Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուքրանիայէն Հացահատիկի Արտածման Վերականգնումը Կենաց Մահու Հարց Է, Եւ Յոյս Կայ Այս Շաբաթ Համաձայնութիւն Գոյացնելու» Կ՛ըսէ Պորել

July 19, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտնեց, որ «Ուքրանիայէն հացահատիկի արտածման վերականգնումը կենաց մահու հարց է»` նշելով. «Ռուսիոյ` ուքրանական հացահատիկի պաշարումը աղէտ մըն է, որ պէտք չէ շարունակուի»:

«Այս շաբաթ Օտեսայի նաւահանգիստը բանալու յոյս գոյութիւն ունի», ըսաւ Պորել` աւելցնելով. «Տասնեակ հազարաւոր անձերու կեանքերը կախեալ են այդ համաձայնութենէն», որուն շուրջ կը բանակցին Ռուսիան, Ուքրանիան, Թուրքիան եւ Միացեալ Նահանգները:

«Ռուսիան կազը մեր դէմ իբրեւ զէնք կ՛օգտագործէ, սակայն Ուքրանիոյ աջակցելէ եւ Մոսկուայի դէմ պատժամիջոցներ հաստատելէ պիտի չդադրինք», յայտնեց ան:

«Ճիշդ չէ կարգ մը ղեկավարներու այն խօսքը, թէ պատժամիջոցներու հաստատումը սխալ էր, եւ անոնք աւելի Եւրոպական Միութեան վրայ կ՛ազդեն, քան Ռուսիոյ», նշեց Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարը եւ աւելցուց. «Տուեալները ցոյց կու տան այն գինը, որ ռուսական տնտեսութիւնը կը վճարէ պատժամիջոցներուն պատճառով»:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթ օր Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնած էր. «Մենք հապճեպ կերպով գործի պիտի լծենք ուքրանական հացահատիկը արտածելու ծրագիրը` համաշխարհային սննդական անվտանգութեան մեծապէս նպաստելու համար»:

 

Նախորդը

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Դաշնակցութեան Համար Ընդունելի Չէ Արցախի Իրաւունքներէն Որեւէ Նահանջ»

Յաջորդը

Իսամ Նաժի. «Ֆիլմիս Գլխաւոր Պատգամը Հայութիւնը Միացած Տեսնելն Է»

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.