Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց քննարկած են Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած կացութեան տարբեր երեւոյթներ: Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը: Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը կայացած է Պերլինի նախաձեռնութեամբ:
Փութին Շոլցին կոչ ուղղած է վերատեսութեան ենթարկելու Ուքրանիոյ տագնապին վերաբերեալ Գերմանիոյ մօտեցումները: Փութին նաեւ ըսած է, որ Քիեւին ելեւմտական եւ քաղաքական աջակցութիւնը կը յանգեցնէ անոր, որ Ուքրանիան ամբողջութեամբ կը հրաժարի բանակցութիւններու գաղափարէն:
«Ուշադրութեան հրաւիրուած է արեւմտեան պետութիւններու կողմէ, ներառեալ Գերմանիան, Քիեւի վարչակարգին զէնք մատակարարելու, ուքրանացի զինուորները մարզելու կործանարար գիծին վրայ», կ՛ըսուի Քրեմլինի հաղորդագրութեան մէջ:
Բացի ատկէ, Փութինը յայտարարած է, որ հրթիռային հարուածները հարկադիր արձագանգ եղած են Խրիմի կամուրջին վրայ կատարուած ահաբեկչութեան եւ այլ սադրանքներուն:
Ռուսիոյ նախագահը յայտնած է, որ «Նորտ Սթրիմ» խողովակաշարին դէմ կատարուած խափանարարութիւնը պէտք է ենթարկուի հետաքննութեան, որուն մասնակից պէտք է ըլլան ռուսական առնչակից կառոյցներ:
«Նորտ Սթրիմ» եւ «Նորտ Սթրիմ 2» կազի խողովակաշարերուն դէմ ահաբեկչական արարքի պայմանները կը պահանջեն թափանցիկ հետաքննութիւն` մասնակցութեամբ ռուսական առնչակից մարմիններու», ըսած է Փութին:
Գերմանիոյ կառավարութեան բանբերը իր կարգին հաղորդեց, որ Շոլց Փութինի հետ զրոյցի ընթացքին դատապարտած է Ռուսիոյ կողմէ ուքրանական քաղաքային կառոյցներու ռմբակոծումը, եւ Փութինին կոչ ուղղած` Ուքրանիոյ հետ տագնապը դիւանագիտութեան ճամբով լուծելու եւ ռուսական ուժերը հեռացնելու Ուքրանիայէն:
Անոնք նաեւ քննարկած են Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի պատճառով հացահատիկի սակաւութեան տագնապը:


