Միջազգային

Ուժի Մէջ Մտաւ Եւրոպական Միութեան  Ռուսական Քարիւղի Մատակարարման Արգելքը

Ուժի Մէջ Մտաւ Եւրոպական Միութեան Ռուսական Քարիւղի Մատակարարման Արգելքը

Երկուշաբթի, 5 դեկտեմբերին, ուժի մէջ մտաւ ռուսական քարիւղի մատակարարումներու նկատմամբ Եւրոպական Միութեան արգելքը: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: Կը հաղորդուի, որ Եւրոպական Միութիւնը պաշտօնապէս դադրեցուցած է ծովու ճամբով ռուսական քարիւղի ներածումը: Բացի ատկէ, 5 դեկտեմբերէն Եւրոպական Միութիւնը, «Եօթներու խմբակ»-ի երկիրները եւ Աւստրալիան պիտի չտեղափոխեն եւ պիտի չապահովագրեն ռուսական քարիւղը մէկ տակառի համար 60 տոլարէն բարձր գինով: Արգելքը, նոյն ժամանակ,...

«Ֆրանսան Եւ Արեւմտեան Միւս Երկիրները  Չեն Ձգտիր Ոչնչացնել Ռուսիան»  Կ՛ըսէ Մաքրոն

«Ֆրանսան Եւ Արեւմտեան Միւս Երկիրները Չեն Ձգտիր Ոչնչացնել Ռուսիան» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարած է, որ Ֆրանսան եւ արեւմտեան միւս երկիրները չեն ձգտիր ոչնչացնել Ռուսիան: Ան այս մասին ըսած է ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին: Մաքրոնի կարծիքով` Մոսկուայի մէջ «որոշակի վրդովում» կը զգան եւ կը կարծեն, որ արեւմտեան երկիրները կը ձգտին «Ռուսիան ոչնչացնել»: «Չեմ կարծեր, որ մեր ձգտումը ատիկա է: Մենք Ֆրանսայի մէջ երբեք նման ձգտում չենք...

«Ուաշինկթըն Ուղիներ Կը Փնտռէ Ռուսիոյ Վրայ  Ճնշումը Ուժեղացնելու Համար` Միեւնոյն Ժամանակ  Զայն Չճանչնալով Իբրեւ Ահաբեկչութեան Հովանաւոր»  Կ՛ըսէ Պլինքըն

«Ուաշինկթըն Ուղիներ Կը Փնտռէ Ռուսիոյ Վրայ Ճնշումը Ուժեղացնելու Համար` Միեւնոյն Ժամանակ Զայն Չճանչնալով Իբրեւ Ահաբեկչութեան Հովանաւոր» Կ՛ըսէ Պլինքըն

Ուաշինկթըն ուղիներ կը փնտռէ Ռուսիոյ վրայ ճնշումը ուժեղացնելու համար` միեւնոյն ժամանակ զայն չճանչնալով իբրեւ ահաբեկչութեան հովանաւոր: «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն: Անոր համաձայն, Ռուսիոյ` ահաբեկչութեան հովանաւոր երկիրներու շարքին դասումը կրնայ անկանխատեսելի բացասական հետեւանքներ ունենալ: «Մենք անընդհատ կ՛ուսումնասիրենք տարբեր գործելաոճեր, զորս կրնանք օգտագործել ճնշումը մեծցնելու համար: Մենք Քոնկրեսին հետ կ՛աշխատինք օրինագիծի մը վրայ, որ...

Ամիսներ Տեւած Բողոքի Ցոյցերէն Ետք  Իրան Լուծարած Է Բարոյականութեան  Ոստիկանութիւնը

Ամիսներ Տեւած Բողոքի Ցոյցերէն Ետք Իրան Լուծարած Է Բարոյականութեան Ոստիկանութիւնը

Իրանցի 22-ամեայ Մահսա Ամինիի մահէն ետք յառաջացած բողոքի ալիքի լոյսին տակ, Իրանի իշխանութիւնները ջնջած են Բարոյականութեան ոստիկանութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Իրանի ընդհանուր դատախազը: Իրանի ընդհանուր դատախազ Մոհամետ Զաաֆար Մոնթազերի յայտարարած է, որ իրաւասու մարմինները ջնջած են Բարոյականութեան ոստիկանութիւնը: Մոնթազերիի համաձայն, այդ ոստիկանութիւնը «դատական համակարգին հետ կապ չունէր»: Իրանի մէջ բողոքի ցոյցերն ու անկարգութիւնները սկսած են...

