Միջազգային

«Պաղտատի Մէջ Սէուտական Արաբիոյ  Եւ Իրանի Միջեւ Ոչ Դռնփակ Մօտալուտ  Հանդիպումի Մը Նախապատրաստական  Աշխատանքը Կը Տարուի»  Կ՛ըսէ Իրաքի Արտաքին Գործոց Նախարարը

«Պաղտատի Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Եւ Իրանի Միջեւ Ոչ Դռնփակ Մօտալուտ Հանդիպումի Մը Նախապատրաստական Աշխատանքը Կը Տարուի» Կ՛ըսէ Իրաքի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Հիւսէյն յայտնեց. «Պաղտատի մէջ Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ ոչ դռնփակ մօտալուտ հանդիպումի մը նախապատրաստական աշխատանքը կը տարուի»: Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան նախապէս յայտնած էր, որ իրաքեան իշխանութիւնները իրանեան կողմին յայտնած են, որ Սէուտական Արաբիան պատրաստ է Թեհրանի եւ Ռիատի միջեւ ոչ դռնփակ քաղաքական բանակցութիւններու սկսելու: Ան նշեց, որ Իրան Սէուտական Արաբիոյ...

Էրտողան. «Թուրքիան Շրջանային Եւ Միջազգային  Հարցերուն Մէջ Իր Ազդեցիկ Դիրքը Կ՛ամրապնդէ»

Էրտողան. «Թուրքիան Շրջանային Եւ Միջազգային Հարցերուն Մէջ Իր Ազդեցիկ Դիրքը Կ՛ամրապնդէ»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Մեր երկիրը մտադիր է ամէն ճիգ թափել շրջանին մէջ մնայուն խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման եւ մեր սիրելի ժողովուրդի իրաւունքները պաշտպանելու համար»: Ան այս մասին յայտնեց 24 յուլիս 1923-ին ստորագրուած Լոզանի դաշնագիրի 99-ամեակին առիթով իր հրապարակած ուղերձին մէջ: «Մինչ Թուրքիան հաստատ քայլերով դէպի 2023, այսինքն` Լոզանի խաղաղութեան դաշնագիրի եւ մեր հանրապետութեան հաստատման 100-ամեակ կ՛ուղղուի, անիկա...

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Շուէտի Դեսպանատան Գործավարը Կանչեց` ՔԱԿ-ի  Համակիրներուն Ի Նպաստ Քարոզչութեան Դէմ  Բողոքելու Համար

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Շուէտի Դեսպանատան Գործավարը Կանչեց` ՔԱԿ-ի Համակիրներուն Ի Նպաստ Քարոզչութեան Դէմ Բողոքելու Համար

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Շուէտի դեսպանատան ժամանակաւոր գործավարը կանչած է Շուէտի հարաւը գտնուող Կէօթենպերկ քաղաքին մէջ ՔԱԿ-ի համակիրներուն ի նպաստ կատարուած քարոզչութեան պատճառով: Թրքական դիւանագիտական աղբիւրներ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ այդ առնչութեամբ Շուէտի դեսպանատան գործավարին Թուրքիոյ բուռն բողոքը փոխանցուած է, եւ Անգարա պահանջած է «մեղսակիցները ճշդել եւ անոնց նկատմամբ իրաւական ու դատական պէտք եղած քայլերը որդեգրել», ինչպէս նաեւ...

Շոյկու Եւ Աքար Սուրիոյ Մէջ Զինադադարը  Պահպանելու Կարեւորութիւնը Շեշտած Են

Շոյկու Եւ Աքար Սուրիոյ Մէջ Զինադադարը Պահպանելու Կարեւորութիւնը Շեշտած Են

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորեց, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու եւ անոր թուրք պաշտօնակից Հուլուսի Աքար երէկ Պոլսոյ մէջ քննարկած են Սեւ ծովու եւ Ուքրանիոյ կացութիւնները, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի զարգացումները: Նախարարութիւնը աւելցուց, որ Շոյկու եւ Աքար Սուրիոյ մէջ զինադադարը պահպանելու կարեւորութիւնը շեշտած են:

Ուքրանիան Եւ Ռուսիան Թուրքիոյ Եւ ՄԱԿ-ի Հետ  Հացահատիկի Արտածման Խնդիրի Շրջանցման Շուրջ  Համաձայնութիւն Ստորագրեցին

Ուքրանիան Եւ Ռուսիան Թուրքիոյ Եւ ՄԱԿ-ի Հետ Հացահատիկի Արտածման Խնդիրի Շրջանցման Շուրջ Համաձայնութիւն Ստորագրեցին

Ուքրանական իշխանութիւնները Պոլսոյ մէջ Թուրքիոյ եւ ՄԱԿ-ի հետ ստորագրեցին հացահատիկի արտածման շուրջ համաձայնութիւն մը: Ուքրանական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Ուքրանիոյ ենթակառոյցներու նախարար Ալեքսանտր Քոփրաքով, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես ստորագրած են փաստաթուղթը: Աւելի ուշ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու անջատաբար ստորագրեց Թուրքիոյ եւ ՄԱԿ-ի հետ նոյն փաստաթուղթը: Փաստաթուղթի ստորագրութենէն առաջ` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան...

Ապտոլլահեան Կը Դատապարտէ Թրքական Բանակին  Կողմէ Հիւսիսային Իրաքի Զախօ Քաղաքի Ռմբակոծումը

Ապտոլլահեան Կը Դատապարտէ Թրքական Բանակին Կողմէ Հիւսիսային Իրաքի Զախօ Քաղաքի Ռմբակոծումը

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան դատապարտեց «հրետանիի արիւնալի ռմբակոծման դէպքը, որ պատահեցաւ Իրաքի Քիւրտիստան շրջանի հիւսիսը գտնուող Զախօ քաղաքին մէջ, եւ ատոր զոհ գացին շարք մը անմեղ քաղաքայիններ»: Ան իր իրաքցի պաշտօնակից Ֆուատ Հիւսէյնի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին զօրակցութիւն յայտնեց զոհերու ընտանիքներուն, իրաքեան կառավարութեան եւ ժողովուրդին` շեշտելով. «Իրանի` Իրաքի կայունութեան ու անվտանգութեան զօրակցող դիրքորոշումը»: Իրանեան դիւանագիտութեան...

Դամասկոսի Մերձակայքին Դէմ  Իսրայէլեան Հրթիռակոծում

Դամասկոսի Մերձակայքին Դէմ Իսրայէլեան Հրթիռակոծում

Զինուորական աղբիւր մը սուրիական ՍԱՆԱ պետական լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ սուրիացի 3 զինուորներ մահացած են եւ 7 ուրիշներ վիրաւորուած, ինչպէս նաեւ նիւթական որոշ վնասներ արձանագրուած են, երբ իսրայէլեան բանակը Դամասկոս քաղաքի մերձակայքին մէջ գտնուող զինուորական կարգ մը դիրքերու վրայ յարձակում գործած է: Աղբիւրը նշած է, որ կէս գիշերէն ետք ժամը 12:32-ին իսրայէլեան օդուժը բռնագրաւեալ Կոլանի ուղղութենէն հրթիռներ արձակած է...

Պոլսոյ Մէջ Հանդիպած Են Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի  Եւ Փաքիստանի Խորհրդարաններու Նախագահները

Պոլսոյ Մէջ Հանդիպած Են Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի Եւ Փաքիստանի Խորհրդարաններու Նախագահները

Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Փաքիստանի խորհրդարաններու նախագահներուն երկրորդ հանդիպումը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ անոնք քննարկած են միջազգային եւ շրջանային հարցեր, երեք երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու խորացման ու միջխորհրդարանական համագործակցութիւնը ընդլայնելու կարելիութիւնները: Համաձայնութիւն գոյացած է համատեղելու եռակողմ ջանքերը պատերազմներու եւ տագնապներու ժամանակ խաղաղութիւն ապահովելու համար, ինչպէս նաեւ ապահովագրելու իրենց երկիրները աշխարհի վրայ ընթացող քաղաքական եւ տնտեսական...

«Սուրիական Բանակը Պէտք Է Իր Երկրին  Բոլոր Սահմանները Առնէ Իր Վերահսկողութեան Տակ»  Կ՛ըսէ Ռայիսի

«Սուրիական Բանակը Պէտք Է Իր Երկրին Բոլոր Սահմանները Առնէ Իր Վերահսկողութեան Տակ» Կ՛ըսէ Ռայիսի

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Սուրիական բանակը պէտք է այդ երկրի բոլոր սահմանները առնէ իր վերահսկողութեան տակ, եւ պէտք է յարգել Սուրիոյ գերիշխանութիւնը, որովհետեւ այս հարցին նկատմամբ թերացումը բազմաթիւ վտանգներու պիտի յանգեցնէ»: Այս մասին հաղորդեց ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը: «Ես վստահ եմ, որ սուրիացի համբերատար ու դիմադրող ժողովուրդին...

Իրաքի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Աքարի` «Առանց Պաղտատի Համաձայնութեան»  Հիւսիսային Իրաք Այցելութեան Դէմ  Բողոքագիր Յանձնած Է Թուրքիոյ Ներկայացուցիչին

Իրաք Կը Պահանջէ, Որ Թուրքիա Իր Ուժերը Իրաքեան Հողերէն Հեռացնէ, Զոհերուն Ու Վիրաւորներուն Համար Ներում Հայցէ Եւ Փոխհատուցում Կատարէ

Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ Պաղտատի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ռիտա Քէօնային յանձնեց խիստ ոճի բողոքագիր մը` Տահուքի մէջ չորեքշաբթի օր արձանագրուած թրքական յարձակումին պատճառով, եւ անկէ պահանջեց, որ իր երկիրը իր ուժերը հեռացնէ իրաքեան հողերէն: Յայտնենք, որ Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի Տահուք նահանգի Պարխ գիւղին մէջ ամարանոցներու վրայ կատարուած թրքական յարձակումը պատճառ դարձած էր, որ մեծաթիւ իրաքցի խաղաղ քաղաքայիններ...

«Անգարան Երբեք Սուրիոյ Մէջ Զինուորական  Գործողութիւն Շղթայազերծելու  Հրաման Չէ Առած Ու Պիտի Չառնէ»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Անգարան Երբեք Սուրիոյ Մէջ Զինուորական Գործողութիւն Շղթայազերծելու Հրաման Չէ Առած Ու Պիտի Չառնէ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ յայտնեց, որ Թուրքիան «երբեք ոեւէ մէկէն հրաման չ՛առներ, նախքան Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւն մը շղթայազերծելը»` աւելցնելով. «Կրնանք կարծիքներու փոխանակում կատարել, սակայն ահաբեկչութեան դէմ զինուորական մեր գործողութիւններուն համար բացարձակապէս հրաման չենք առած ու պիտի չառնենք»: Ըստ անոր, այդ յարձակումը «կրնայ անսպասելի կերպով որեւէ պահու տեղի ունենալ»: Թրքական դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտնեց, որ Թուրքիայէն, Ֆինլանտայէն...

Մետվետեւ. «Ուքրանիան Կրնայ  Աշխարհի Քարտէսէն Անհետանալ»

Մետվետեւ. «Ուքրանիան Կրնայ Աշխարհի Քարտէսէն Անհետանալ»

Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցողին պատճառով այդ երկիրը կրնայ կորսնցնել պետական գերիշխանութեան մնացորդները եւ անհետանալ աշխարհի քարտէսէն: Այս մասին «Թելեկրամ»-ի վրայ գրեց Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ: Անոր համաձայն, բազմաթիւ քաղաքական արկածախնդիրներ կը շահագործեն նախկին սահմաններուն վրայ Ուքրանիոյ պետականութեան վերականգնման նիւթը` զինուորական նոր պատուէրներու եւ դրամական հոսքերու յոյսով, որոնք կը տրամադրուին Քիեւի վարչակարգին: Ան նշած է, որ ՕԹԱՆ-ը կը շարունակէ,...

«Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Նոր Գործողութեան  Թղթածրարը Պիտի Մնայ Մեր Օրակարգին Վրայ,  Մինչեւ Մեր Անվտանգութեան Առնչուող  Մեր Մտավախութիւններուն Չքացումը»  Կ՛ըսէ Էրտողան

Իրան. «Կը Ճշդուին Հարցեր, Որոնք Պիտի Քննարկուին Թեհրանի Մէջ «3+3» Ձեւաչափով Երկրորդ Հանդիպումին Ընթացքին»

Իրանը կ՛աջակցի հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասիր Քենաանի: Ան կարեւոր նկատած է «3+3» համագործակցութեան ձեւաչափը եւ աւելցուցած, որ համաձայնութիւն գոյացած է` ձեւաչափի երկրորդ նիստը Թեհրանի մէջ կատարելու վերաբերեալ: «Հարցերը, որոնք այդ ձեւաչափի ծիրին մէջ նիստի ընթացքին պիտի քննարկուին, կը ճշդուին, եւ ատոր համար ժամանակ կը պահանջուի», ընդգծած է ան:

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Խամենէի. «Իրան Պիտի Չհանդուրժէ  Հայաստանի Հետ Իր Սահմանի Փակումը»

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Խամենէի. «Իրան Պիտի Չհանդուրժէ Հայաստանի Հետ Իր Սահմանի Փակումը»

Իրան պիտի չհանդուրժէ Հայաստանի հետ իր սահմանի փակումը: ԻՐՆԱ կը հաղորդէ, որ այս մասին 19 յուլիսին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի: Հանդիպումի ընթացքին Խամենէի եւ Փութին անդրադարձած են երկկողմանի, շրջանային եւ միջազգային հարցերու լայն օրակարգի: Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը, մասնաւորաբար, «վտանգաւոր կազմակերպութիւն» որակած է ՕԹԱՆ-ը, իսկ Ուքրանիոյ պատերազմին...

«Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Նոր Գործողութեան  Թղթածրարը Պիտի Մնայ Մեր Օրակարգին Վրայ,  Մինչեւ Մեր Անվտանգութեան Առնչուող  Մեր Մտավախութիւններուն Չքացումը»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Նոր Գործողութեան Թղթածրարը Պիտի Մնայ Մեր Օրակարգին Վրայ, Մինչեւ Մեր Անվտանգութեան Առնչուող Մեր Մտավախութիւններուն Չքացումը» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ, Սուրիոյ յատուկ Ասթանայի 2017 թուականի հոլովոյթին իբրեւ մաս, կարիքը ունին Եփրատ գետի արեւելեան շրջաններէն հեռանալու»: Այս մասին հաղորդեց «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: «Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ զինուորական նոր գործողութեան թղթածրարը պիտի մնայ մեր օրակարգին վրայ, մինչեւ մեր ազգային անվտանգութեան առնչուող մեր մտավախութիւններուն չքացումը», ըսաւ Էրտողան: «Կ՛ուզենք, որ Ռուսիան եւ Իրանը մեզի հետ ըլլան Թուրքիոյ...

Լաւրով. «Ուքրանիոյ Մէջ Ռուսական Զինուորական  Գործողութեան Աշխարհագրական Առաքելութիւնը  Փոխուեցաւ Եւ Այլեւս Տոնեցքով  Ու Լուկանսքով Սահմանափակուած Չէ»

