Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան եւ անոր իրաքցի պաշտօնակից Ֆուատ Հիւսէյն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած են: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ 18 յուլիսին այդ մասին յայտնած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
«Իրանի եւ Իրաքի արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են շարք մը հարցեր, որոնք փոխադարձ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն երկկողմանի յարաբերութիւններու բնագաւառին մէջ, ինչպէս նաեւ շրջանային խնդիրներ, ներառեալ Թեհրանի եւ Ռիատի բանակցութիւնները», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Կը նշուի նաեւ, որ Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը «բարձր գնահատած է Իրաքի ձգտումը եւ կառուցողական դերը շրջանային երկխօսութեան խրախուսման եւ կայունութեան ամրապնդման հարցին մէջ»:
2021 եւ 2022 թուականներուն ընթացքին Թեհրան եւ Ռիատ յարաբերութիւններու բնականոնացման հարցին շուրջ Պաղտատի մէջ բանակցութիւններ վարած են: Կայացած են բանակցութիւններու հինգ փուլեր, որոնց վերջինը տեղի ունեցած է ապրիլ 2022-ին:


