Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի Միջին Արեւելքի հարցով օգնականի տեղակալ Տանա Սթրոլ յայտնեց. «Մենք հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական որեւէ գործողութեան բուռն կերպով կ՛ընդդիմանանք, եւ մեր ընդդիմութիւնը Թուրքիոյ համար յստակ դարձուցինք: (Կ՛ընդդիմանանք) մասնաւորաբար այն պատճառով, որ ՏԱՀԵՇ խմբաւորումը պիտի օգտուի այդ արշաւէն, առաւել` նկատի ունենալով անոր մարդասիրական հետեւանքները»:
«Հարցը միայն Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն մօտ բանտարկուած ՏԱՀԵՇ խմբաւորման 10 հազար զինեալներուն չի վերաբերիր, այլ նաեւ հիւսիսային Սուրիոյ Հոլ եւ Ռուժ գաղթակայաններուն մէջ ծայրայեղականութեան ու շահագործումի վտանգ դիմագրաւող շուրջ 60 հազար գաղթականներուն», յայտարարեց Սթրոլ:
Նախքան այդ, Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտնած էր, որ Անգարան պատրաստ է հիւսիսային Սուրիոյ մէջ շղթայազերծելու զինուորական նոր գործողութիւն մը, որ որեւէ պահու կրնայ սկսիլ:


