Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քաղաքականութեան Եւ Տնտեսութեան Մէջ Արեւմուտքի Գերակայութեան Աւարտին Կը Մօտենանք Եւ Դէպի Բազմաբեւեռութիւն Կ՛ընթանանք» Կ՛ըսէ Պլեր

July 18, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Թոնի Պլեր յայտնեց, որ աշխարհը կ՛ուղղուի դէպի աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններ` նշելով, որ արեւմտեան գերակայութիւնը կը մօտենայ իր աւարտին եւ երկրագունդը դէպի բազմաբեւեռութիւն կ՛ընթանայ:

«Այս դարուն աշխարհաքաղաքական մեծագոյն փոփոխութիւնները Չինաստանը պիտի յառաջացնէ եւ ոչ թէ Ռուսիան», ըսաւ ան:

«Աշխարհը պիտի դառնայ առնուազն երկբեւեռ կամ թերեւս բազմաբեւեռ, եւ քաղաքականութեան ու տնտեսութեան մէջ Արեւմուտքի գերակայութեան աւարտին կը մօտենանք», յայտնեց Պլեր` աւելցնելով. «Արդի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Արեւելքը կրնայ Արեւմուտքին հետ հաւասար դառնալ»:

«Չինաստանը աշխարհի վրայ երկրորդ մեծ ուժն է, եւ անոր տնտեսական կարողականութիւնն ու համաշխարհային տնտեսութեան մասնակցութիւնը Ռուսիայէն բարձր են», ըսաւ ան` նշելով. «Չինական ղեկավարութիւնը հետզհետէ աւելի թշնամական կերպով կը վարուի եւ չի ծածկեր, որ Արեւմուտքին նկատմամբ արհամարհանքով կը վարուի եւ կը մօտենայ Ռուսիոյ, եւ կ՛ուզէ վերջապէս Թայուանի հարցը լուծել»:

«Ռուսիան եւ թերեւս Իրանը մօտիկ ապագային հաստատաբար Չինաստանին դաշնակից պիտի դառնան», ըսաւ Բրիտանիոյ նախկին վարչապետը:

Ան Արեւմուտքին կոչ ուղղեց` իր պաշտպանական ծախսերը աւելցնելու եւ ապագայ որեւէ բեմագրութեան պարագային Չինաստանին դիմադրելու բաւարար հզօր մնալու` պահպանելով Փեքինի հետ յարաբերութիւնները եւ գործելով գործնապաշտ ձեւով եւ ոչ թէ թշնամական, եւ փոխադարձ յարգանքի պատրաստակամութիւն ցուցաբերելով»:

Նշենք, որ Պլերէն առաջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Հենրի Քիսինճըր եւս յայտնած էր, որ Ուքրանիոյ պատերազմէն ետք աշխարհաքաղաքական կացութիւնը փոփոխութիւններ պիտի կրէ, «եւ բնական է, որ Ռուսիոյ ու Չինաստանի շահերը բոլոր հարցերուն մէջ համահունչ ըլլան»:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը եւս յայտնած էր, որ աշխարհը դադրած է երկբեւեռ ըլլալէ եւ դարձած է բազմաբեւեռ:

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. ԵԱՀԿ-ը Եւ Ռուս Դեսպանին Շուշի Այցելութիւնը

Յաջորդը

Յունաստանի Մէջ Ջախջախուած Ուքրանական «Ան-12» Օդանաւի Անձնակազմին Բոլոր Ութ Անդամները Մահացած Են

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.