Պաքուն Իրանի Քաղաքացիներու Արցախի  Հանրապետութիւն Այցելութեան Դէմ  Բողոքագիր Յղած Է Թեհրանին

Պաքուն Իրանի Քաղաքացիներու Արցախի Հանրապետութիւն Այցելութեան Դէմ Բողոքագիր Յղած Է Թեհրանին

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այհան Հաճիզատէի համաձայն, Պաքուն բողոքագիր յղած է Թեհրանին «Ղարաբաղի մէջ Իրանի քաղաքացիներու յայտնուելուն կապակցութեամբ»: «Ինչ կը վերաբերի մեր տարածք` ռուս խաղաղապահներու ժամանակաւոր տեղակայման գօտի, ապօրինի ճամբով Իրանէն հասած քաղաքացիներու մասին տեղեկութեան, Պաքուի մէջ Իրանի դեսպանատան փոխանցուած է համապատասխան բողոքագիր», 3 դեկտեմբերին «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան ըսած է Հաճիզատէ: Ան նշած է, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը...

Շուէտի Իշխանութիւնները  ՔԱԿ-ի Անդամ Մը Թուրքիոյ Արտայանձնած Են

Շուէտի Իշխանութիւնները ՔԱԿ-ի Անդամ Մը Թուրքիոյ Արտայանձնած Են

Շուէտի իշխանութիւնները Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դատապարտեալ անդամ Մահմուտ Աթաթը Թուրքիոյ արտայանձնած են: Անգարա Սթոքհոլմի վրայ ճնշում կը բանեցնէ` ՕԹԱՆ-ի իր անդամակցութեան դիմաց Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչական նկատուող խմբաւորումներու դէմ յաւելեալ քայլեր կատարելու: Թուրքիոյ մէջ ՔԱԿ-ին անդամակցելուն համար 6 տարի եւ 10 ամիս բանտարկութեան դատապարտուած եւ 2015-ին Շուէտ փախուստ տուած Մահմուտ Աթաթին Շուէտի մէջ քաղաքական ապաստան ստանալու դիմումը մերժուած էր: Ան...

Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամը  Եւրոպական Միութեան Կ՛առաջարկէ, Իբրեւ Ազրպէյճանը  Զսպող Առաջին Քայլ, Հրաժարիլ Կազային Գործարքէն

Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամը Եւրոպական Միութեան Կ՛առաջարկէ, Իբրեւ Ազրպէյճանը Զսպող Առաջին Քայլ, Հրաժարիլ Կազային Գործարքէն

Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Լարս Փաթրիք Պերկ համոզուած է, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները միջազգային արժեչափերը պիտի ընդունին միայն այն պարագային, եթէ անոնք ստիպեն ատիկա ընել. ան այս առումով առաջին քայլ կը նկատէ, Եւրոպական Միութեան Ազրպէյճանի հետ կազային գործարքէն հրաժարիլը: Երեսփոխանը նման համոզում յայտնած է «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին` անդրադառնալով ազրպէյճանական հերթական սադրանքին` Արցախը Հայաստանին կապող միակ մայրուղին փակելու միջադէպին: «Այս մնայուն սադրանքները...

Անծանօթներ Թեհրանի Մէջ Յարձակում  Գործած Են Իրանի Ճարտարարուեստի  Փոխնախարարին Վրայ

Անծանօթներ Թեհրանի Մէջ Յարձակում Գործած Են Իրանի Ճարտարարուեստի Փոխնախարարին Վրայ

Իրանի ճարտարարուեստի փոխնախարար Մոհամետ Մահտիպրատրան Թեհրանի մէջ իր տան մօտ սրածայր իրով մը յարձակումի ենթարկուած է: Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, ան գլուխին, դէմքին ու մարմինին վրայ վէրքեր ստացած է եւ սուր արիւնահոսութիւն ունենալով` փոխադրուած է հիւանդանոց: Ոստիկանութիւնը դէպքին շուրջ հետաքննութիւն կը կատարէ` բացայայտելու ու ձերբակալելու համար յարձակումին հեղինակները եւ զանոնք արդարադատութեան յանձնելու: Իրանեան իշխանութիւնները երկուշաբթի օր յայտարարած էին, որ...

Փութին-Շոլց Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն

Փութին-Շոլց Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց քննարկած են Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած կացութեան տարբեր երեւոյթներ: Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը: Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը կայացած է Պերլինի նախաձեռնութեամբ: Փութին Շոլցին կոչ ուղղած է վերատեսութեան ենթարկելու Ուքրանիոյ տագնապին վերաբերեալ Գերմանիոյ մօտեցումները: Փութին նաեւ ըսած է, որ Քիեւին ելեւմտական եւ քաղաքական աջակցութիւնը կը յանգեցնէ անոր, որ Ուքրանիան ամբողջութեամբ կը հրաժարի...

Շուէտի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Չէ Հաստատած, Որ Իր Երկիրը 2023-ին  ՕԹԱՆ-ին Պիտի Միանայ

Շուէտի Արտաքին Գործոց Նախարարը Չէ Հաստատած, Որ Իր Երկիրը 2023-ին ՕԹԱՆ-ին Պիտի Միանայ

Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Թոպիաս Պիլսթրիոմ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ հանդիպումէն ետք չէ կրցած հաստատել, որ իր երկիրը 2023 թուականին պիտի միանայ ՕԹԱՆ-ին, սակայն յայտարարած է յառաջընթացի գոյութեան մասին: «Չեմ ուզեր որոշակի ժամանակ նշել: Անմիջապէս որ (Շուէտի եւ Ֆինլանտայի կողմէ ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան համար Անգարայի բոլոր պահանջներուն մասին) եռակողմ յուշագիրի բոլոր պայմանները կատարուին, մենք պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս...

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով  Ափրիկեցի-Ամերիկացի Մը Ստանձնեց Քոնկրեսին Մէջ  Պլոքի Մը Ղեկավարութիւնը

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Ափրիկեցի-Ամերիկացի Մը Ստանձնեց Քոնկրեսին Մէջ Պլոքի Մը Ղեկավարութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ստորին պալատի` Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատական անդամները Հաքիմ Ճեֆրիզը ընտրեցին Ներկայացուցիչներու տան մէջ իրենց պլոքի ղեկավար` փոխարինելով Նենսի Փելոսին: Ան այսպիսով դարձաւ պատմութեան մէջ առաջին ափրիկեցի-ամերիկացին, որ Քոնկրեսին մէջ այսպիսի պաշտօն կը ստանայ: 52 տարեկան Ճեֆրիզ յայտնեց, որ «մեծապէս հպարտ է» գաղտնի քուէարկութեան հիմամբ այդ պաշտօնին նշանակուելուն համար: Ճեֆրիզի ընտրութիւնը ամերիկեան Քոնկրեսին մէջ մեծ շրջադարձ մըն է` նկատի...

«Ամերիկան Տակաւին Կապի Մէջ Է Ռուսիոյ Հետ» Կ՛ըսէ Պլինքըն

«Ամերիկան Տակաւին Կապի Մէջ Է Ռուսիոյ Հետ» Կ՛ըսէ Պլինքըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն «Ֆրանս 2» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ տակաւին կապի մէջ են Ռուսիոյ հետ» «Կարեւոր նիւթեր կան, որոնց մասին խօսելու կարիքը ունինք, օրինակի համար` Ռուսիոյ հետ հաղորդակցութիւնը կը շարունակենք, որովհետեւ այն մտավախութիւնը ունինք, որ հիւլէական զէնքեր օգտագործէ, ինչ որ աղէտի համազօր է», ըսաւ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

Պաշտպանական Համագործակցութեան Ընդլայնման ու Քիեւի Աջակցութեան Շարունակման Շուրջ Պայտըն-Մաքրոն Համաձայնութիւն

Պաշտպանական Համագործակցութեան Ընդլայնման ու Քիեւի Աջակցութեան Շարունակման Շուրջ Պայտըն-Մաքրոն Համաձայնութիւն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն Ուաշինկթընի մէջ իրենց հանդիպումի ընթացքին համաձայնեցան ընդլայնել պաշտպանական համագործակցութիւնը: Այս մասին հաղորդեց Սպիտակ տունը: Սպիտակ տան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ երկու նախագահները գովաբանած են Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի միջեւ պաշտպանական յարաբերութիւնները եւ ողջունած երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներուն 30 նոյեմբեր 2022-ին ստորագրած փոխադարձ հասկացողութեան փաստաթուղթը, որ կ՛արտօնէ ամրապնդել անջրպետի,...

Մոսկուա Ռուսիոյ Մէջ Ասատ-Էրտողան Հանդիպումի Կազմակերպման Վրայ Կ՛աշխատի

Մոսկուա Ռուսիոյ Մէջ Ասատ-Էրտողան Հանդիպումի Կազմակերպման Վրայ Կ՛աշխատի

Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւ յայտարարած է, որ Մոսկուան կ՛աշխատի Ռուսիոյ մէջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումի կազմակերպման վրայ: Այս մասին ան ըսած է «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: 20 նոյեմբերին Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր Սուրիոյ տարածքին մէջ «Սուրի Ճանկ» գործողութեան մեկնարկի մասին: Անգարան կը կարծէ, որ Սուրիոյ մէջ...

Օսթին Իր Թուրք Պաշտօնակիցին Փոխանցեց Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Ցամաքային Ներխուժման Բուռն Ընդդիմութիւնը

Օսթին Իր Թուրք Պաշտօնակիցին Փոխանցեց Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Ցամաքային Ներխուժման Բուռն Ընդդիմութիւնը

Փենթակոն հաղորդեց. «Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին իր թուրք պաշտօնակից Հուլուսի Աքարին ներկայացուց Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ հաւանական որեւէ ցամաքային ներխուժման մեր ուժեղ ընդդիմութիւնը»: Նախքան այդ, Աքար յայտնեց. «Ամերիկացիները մեզի կոչ ուղղեցին վերատեսութեան ենթարկելու հիւսիսային Սուրիոյ մէջ հաւանական զինուորական գործողութիւնը, ատոր դիմաց անոնց կոչ ուղղեցինք յարգելու իրենց խոստումները»: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնած էր. «Ուաշինկթըն Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական...

Չաւուշօղլու Եւ Պայրամով Քննարկած Են Շրջանային Օրակարգային Հարցեր

Չաւուշօղլու Եւ Պայրամով Քննարկած Են Շրջանային Օրակարգային Հարցեր

Լեհաստանի մէջ ԵԱՀԿ-ի նախարարներու խորհուրդի 29-րդ հաւաքի ծիրին մէջ 30 նոյեմբերին  տեղի ունեցած է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Մեւլութ Չաւուշօղլուի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանցի նախարարը «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, որ քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ միացեալ գործողութիւններու օրակարգով նախատեսուած հետագայ քայլերուն առնչուող հարցեր: «Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան միշտ միասին են, մէկ ազգ,...

Քիեւի Մէջ Ելեկտրականութեան Ընդհատման Դէմ Բողոքի Ցոյցե՞ր

Քիեւի Մէջ Ելեկտրականութեան Ընդհատման Դէմ Բողոքի Ցոյցե՞ր

«Սթրանա» օրաթերթի համաձայն, Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի Օթրատնիի շրջանին բնակիչները «իրենց բնակարաններուն մէջ ելեկտրականութեան սակաւութեան պատճառով» փակած են թրամուէյի գիծը: Ուքրանիոյ ուժանիւթի նախարարութիւնը 23 նոյեմբերին հաղորդած էր, որ ռուսական հարուածներուն պատճառով բոլոր հիւլէական կայանները, ելեկտրակայաններն ու ջրելեկտրակայանները դադրած են գործելէ: Յաջորդ օր հաղորդուեցաւ, որ կենսական նշանակութիւն ունեցող ենթակառոյցներու ելեկտրականութեան մատակարարումը վերականգուած է:

