Իրանի ճարտարարուեստի փոխնախարար Մոհամետ Մահտիպրատրան Թեհրանի մէջ իր տան մօտ սրածայր իրով մը յարձակումի ենթարկուած է:
Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, ան գլուխին, դէմքին ու մարմինին վրայ վէրքեր ստացած է եւ սուր արիւնահոսութիւն ունենալով` փոխադրուած է հիւանդանոց:
Ոստիկանութիւնը դէպքին շուրջ հետաքննութիւն կը կատարէ` բացայայտելու ու ձերբակալելու համար յարձակումին հեղինակները եւ զանոնք արդարադատութեան յանձնելու:
Իրանեան իշխանութիւնները երկուշաբթի օր յայտարարած էին, որ Յեղափոխական պահակագունդին մէջ Ռիտա Տասթանի անունով պաշտօնեայ մը մահացած է, երբ Սպահանի մէջ անծանօթներ անոր վրայ կրակ բացած են:
Յիշեցնենք, որ Յեղափոխական պահակագունդէն գնդապետ մը Արեւմտեան Ազրպէյճան նահանգի Պուքան քաղաքին մէջ անծանօթներու կողմէ սպաննուած է:


