Հիւսիսային Քորէայի պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ այդ երկրին իշխանութիւնները մտադիր են Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւններուն հետ կառավարական բարեկամական յարաբերութիւններ զարգացնել` «հետեւելով գերիշխանութեան, խաղաղութեան ու բարեկամութեան արժեչափերուն»:
Հիւսիսային Քորէայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը 13 յուլիսին Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներուն յղած է նամակ մը, որուն մէջ յայտարարած է, որ կը ճանչնան այդ երկու պետութիւնները:
Նամակին մէջ նաեւ նշուած է, թէ Փիոնկիանկի կառավարութիւնը որոշած է ճանչնալ երկու հանրապետութիւններուն անկախութիւնը եւ փափաք յայտնած է անոնց հետ «անկախութեան, խաղաղութեան եւ բարեկամութեան արժեչափերուն վրայ հիմնուած կառավարական յարաբերութիւններ զարգացնել»:
Տոնեցքի ժողովրդական հանրապետութեան նախագահ Տենիս Պոշլին չորեքշաբթի օր յայտնած էր, որ Հիւսիսային Քորէան ճանչցած է Տոնեցքի հանրապետութեան անկախութիւնը:
Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ կը խզէ Հիւսիսային Քորէայի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները եւ կը դադրեցնէ բոլոր տնտեսական ու քաղաքական կապերը:


