«Ռոյթըրզ». «Եւրոպական Միութիւնը Կ՛առաջարկէ Ռուսական Կազը Փոխարինել Ազրպէյճանականով»
Եւրոպական Միութեան ղեկավարութիւնը կ՛առաջարկէ ռուսական կազը փոխարինել ազրպէյճանականով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով իր տրամադրութեան տակ յայտնուած պաշտօնական փաստաթուղթի նախագիծը: Լրատու գործակալութեան համաձայն, Եւրոպական յանձնաժողովը այդ նախագիծով Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններուն կ՛առաջարկէ Ազրպէյճանի հետ համաձայնութիւն ձեռք բերել` մեծցնելով այդ երկրէն բնական կազի ներածման ծաւալները: Նոյն փաստաթուղթին համաձայն, եւրոպացի պաշտօնատարները կ՛առաջարկեն ընդլայնել Ազրպէյճանէն Եւրոպա գացող խողովակաշարերու ցանցը: Փաստաթուղթը...




