Լաւրով. «Ուքրանիոյ Մէջ Ռուսական Զինուորական Գործողութեան Աշխարհագրական Առաքելութիւնը Փոխուեցաւ Եւ Այլեւս Տոնեցքով Ու Լուկանսքով Սահմանափակուած Չէ»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց. «Ուքրանիոյ մէջ ռուսական զինուորական գործողութեան աշխարհագրական առաքելութիւնը փոխուեցաւ եւ այլեւս Տոնեցքով ու Լուկանսքով սահմանափակուած չէ»: «Այժմ, (մեր) աշխարհագրութիւնը տարբեր է: Միայն Տոնեցքի ժողովրդական հանրապետութիւնը եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւնը չէ, անիկա նաեւ Խերսոնի շրջանը, Զափորիժիա շրջանը եւ շարք մը այլ տարածքներ են», «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի եւ «Ռաշա Թուտէյ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ ռուսական դիւանագիտութեան պետը:...

Պայրամով-Սթոլթենպերկ Հանդիպում

Պայրամով-Սթոլթենպերկ Հանդիպում

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Պրիւքսելի մէջ դռնփակ հանդիպում ունեցած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի հետ: Այս մասին հաղորդեց ՕԹԱՆ-ի մամլոյ ծառայութիւնը: Հանդիպումը տեղի ունեցած է Պայրամովի Պրիւքսել այցելութեան ծիրին մէջ: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, որ Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին հետախուզութեան ծառայութիւններու միջեւ ազգային շահերու պաշտպանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան հարցերուն մէջ համագործակցութեան համաձայնագիր ստորագրուած է:

Թեհրանի Մէջ Փութին-Էրտողան-Ռայիսի Վեհաժողով

Թեհրանի Մէջ Փութին-Էրտողան-Ռայիսի Վեհաժողով

Երէկ Թեհրանի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի նախագահներ Վլատիմիր Փութինի, Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Իպրահիմ Ռայիսիի «Ասթանայի ձեւաչափ»-ի վեհաժողովը, որուն բացման ու հրապարակային նիստի ընթացքին Ռայիսի յայտնեց. «Պէտք է յարգել սուրիացիներուն ներքին երկխօսութեան ճամբով իրենց ճակատագիրը ճշդելու իրաւունքը»: «Ասթանայի ձեւաչափը սուրիական տագնապի խաղաղ լուծումը յաջողցնելու շրջագիծ է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Փաստուեցաւ, որ արտաքին լուծումները սուրիական կացութեան բարդացման կը...

Փութին Եւ Էրտողան Քննարկեցին Սուրիոյ,  Լեռնային Ղարաբաղի Եւ Ուքրանական  Հացահատիկի Հարցերը

Փութին Եւ Էրտողան Քննարկեցին Սուրիոյ, Լեռնային Ղարաբաղի Եւ Ուքրանական Հացահատիկի Հարցերը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ անոր թուրք պաշտօնակից Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Թեհրանի մէջ «Ասթանայի ձեւաչափ»-ի վեհաժողովին ծիրին մէջ ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին Սուրիոյ տագնապի լուծման, Լեռնային Ղարաբաղի եւ երկկողմանի հարցեր: Փութին յայտնեց. «Սուրիոյ կարգաւորման շուրջ բազմաթիւ հարցականներ կան, երկկողմանի խոստմնալից մեծ նախագիծերը յառաջ կ՛ընթանան, կը զարգանան: Մեր տեսադաշտին մէջ մէկ այլ կարեւոր խնդիր է` ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծումը»:...

Այսօր Թեհրանի Մէջ  Փութին-Էրտողան-Ռայիսի Հանդիպում

Այսօր Թեհրանի Մէջ Փութին-Էրտողան-Ռայիսի Հանդիպում

Այսօր Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Սուրիոյ հարցով «Ասթանայի ձեւաչափ»-ին մասնակից պետութիւններու ղեկավարներու հանդիպումը: Անոնք նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ պիտի ունենան: Կը նախատեսուի, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի քննարկեն Սուրիոյ տագնապի լուծման հարցը, սակայն անոնք առանձին երկկողմանի հանդիպումներ եւս պիտի կատարեն: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին համաձայն, ռուսական աղբիւր մը յայտնած...

Page 253 of 882 1 … 252 253 254 … 882

Արխիւներ