«Միացեալ Նահանգներուն Հետ Դիւանագիտական  Յարաբերութիւններու Խզումը Չենք Բացառեր»  Կ՛ըսէ Զախարովա

«Միացեալ Նահանգներու Իշխանութիւնները Մտադիր Չեն Ռուսիան Ներառել Ահաբեկչութիւնը Հովանաւորող Երկիրներու Ցուցակին Վրայ» Կ՛ըսէ Քարփենթըր

Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները մտադիր չեն Ռուսիան ներառել ահաբեկչութիւնը հովանաւորող երկիրներու իրենց ցուցակին վրայ` նկատի ունենալով, որ ատիկա շարք մը բացասական հետեւանքներու պիտի յանգեցնէ: Մասնաւորաբար, ինչպէս ԵԱՀԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Մայքըլ Քարփենթըր յայտնած է, նման քայլը կրնայ խանգարել հացահատիկի գործարքը: «Ի տարբերութիւն Եւրոպայի բազմաթիւ երկիրներու, մենք ունինք ահաբեկչութիւնը հովանաւորող պետութիւններու վերաբերեալ շատ որոշակի ներպետական օրէնքներ: «Մենք կը կարծենք, որ...

Մոսկուա Պիտի Չմասնակցի  Վենեզուելայի Շուրջ Միջազգային Ժողովին

Մոսկուա. «Ուքրանիոյ Մէջ Ռուսիոյ Դէմ Օգտագործուող Արբանեակները Կրնան Օրինական Թիրախներ Դառնալ»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ զէնքերու տարածման արգիլման ու սահմանափակման վարչութեան տնօրէն Վլատիմիր Եարմաքով յայտնեց, որ արեւմտեան երկիրներուն կողմէ ռուսական զինուորական գործողութեան ամբողջ տեւողութեան ընթացքին ուքրանական բանակին աջակցելու համար օգտագործուող կիսաքաղաքային արբանեակները կրնան Ռուսիոյ համար օրինական թիրախներ դառնալ: Ան «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Արեւմտեան երկիրները աշխուժ կերպով կ՛օգտագործեն անջրպետի մէջ քաղաքային ենթակառոյցներու կարելիութիւնները, ամէն բանէ առաջ ցած ոլորտի վրայ գտնուող...

«Եթէ ՕԹԱՆ-ը Ուքրանիոյ «Փաթրիոթ» Համակարգեր Մատակարարէ, Ան Անմիջապէս Ռուսիոյ Համար Օրինական Թիրախ Պիտի Դառնայ»  Կ՛ըսէ Մետվետեւ

«Եթէ ՕԹԱՆ-ը Ուքրանիոյ «Փաթրիոթ» Համակարգեր Մատակարարէ, Ան Անմիջապէս Ռուսիոյ Համար Օրինական Թիրախ Պիտի Դառնայ» Կ՛ըսէ Մետվետեւ

Եթէ ՕԹԱՆ-ը Ուքրանիոյ ՕԹԱՆ-եան սպասարկող անձնակազմով «Փաթրիոթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր մատակարարէ, դաշինքը անմիջապէս Ռուսիոյ զինեալ ուժերուն համար օրինական թիրախ պիտի դառնայ: Այս մասին «Թելեկրամ»-ի վրայ յայտարարած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ: Մետվետեւի համաձայն` իր ձեւաւորումէն ի վեր ՕԹԱՆ-ը բազմիցս ապացուցած է իր «զուտ փակ ընկերակցական բնոյթը»: Անոր համաձայն, դաշինքը գործած է միայն «քանի մը անկլօ-սաքսոնեան երկիրներու եւ անոնց...

Page 229 of 882 1 … 228 229 230 … 882

Արխիւներ