Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ստորին պալատի` Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատական անդամները Հաքիմ Ճեֆրիզը ընտրեցին Ներկայացուցիչներու տան մէջ իրենց պլոքի ղեկավար` փոխարինելով Նենսի Փելոսին:
Ան այսպիսով դարձաւ պատմութեան մէջ առաջին ափրիկեցի-ամերիկացին, որ Քոնկրեսին մէջ այսպիսի պաշտօն կը ստանայ:
52 տարեկան Ճեֆրիզ յայտնեց, որ «մեծապէս հպարտ է» գաղտնի քուէարկութեան հիմամբ այդ պաշտօնին նշանակուելուն համար:
Ճեֆրիզի ընտրութիւնը ամերիկեան Քոնկրեսին մէջ մեծ շրջադարձ մըն է` նկատի ունենալով, որ Նիւ Եորքէն քոնկրեսականը տարիքով Ներկայացուցիչներու տան նախկին նախագահ Նենսի Փելոսիէն 30 տարի փոքր է:
«Ղեկավարներու այս նոր սերունդը կ՛արտացոլէ մեր մեծ ազգին աշխուժութիւնն ու բազմազանութիւնը», ըսաւ Նենսի Փելոսի:


