Իսրայէլ եւ Կիպրոս գոյացուցած են համաձայնութիւն մը, որով կղզիի անվտանգութեան ուժերը պիտի ստանան իսրայէլեան արտադրութիւն եղող սպառազինութիւն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչի յայտարարութեան մէջ:
Կիպրոս Իսրայէլէն պիտի ստանայ անհատական պաշտպանութեան սարքաւորումներ եւ բեռնափոխադրման թեքնիք համակարգեր, որոնք մշակուած են «Սորս»-ի կողմէ: Բացի ատկէ, իսրայէլեան կողմը պիտի մատակարարէ կիպրացի զինուորներու համար բեռնափոխադրման մարտավարական համակարգ, որ մշակած է «Մարոմ Տոլֆին» ընկերութիւնը:
Այս միջկառավարական համաձայնագիրներու ստորագրումը տեղի ունեցած է 29 յունիսին Իսրայէլի եւ Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարարներ Պենի Կանցի եւ Խարալամպոս Փեթրիտիսի ներկայութեամբ: