկխօսութիւնը արեւելեան Միջերկրականի շրջանին մէջ` բոլոր տարակարծութիւնները կարգաւորելու համար: Բացի ատկէ, Սալիվըն եւ Քալըն քննարկած են «իրենց ջանքերը, որպէսզի ուքրանական գիւղատնտեսական արտադրանքին կարելիութիւն տրուի աշխարհի շուկաներ յայտնուելու»:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը նախապէս հաղորդած էր, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ: Մասնաւորաբար, զրոյցի ընթացքին Էրտողան յայտարարած է. «Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան սուրիական թեւի ահաբեկիչները կը շարունակեն Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ խաղաղ բնակչութեան վրայ յարձակումները»: «Թուրքիոյ ղեկավարը ռուս պաշտօնակիցին ի գիտութիւն յայտնած է Սուրիոյ մէջ բացակայութիւնը այն գօտիին, որ ահաբեկիչներէն մաքրուած ըլլայ Թուրքիոյ սահմանէն 30 քիլոմեթր խորութեամբ», կը նշէ գործակալութիւնը: Էրտողանի համաձայն, հակառակ այն իրողութեան, որ Թուրքիոյ հետ սահմանակից Սուրիոյ շրջանները ահաբեկիչներէն մաքրելու մասին Թուրքիոյ պահանջը առանձին կէտով ընդգրկուած է 2019 թուականի համաձայնութեան մէջ, այդ հարցը տակաւին բաց կը մնայ:

Էրտողան երկուշաբթի օր յայտնեց, որ իր երկիրը Սուրիոյ մէջ «ահաբեկիչներուն» դէմ զինուորական գործողութիւն շղթայազերծելու համար Միացեալ Նահանգներու «արտօնութեան» պիտի չսպասէ: Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար իր կարգին ըսաւ. «Թրքական բանակը կրնայ որեւէ պահու հիւսիսային Սուրիոյ մէջ նոր զինուորական գործողութեան ձեռնարկել»:

 

 

Նախորդը

«Թուրքիան Շուէտի Եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութեան Հարցին Մէջ Իր Դիրքորոշումը Պիտի Չփոխէ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

Ուքրանիոյ Խերսոն Մարզը Մտադիր Է Մօտիկ Ապագային Մաս Կազմել Ռուսիոյ

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու,  Եւ Համասը Միջին Արեւելքի  Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու, Եւ Համասը Միջին Արեւելքի Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ  Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում
Միջազգային

Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 30, 2025
Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?