Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժետտայի Վեհաժողովին Մասնակիցները Կը Շեշտեն Բարի Դրացնութեան Կանոններուն Կառչած Մնալու Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Խաղաղ Միջոցներով Լուծելու Կարեւորութիւնը

Յուլիս 18, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու, Յորդանանի, Եգիպտոսի, Իրաքի եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարները շաբաթ օր Ժետտայի մէջ իրենց գումարած անվտանգութեան ու բարգաւաճման վեհաժողովի ընթացքին միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեցին` Ուքրանիոյ մէջ տագնապին խաղաղ լուծման հասնելու համար ջանքերը բազմապատկելու:

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը վեհաժողովի բացման ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ մատնանշեց, որ վեհաժողովը «կը գումարուի այնպիսի պահու մը, երբ մեր շրջանն ու աշխարհը մեծ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն»` աւելցնելով. «Կը յուսանք, որ Ժետտայի վեհաժողովը դիմակայէ համաշխարհային մարտահրաւէրները»:

«Ամերիկայի հետ մեր յարաբերութիւնները ռազմավարական գործակցութեան պատմութեան շարունակութիւն է, եւ Ժետտայի վեհաժողովը Միացեալ Նահանգներու հետ մեր երկիրներու յարաբերութիւններուն արտացոլացումն է», ըսաւ ան:

«Ուժանիւթի գլխաւոր աղբիւրները մեկուսացնելով ոչ իրապաշտ քաղաքականութեան որդեգրումը աննախադէպ սղաճի պիտի յանգեցնէ», նշեց Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը: Ան նաեւ յայտնեց. «Նախապէս քարիւղի արտադրութեան օրական 13 միլիոն տակառով յաւելումը յայտարարեցինք, եւ անկարող պիտի ըլլանք զայն աւելի բարձրացնել»:

Մոհամետ պըն Սալման իշխանը Իրանին կոչ ուղղեց` «գործակցելու շրջանի երկիրներուն հետ եւ յարգելու միջազգային օրէնքի սկզբունքները»` նշելով, որ իրենք կը զօրակցին Եմէնի տագնապի լուծման համար միջեմէնեան քաղաքական լուծումի ձգտող բոլոր ջանքերուն:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց. «Համաձայնութիւն գոյացուցինք յառաջիկայ ամիսներուն ուժանիւթի արտադրութիւնը աւելցնելու շուրջ»: Ան նշեց, որ ազատ առեւտուրի համաձայնութիւններ պիտի կնքուին, ինչպէս նաեւ Յորդանանի մէջ, թէ այլուր սէուտական ներդրումներ պիտի կատարուին:

«Մենք միլիառաւոր տոլարներ կը հաւաքենք շրջանին մէջ տագնապները մեղմացնելու համար», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգները, ձեր բոլորին օժանդակութեամբ, ներդրում կատարեցին շրջանին մէջ աւելի լաւ ապագայի կառուցման մէջ»:

«Իրան Միջին Արեւելքի մէջ կայունութիւնը կը քայքայէ», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը` շեշտելով. «Վճռական ենք վերջ տալու ահաբեկչութեան աղբիւրներուն, պիտի շարունակենք իրանեան հիւլէական ծրագիրին վրայ ճնշում բանեցնելու դիւանագիտական մեր ջանքերը, եւ նախանձախնդիր ենք, որ Թեհրան հիւլէական զէնք ձեռք չբերէ»:

«Մենք կ՛ուզենք աջակցիլ մեր գործընկերներուն` ամրապնդելով բոլոր խնդիրները լուծելու դաշինքը», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը` նշելով. «Յստակ պատկերացում ունինք, թէ Միջին Արեւելքի մէջ ի՛նչ պէտք է կատարել»:

«Շրջանին մէջ տարբեր երկիրներու միջեւ գործակցութեան մէջ նոր անդամներ պիտի ըլլան, ներառեալ Իսրայէլը, եւ յանձնառու ենք, որ շրջանին մէջ երթեւեկի եւ նաւարկումի ազատութիւն ըլլայ», ըսաւ ան:

«Միացեալ Նահանգներ շրջանին մէջ գործուն ու եռանդուն գործընկեր պիտի ըլլան, եւ պիտի աջակցինք գործընկերութեանը այն պետութիւններուն հետ, որոնք կը յարգեն միջազգային համակարգի սկզբունքները», ըսաւ Պայտըն:

«Կը մերժենք սահմաններու փոփոխութեան համար բռնի ուժի կիրարկումը», յայտարարեց ան եւ շեշտեց. «Շրջանին մէջ որեւէ երկրի պիտի չարտօնենք, որ զինուորական ճամբով այլ երկրի մը տիրէ»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը աւելի ուշ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ մտադիր են գործել Միջին Արեւելքի մէջ եւ չեն պատրաստուիր «հեռանալու»` ստեղծելով «բաց» մը, զոր պիտի լրացնեն այնպիսի երկիրներ, ինչպիսիք են Ռուսիան, Չինաստանը կամ Իրանը:

«Թոյլ տուէք յստակօրէն ըսելու, որ Միացեալ Նահանգները մտադիր են գործունեայ մնալ Միջին Արեւելքի մէջ», ըսաւ ան: Պայտըն նաեւ նշեց, որ յստակ կը դառնայ, թէ «Ամերիկայի շահերը որքա՛ն սերտօրէն փոխկապակցուած են Միջին Արեւելքի մէջ յաջողութեան հետ»:

Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազեմի իր արտասանած խօսքին մէջ առաջարկեց Միջին Արեւելքի բարգաւաճման ու իրերաջակցութեան դրամատուն ստեղծել` նշելով, որ Իրաքի մէջ ժողովրդավարութիւնը քաղաքական դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ:

«Մենք` իբրեւ Իրաքի պետութիւն, կը վերահաստատենք Լիբանանի կողքին մեր կանգնիլը, որպէսզի կարենայ յաղթահարել իր ճգնաժամերը», յայտարարեց Իրաքի վարչապետը: Ան նաեւ ըսաւ. «Կը ջանանք շրջանին մէջ երկխօսութեան մթնոլորտ ստեղծել, ինչ որ կը նպաստէ ժողովուրդներու շահերուն»:

Վեհաժողովի Հաղորդագրութիւնը

Վեհաժողովի աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը նշեց, որ անոր մասնակից ղեկավարները ողջունած են «շրջանի երկիրներուն միջեւ հաղորդակցութիւնը դիւրացնելու եւ վստահութիւնը կառուցելու մէջ Իրաքի ունեցած դրական դերակատարութիւնը», ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն յայտնած են Լիբանանի գերիշխանութեան, անվտանգութեան, կայունութեան եւ անոր տնտեսական առողջացման համար պէտք եղած բոլոր բարեկարգումներու գործադրութեան:

Վեհաժողովը կոչ ուղղեց բազմապատկելու Սուրիոյ մէջ անոր միասնականութիւնն ու գերիշխանութիւնը պահպանող քաղաքական լուծումի մը հասնելու միջոցները, ինչպէս նաեւ ընդգծեց պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին երկու պետութիւններու սկզբունքին հիմամբ արդար լուծումի մը հասնելու կարեւորութիւնը` շեշտելով Արաբական նախաձեռնութեան այժմէականութիւնը:

Հաղորդագրութիւնը նաեւ ընդգծեց հացահատիկի ու սննդեղէնի արտածումը դիւրացնելու եւ վնասուած երկիրներու սննդական անվտանգութեան աջակցելու այժմէականութիւնը:

Ինչ կը վերաբերի Իրանին, վեհաժողովին մասնակից ղեկավարները Թեհրանին կոչ ուղղեցին ամբողջական կերպով գործակցելու Ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ, «Ծոցի շրջանը զանգուածային քանդումի զէնքերէ զերծ պահելու, շրջանային եւ միջազգային անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու համար` շեշտելով իրենց զօրակցութիւնը հիւլէական զէնքերու տարածման դէմ համաձայնութեան»:

Ամերիկեան–Էմիրաթական Հաղորդագրութիւն

Ամերիկեան-էմիրաթական միացեալ հաղորդագրութիւն մը նշեց, որ Ապու Տապիի նախագահ Մոհամետ պըն Զայետ եւ Պայտըն «քննարկեցին շրջանային եւ միջազգային մարտահրաւէրները, որոնք գործակցութիւն կը պահանջեն, եւ համաձայնութիւն գոյացաւ խորացնելու ապահովական եռանդուն գործակցութիւնը` շրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան նպաստելու համար»:

«Պայտըն իր յանձնառութիւնը յայտնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները ահաբեկչական, ինչպէս նաեւ անոր մէջ քաղաքային թիրախներու դէմ յարձակումներու նման թշնամական արարքներէ պաշտպանելուն, իսկ պըն Զայետ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգները Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու անվտանգային հիմնական գործընկերն են», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Երկու կողմերը շեշտած են, որ պէտք է յանձնառու մնալ շարունակելու սերտ գործակցութիւնը, որ Եմէնի մէջ զինադադարին յանգեցուց, ինչպէս նաեւ երաշխաւորելու, որ «Աբրահամի համաձայնութիւն»-ը պաղեստինցիներուն օգուտ բերէ:

Պըն Ֆարհան. «Քարիւղի Արտադրման Հարցը Չքննարկուեցաւ, Իսրայէլի Հետ Զինուորական Կամ Թեքնիք Գործակցութեան Հարցը Չարծարծուեցաւ, Եւ Արաբական Օթան Չկայ»

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան յայտնեց. «Ժետտայի մէջ գումարուած վեհաժողովը կեդրոնացաւ Միացեալ Նահանգներու հետ գործընկերութեան վրայ»: Ան նաեւ նշեց. «Տակաւին Սէուտական Արաբիոյ ձեռքը երկարած է Իրանին, եւ անոր հետ բնական յարաբերութիւններուն նկատմամբ նախանձախնդիր ենք, իսկ Իրանի հետ բանակցութիւնները դրական են, սակայն իրենց նպատակին չհասան, եւ կը յուսանք, որ ապագային զարգացումներ արձանագրէ»:

Ան ըսաւ, որ վեհաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնած է. «Խաշոկճիի սպանութեան ոճիրը գործածներուն դէմ քայլեր որդեգրեցինք, այսպիսի սխալներ կը պատահին, եւ իբրեւ պետութիւն պատշաճ կերպով վարուեցանք եւ Խաշոկճին սպաննողները հաշուետուութեան ենթարկեցինք: Այս հարցին պէս միջադէպեր Միացեալ Նահանգներու մէջ ալ կը պատահին»:

«Ժետտայի վեհաժողովը Իսրայէլի հետ զինուորական կամ թեքնիք գործակցութիւնը բացարձակապէս չքննարկեց, անոր հետ զինուորական կամ թեքնիք գործակցութեան հարցը Ժետտայի վեհաժողովին ընթացքին կամ անկէ առաջ չարծարծուեցաւ», նշեց պըն Ֆարհան:

Սէուտական Արաբիոյ դիւանագիտութեան պետը նաեւ շեշտեց. «Արաբական ՕԹԱՆ անունով ծանօթ բան մը գոյութիւն չունի, եւ չեմ գիտեր, թէ ուրկէ՛ ելաւ այս անունը, եւ հարցը վեհաժողովի ընթացքին չարծարծուեցաւ»:

«Ժետտայի վեհաժողովի ընթացքին քարիւղի արտադրութեան հարցը քննարկման չէր դրուած: «ՕՓԵՔ+»-ը շուկային հետեւելու եւ անոր պէտք ունեցած ուժանիւթը մատակարարելու համակարգ ունի, եւ պիտի շարունակէ շուկային կացութիւնը գնահատել եւ գործի լծել այն, ինչ որ պէտք է, եւ Ուաշինկթընի հետ միշտ այս մասին կը խօսինք», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Օրական 13 միլիոն տակառ քարիւղը Սէուտական Արաբիոյ առաւելագոյն ուժանիւթային արտադրութեան կարողականութիւնը պիտի ըլլայ»:

Աւելի ուշ, Պայտըն պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ սէուտական դիւանագիտութեան պետը ճիշդ կ՛ըսէ՞, թէ ինք ուրբաթ օր Մոհամետ պըն Սալման իշխանին հետ հանդիպումի ընթացքին Խաշոկճիի սպանութեան հարցին մէջ գահաժառանգին պատասխանատուութեան հարցը չէ արծարծած, ըսաւ. «Ո՛չ»:

Պայտըն շաբաթ օր իր միջինարեւելեան շրջապտոյտի աւարտէն ետք հեռացաւ շրջանէն:

Իսրայէլի վարչապետ Եայիր Լափիտ երէկ իսրայէլեան կառավարութեան նիստի ընթացքին յայտնեց. «Պայտընի այցելութիւնը իրագործեց ձեռքբերումներ, որոնք յառաջիկայ տարիներուն պիտի ամրապնդեն Իսրայէլը»:

 

 

Նախորդը

Յունաստանի Մէջ Ջախջախուած Ուքրանական «Ան-12» Օդանաւի Անձնակազմին Բոլոր Ութ Անդամները Մահացած Են

Յաջորդը

Ալիեւ. «Մօտիկ Ապագային Ազրպէյճանի Եւ Եւրոպական Միութեան Միջեւ Ուժանիւթային Համաձայնագիր Պիտի Ստորագրուի»

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը.   Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ
Միջազգային

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?