Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանի յայտնեց. «Իրան Ազրպէյճանի հետ բոլոր ոլորտներուն մէջ յարաբերութիւնները ամրապնդելու հարցին մէջ արգելքներ չունի»: Այս մասին հաղորդեց «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:
Ան Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր հանդիպումի ընթացքին ըսաւ. «Իրանեան ներկայ կառավարութեան առաջնահերթութիւնը դրացի երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները ամրապնդելն է, եւ Ազրպէյճանի հետ բարեկամական յարաբերութիւնները ամրապնդելու կամքը ունինք»:
Շամխանի յայտնեց, որ իր երկիրը Ազրպէյճանի հետ 30-ամեայ շատ լաւ գործակցութիւն ունի` աւելցնելով.«Մենք մտադիր ենք դէմ դնել բոլոր անոնց, որոնք կը փորձեն Իրանի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւնները խափանել, եւ պէտք է ոչ ոքի արտօնենք մեր միջեւ սեպ խրել»:
Ալիեւ իր կարգին յայտնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կը շարունակեն դէպի զարգացում իրենց երթը` առանց ազդուելու ճնշումներէն «կարգ մը երկիրներու, որոնք մեր միջեւ բարեկամական եւ ջերմ յարաբերութիւնները չեն ուզեր»:
«Բազմիցս այցելեցի Իրան եւ դարձեալ Թեհրան պիտի այցելեմ երկու երկիրներուն միջեւ համաձայնութիւններու գործադրութեան հետեւելու եւ արագացնելու համար»:
Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի յայտնած էր. «Թեհրանի եւ Պաքուի միջեւ լաւ յարաբերութիւններու ամրապնդումը կրնայ յանգեցնել շրջանային ազդու համագործակցութեան», իսկ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար ճէյհուն Պայրամով ըսած էր, որ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը «նկատառելի չափով» բարձրացած է:
Ազրպէյճանի ուժանիւթի նախարարութիւնը հաղորդած էր, որ Պաքու եւ Թեհրան համաձայնած են Կասպից ծովու քարիւղի շարք մը հանքավայրեր զարգացնելու համար միացեալ յանձնախումբ ստեղծել:


