«Մոսկուան դէմ է որեւէ գործողութեան, որ կը խախտէ սուրիական կարգաւորման Ասթանայի ձեւաչափի հիմնարար կէտերը», «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան համաձայն, երէկ նշած է Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով` անդրադառնալով Անգարայէն հնչող այն յայտարարութիւններուն, թէ մօտիկ ապագային թրքական բանակը նոր գործողութիւն կատարելու մտադրութիւն ունի Սուրիոյ հիւսիսային` քրտաբնակ շրջաններուն մէջ:
«Սուրիոյ տարածքին մէջ գործող քրտական կազմաւորումներուն դէմ գործողութիւն կատարելու Թուրքիոյ ծրագիրները բնականաբար վաղն ալ պիտի քննարկուին», նշած է Ուշաքովը` խօսելով Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի նախագահներու` 19 յուլիսին Թեհրանի մէջ տեղի ունենալիք բանակցութիւններու օրակարգին մասին:


