Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շուէտի Գերագոյն Դատարանը Մերժեց Շուէտի Մէջ Ապաստան Ստացած Անձի Մը Թուրքիոյ Արտայանձնումը

Յուլիս 19, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շուէտական «Տակենզ Ճուրիտիք» օրաթերթը հաղորդեց, որ Շուէտի գերագոյն դատարանը մերժած է 2018 թուականին Շուէտի մէջ կեցութեան եւ աշխատանքի իրաւունք ստացած 48 տարեկան անձի մը արտայանձնման Անգարայի պահանջը:

Շուէտական օրաթերթը նշեց, որ Թուրքիոյ ներկայացուցած փաստերը Շուէտի մէջ յանցագործութեան ապացոյցեր չեն նկատուիր, «եւ օտարներու օրէնքի 4-րդ յօդուածի, ինչպէս նաեւ 7-րդ յօդուածի հիմամբ ոճրագործներու արտայանձնման դիմաց արգելքներ գոյութիւն ունին: Այդ յօդուածները կը նշեն, թէ կարելի չէ արտայանձնում կատարել, եթէ խնդրոյ առարկայ անձերուն դէմ քաղաքական հետապնդումի վտանգ գոյութիւն ունի:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիան ետդարձ կատարած էր Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը մերժելու դիրքորոշումէն, երբ համաձայնութիւն գոյացած էր, որ այդ երկիրները Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչական նկատուած կազմակերպութիւններու պայքարին մէջ պիտի գործակցին Անգարայի հետ:

«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ խնդրոյ առարկայ անձը Ֆեթհուլլահ Կիւլենի կողմնակից Եըլմազ Այթանն է, որ Թուրքիոյ կողմէ կը մեղադրուի «զինեալ ահաբեկչական կազմակերպութիւն ստեղծելու եւ ղեկավարելու յանցանքով»:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան դարձեալ սպառնացած է սառեցնել Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը, եթէ Թուրքիոյ ճշդած պայմանները չյարգեն:

 

Նախորդը

Իրաքի Եւ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած Են Սէուտական Արաբիոյ Հետ Բանակցային Հոլովոյթը

Յաջորդը

«Ռոյթըրզ». «Եւրոպական Միութիւնը Կ՛առաջարկէ Ռուսական Կազը Փոխարինել Ազրպէյճանականով»

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?